Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. «Մարդկութեան Դէմ Ոճիրը»` Ցոյց-Հակացոյց Ճամբարներուն Մէջ

June 17, 2013
| Անդրադարձ, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կեզի  այգիի շարժումը դէպի նոր հունաւորում կ՛առաջնորդէ թուրք հասարակութիւնը: Ոչ անպայման իշխանութիւններուն կողմէ պայմանաժամային ոճի որդեգրումով կամ ընդդիմութեան կիսաընդառաջումներով եւ շարժման վերածաւալման միտումներով: Նոր հունաւորումը աւելի կը վերաբերի ցոյց-հակացոյց երեւոյթին:

Եթէ մինչ այժմ քաղաքացիական շարժում-իրաւապահ մարմիններ հակադրութեան ձեւաչափը իրողապէս կ՛աշխատէր, շաբաթ օրուընէ սկսեալ ոչ միայն Պոլսոյ մէջ, այլ նաեւ Անգարայի մէջ հակադրութիւնը արձանագրեց նոր տարողութիւն` իշխանամէտ-ընդդիմադիր զանգուածներ իրար դէմ փողոց դուրս գալու առումով:

Ցոյց-հակացոյցը արդէն տարբեր երկիրներու մէջ նախադէպեր գրանցած երեւոյթ է: Հակացոյցը անպայման տարերայնականութեամբ չի բացատրուիր անշուշտ: Իշխանութեան պատուիրատուի հանգամանքը, յատկապէս նման երկիրներու պարագային, ինքզինք տեսանելի կը դարձնէ դիպաշարի հետեւողներուն եւ զանոնք վերլուծողներուն մօտ:

Հակացոյցը կը միտի նախ ներքին սպառումի համար տպաւորել քանի մը խաւ: Նախ չկողմնորոշուած զանգուածը, ցոյցերուն բազմապատիկ անգամ մարդաշատ հաւաքներով շուքի մէջ ձգելու բողոքողներն ու պահանջները եւ մտածել տալու շարժումին ձախողութեան մասին: Երկրորդ, դարձեալ ներքին սպառումի համար հոգեբանական ճնշում գործադրելու  իշխանութեան դէմ հրապարակ իջած քաղաքացիներուն վրայ: Իսկ արտաքին իմաստով, բնականաբար ներքին ալեկոծումները հրահրողներուն վերահաշուարկներ պարտադրելու եւ ընդհանրապէս հանրային կարծիքը կողմնորոշելու նպատակով:

Հակացոյցը սակայն, շարժումին ահագնացումէն մտահոգ իշխանութիւններն են, որոնք կը ձեռնարկեն: Հակացոյցը իշխանութիւններուն կողմէ գործադրելի առաջին միջոցներէն չէ: Բայց երբ իրաւապահ մարմիններու ի գործ դրած ճնշումները, բռնութիւնները, եւ նոյնիսկ բազմաթիւ վկայութիւններով արդէն հրապարակուած ցուցարարներուն մօտ մորթային այրուածքներ յառաջացուցած քիմիական նիւթերու օգտագործումը, եւ այլ ուղղութեամբ իշխանութիւններուն հետ բանակցութիւններն ու պայմանաժամերը ակնկալուած արդիւնքին չեն յանգիր, կը բանի հակացոյցեր կազմակերպելու մեքենականութիւնը:

Հակացոյցը ուրեմն, որոշ հանգրուանի մը համար ոչ ցանկալի, այսուհանդերձ պարտադիր միջոց է, որ սեփական ժողովուրդը ճամբարներու բաժանման  կ՛առաջնորդէ, կը բեւեռայնացնէ:

Վարչապետ Էրտողանի պայմանաժամային վճռականութիւնը կը նախանշէ, որ իրաւապահ մարմիններուն հրահանգ տրուած է դիմել խստագոյն միջոցներու: Այլապէս, վարչապետութենէ դէպի նախագահութիւն ընթացող Էրտողանի հեղինակութիւնը, որ  արդէն իսկ նժարի վրայ դրուած է, խիստ հարուած կը ստանայ: Հարուածը սակայն եթէ մէկ կողմէ պայմանաժամի անհետեւանքայնութեամբ օդին մէջ կրակած ըլլալու հեղինակազրկումի համազօր է, միւս կողմէ սպանութիւն, վիրաւորներ եւ քաղաքական բանտարկեալներ երեւոյթը կրնայ նոյնքան եթէ ոչ աւելի հարուած հասցնել անոր ժողովրդականութեան եւ միջազգային հեղինակութեան:

Վերադառնանք իշխանութիւն-ընդդիմութիւն կամ ցոյց-հակացոյց ձեւաչափին, անոր բերած հռետորականութեան աննախադէպ խստացումին: Այնքան մը, որ վարչապետ Էրտողան ցուցարարները կ՛որակէր արտաքին դաւադրութեան ճարտարապետներու գործակալներ, մինչ ընդդիմադիր գլխաւոր կուսակցութեան` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըճտարօղլու վարչապետ Էրտողանը ամբաստանելէ ետք իբրեւ Թուրքիան սպաննող, կատարուածը կը համարէր ոճիր` մարդկութեան դէմ:

Ուրեմն արտաքին ուժերու գործակալները ընդդէմ մարդկութեան դէմ ոճիր գործողներուն: Ահաւասիկ ցոյց-հակացոյցի ճամբարային բնակիչներուն բնութագրումները: Մարդկութեան դէմ ոճիրի ամբաստանութիւնը կրնար լուսարձակի տակ չգալ, եթէ զայն յայտարարողը ընդդիմադիր գլխաւոր կուսակցութեան առաջնորդը չըլլար:

Դիպաշարին հետեւող ոեւէ տրամաբանող մինչ այժմ չորս զոհ խլած բռնամիջոցները մարդկութեան դէմ ոճիր դասակարգելու տեսակէտին դժուար կը համաձայնի: Կը յիշէ սակայն անպայման, որ թրքական իրերայաջորդ իշխանութիւնները մարդկութեան դէմ բազմաթիւ ոճիրներ գործած են: Ոճիրներ, որոնց պատասխանատուութիւնը վերցնելու կոչեր չեն հնչեր թրքական երկու ճամբարներուն մէջ ալ:

«Ա.»

Նախորդը

Արցախ. Վիճակախաղի Օգնութեամբ Աջակցութիւն` Վերաբնակեցման Ծրագիրներուն

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.