Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿՌՓԱՄԱՐՏ. ԿԱՐՕ ՄՈՒՐԱՏԻ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍԸ

May 25, 2011
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կարօ Մուրատ

Շուրջ շաբաթէ մը ի վեր Հայաստան գտնուող IBF Ինթըր-Քոնթինենթալի ախոյեան եւ արհեստավարժ կռփամարտիկ Կարօ Մուրատ, նախքան իր մեկնիլը տուաւ մամլոյ ասուլիս մը` խօսելով իր տպաւորութիւններուն եւ յառաջիկայի իր ծրագիրներուն մասին:

«Հոգեպէս շատ բաւարարուած զգացի Հայաստան կեցութեամբս, հոգ չէ թէ ֆիզիքապէս այդքան ալ հանգիստի ժամանակ չունեցայ: Սակայն յոյսով եմ, որ ամրան ընթացքին դարձեալ այցելեմ Հայաստան` այս անգամ սակայն հանգստանալու  համար: Դժբախտաբար, Հայաստանէն արհեստավարժ կռփամարտիկներ Գերմանիա չեն մեկնիր, որպէսզի լաւ մարզումներու հետեւին եւ ապագային աստղեր դառնան», ըսաւ Մուրատ:

Անդրադառնալով իր արձանագրած վերջին յաղթանակին` ան ըսաւ. «Հետեւելով Վիք Դարչինեանի օրինակին, որ իր վերջին յաղթանակը արձանագրեց Ապրիլ 24-ին, իմ կարգիս ես ալ Օթիս Կրիֆինի դէմ արձանագրած յաղթանակս կը նուիրեմ Շուշիի ազատագրման 19-ամեակին: Կը կարծեմ, որ յաջորդ մրցումս պիտի կատարեմ յառաջիկայ օգոստոսին, սակայն այդ ուղղութեամբ ցարդ ոչինչ յստակ է: Յաղթականը սակայն պիտի պայքարի աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին համար:

Մամլոյ ասուլիսին վերջին բաժինին մէջ ան ըսաւ. «Ապագային ծրագիր ունիմ հիմնելու «Մուրատ եղբայրներ», մարզադպրոցը, սակայն ներկայ հանգրուանին այդ գծով չեմ մտածեր: Այժմ պէտք է աշխարհի ախոյեան հանդիսանամ եւ պահեմ այդ տիտղոսը` նկատի ունենալով, որ տիտղոսին տիրանալէ աւելի զայն պահելը շատ աւելի դժուար է: Ինչպէս գիտէք, ես եւ Սիւզի Քենթիքեան բաւական լաւ ընկերներ ենք: Հակառակ ատոր սակայն, իմ անձնական կարծիքս այն է, որ իգական սեռը չզբաղի կռփամարտով, որովհետեւ հաճելի տեսարան չէ աղջիկներուն դէմքերը տեսնել ուռած կամ կապոյտցած»:

Նախորդը

ՄԱՅԻՍԵԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ 11-ԱՄԵԱԿ (ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԶԱՏԱԳՐՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Յաջորդը

ՀԵԾԵԼԱՐՇԱՒ. 26-27 ՄԱՅԻՍԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆ ՊԻՏԻ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ

RelatedPosts

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն.  Խալիլ Այցելեց Հայկական Համայնքական,  Կրթական Եւ Մարզամշակութային Կեդրոններ`  Կապերը Աւելի Եւս Ամրացնելու Համար
Մարզական

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. Խալիլ Այցելեց Հայկական Համայնքական, Կրթական Եւ Մարզամշակութային Կեդրոններ` Կապերը Աւելի Եւս Ամրացնելու Համար

November 21, 2026
Բռնցքամարտ.  Յակոբեան Եւ Յովհաննիսեան`  Յաղթական
Մարզական

Բռնցքամարտ. Յակոբեան Եւ Յովհաննիսեան` Յաղթական

November 21, 2026
Ճիւտօ.  Շաւարշ Նահապետեան Աւարտեց  Իր Ելոյթները Աշխարհի Ախոյեանութեան
Մարզական

Ճիւտօ. Շաւարշ Նահապետեան Աւարտեց Իր Ելոյթները Աշխարհի Ախոյեանութեան

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.