Խմբագրական
Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչը
(Պատգամաւորական Ժողովին Առթիւ)
Այսօր` շաբաթ, 15 յունիս, կը բացուի Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Պատգամաւորական ժողովը, որ ամէն տարի աւանդականօրէն կը գումարուի այս օրերուն` լսելու համար բոլոր մասնաճիւղերուն, մասնաւորաբար` Շրջանային վարչութեան տեղեկագիր կանացի այս մեծ կազմակերպութեան բազմաճիւղ գործունէութեան մասին:
Լիբանանահայ օգնութեան խաչը, իբրեւ մէկ թեւը Հայ օգնութեան միութեան, որուն կեդրոնը կը գտնուի Միացեալ Նահանգներ, մեր կեանքին մէջ գործող այն կենսունակ կազմակերպութիւններէն մէկն է, որ իր երկարամեայ գոյութեան ընթացքին, գեղեցիկ իրագործումներու եւ գնահատելի նուաճումներու ակնբախ վկայութեամբ, դարձած է մեր հանրային կեանքի կարեւորագոյն լծակներէն մէկը, որուն գործունէութեան սահմանները հետզհետէ կ՛ընդարձակուին ընդգրկելու համար հասարակական գրեթէ բոլոր մարզերը:
Չկայ հայ մը մեր գաղութին մէջ, որ հեռուէն կամ մօտէն ծանօթ եղած չըլլայ այս մեծ կազմակերպութեան կատարած նախախնամական գործին: Չկայ հայ մը, որ այդ գործին մէջէն գնահատած չըլլայ հայ կիներու եւ աղջիկներու այս հաւաքականութիւնը, որ իբրեւ կազմակերպուած մեքենայ, իր վարչութիւններով եւ յանձնախումբերով, տարուէ տարի կ՛ուռճանայ, կը զարգանայ` հասնելու համար մեր ժողովուրդի ծով կարիքներուն:
Իգական սեռի այս եզակի կազմակերպութիւնը կը շարունակէ եզակի մնալ ոչ միայն իր անդամներու թիւով, որ Լիբանանի մէջ կը մօտենայ 2500-ի, այլ մանաւանդ` իր տարած նիւթական եւ բարոյական օրինակելի աշխատանքով:
Եթէ կարելի է յստակ թիւերով չափել այս մեծ միութեան նիւթական գործունէութիւնը` տալու համար յստակ պատկեր մը, ո՞վ սակայն պիտի կրնայ չափել բարոյական գումարը այն եռանդին ու խանդավառութեան, որ կը դնէ իւրաքանչիւր խաչուհի իր պատկանած կազմակերպութեան բազմաճիւղ գործունէութեան զանազան մարզերուն մէջ` ի խնդիր հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ երջանկութեան:,
Նիւթական բոլոր ըմբռնումներէն վեր կը մնայ այն զոհողութիւնը, որուն ականատես վկաները կը հանդիսանանք, ամէն անգամ որ Օգնութեան խաչը կը տեսնենք աշխատանքի վրայ, կեանքի եռուզեռին մէջ, բոլոր պարագաներու տակ, բոլոր մարզերու մէջ:
Լիբանանահայ օգնութեան խաչի գործունէութեան գլխաւոր առանցքը կը կազմէ հայ դպրոցը: Անոր պիւտճէին մեծագոյն մասը կը յատկացուի չքաւոր աշակերտներու կրթաթոշակներուն, որոնց շնորհիւ` փողոց մնալու եւ կորսուելու դատապարտուած հարիւրաւոր երեխաներ ու պատանիներ ուսման կարելիութիւն կ՛ունենան հայկական վարժարաններու մէջ:
Կրթական գործին սերտօրէն կապուած երկու այլ ձեռնարկներ պատիւ կը բերեն կանացի այս մեծ կազմակերպութեան` «Պնակ մը կերակուր»-ի ձեռնարկը եւ «Կազդուրման կայան»-ը, երկուքն ալ ծանօթ մեծ գաղութին, երկուքն ալ կարելի կը դառնան շնորհիւ հայ ժողովուրդի նուիրաբերութեան ոգիին, ու մանաւանդ` խաչուհիներու անսահման զոհողութեան եւ տքնաջան աշխատանքին:
Ա՛լ չենք խօսիր խնամատարական այն աշխատանքներուն մասին, որոնք մեծ կարեւորութեամբ կը տարուին Օգնութեան խաչին կողմէ, որ նոյն ատեն չի մոռնար նաեւ իր անդամներու հանրային դաստիարակութեան կարեւոր գործը` սկսած ծաղկատի աղջիկներէն, որոնք արծուիկներու փաղանգը կը կազմեն, մինչեւ հասուն տարիքի հասած կիներ ու մայրեր, որոնք մեծ բան կը պարտին Օգնութեան խաչի դասախօսութիւններուն, ընդհանուր զարգացման տեսակէտէն:
Մէկ խօսքով, Օգնութեան խաչը հայ կիներու հաւաքականութիւնը վերածած է կազմակերպուած ուժի մը, որ այրերու կողքին, իբրեւ լծակից ու գործակից, կոչուած է կարեւոր բաժին մը ստանձնելու հայապահպանման պայքարին մէջ:
Վստահ ենք, որ վերելքն ու նուաճումը դադար պիտի չունենան այս սիրելի կազմակերպութեան համար, որուն աշխատանքներն ու ձեռնարկները որքան բազմանան, նոյն համեմատութեամբ ալ պիտի աճի ու մեծնայ հասարակութեան զոհաբերութեան ոգին եւ համակրանքի չափը հայուհիներու այս ազգանուէր գործունէութեան հանդէպ:
Այս վստահութեամբ ալ կ՛ողջունենք Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Պատգամաւորական ժողովը եւ կը մաղթենք արդիւնաւոր աշխատանք ու յաջողութիւն:
Տաճատ Արք. Ուրֆալեան
Լիբանանահայոց Առաջնորդ Ընտրուեցաւ
Խորէն Թահան Ազգային Բարերար Հռչակուեցաւ
Լիբանանահայ Թեմը 20 Հազար Լիբանանեան Ոսկի
Աթոռատուրք Պիտի Վճարէ Կաթողիկոսարանին
Երէկ` ուրբաթ, 14 յունիս 1963, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ, նախագահութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի, Ազգային գաւառական ժողովը գումարուելով, գաղտնի քուէարկութեամբ եւ միաձայնութեամբ Ճեզիրէի հայոց առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեանը ընտրեց լիբանանահայոց առաջնորդ:
Ժողովը միաձայնութեամբ ազգային բարերար հռչակեց Խորէն Թահանը, որուն սրտաբուխ նուիրատուութեամբ պիտի կառուցուի Ազգային առաջնորդարանը: Այսօր` շաբաթ կէսօրէ ետք տեղի պիտի ունենայ առաջնորդարանի նոր շէնքին հիմնարկէքը:
Ժողովը միաձայն քուէարկութեամբ յանձնառու եղաւ նաեւ վճարելու Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգ. երեսփոխանական ընդհանուր ժողովի` լիբանանահայոց թեմի համար նշանակած 20.000 լ. ոսկի աթոռատուրքը:
