Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ իրենք յանձնառու են Լիբանանի Ազգային ուխտին, ինչպէս նաեւ չեն փափաքիր փոփոխութեան ենթարկել երկրին սահմանադրական հիմքը:
Խալիլ շեշտեց, որ իրենք կը յարգեն երկրին սահմանադրութեան բոլոր տրամադրութիւնները: