Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եթէ Մէկուն Կը Դիտես Իբրեւ Քաղաքացի, Իսկ Միւսին` Քեզի Ընկեր, Ատիկա Արդէն Պետութիւն Չէ» Կ՛ըսէ Վահան Յովհաննիսեան

June 11, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վահան Յովհաննիսեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան Գորիսի միջադէպին վերաբերեալ «Երկիր»-ին տուաւ իր գնահատականը: «Գորիսի միջադէպը արդիւնքն է այն փաստին, որ մեր իշխանութիւնները բոլոր իրենց միջոցները մէկ տարիէ ի վեր ծառայեցուցած էին խորհրդարանական, նախագահական, Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն յաղթանակ տանելու համար, եւ բնականաբար, անոնք այդ ընթացքին չէին զբաղեր իրենց սեփական ընդերքին մէջ կատարուող հոլովոյթներով եւ չէին տեսներ, թէ այդ յաղթանակը ի՛նչ լկտիութեան նոր ալիքով յղի է, հիմա անոր արդիւնքը կ՛երեւի: Հիմա անոնք բաւական ծանր վիճակի մէջ կը գտնուին, որովհետեւ կը հասկնան, որ փաստօրէն իրենք իրենց վրայ վերցուցած են թէ՛ իշխանութեան, թէ՛ ընդդիմութեան դերը: Իշխանութիւնը այսօր թէ կ՛իշխէ, թէ՛ պարտաւորուած է ինքզինք քննադատելու մասը ապահովել, որովհետեւ ուրիշներու քննադատութիւնը չի սիրեր եւ չ՛ուզեր լսել», յայտարարեց Վահան Յովհաննիսեան:

Դաշնակցական պատգամաւորը ընդգծեց, որ «Սուրէն Խաչատրեաններ» իբրեւ երեւոյթ կան բոլոր հասարակութիւններուն մէջ, նոյնիսկ ոճրային տարրերէ համեմատաբար զուրկ Նորվեկիաներուն եւ Զուիցերիաներուն մէջ: Ըստ Վահան Յովհաննիսեանի, անոնք այդ երկիրներուն մէջ մարզպետ չեն դառնար, տասնամեակներ շարունակ իշխանութեան զինանոցի կարեւորագոյն դերակատար չեն դառնար, իշխանութիւնը կրնայ մարդոց այս տեսակը զտել, մէկ կողմ պահել որոշում տալու օղակներէն: ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորը  նոյն լծակներու օգտագործում կը նկատէ Սուրէն Խաչատրեանի պաշտօնին համար անոր տեղակալի նշանակումը:

«Սուրէն Խաչատրեանի ծանր ստուերը տակաւին կը մնայ Սիւնիքի մարզպետարանին վրայ», ընդգծեց Վահան Յովհաննիսեան` շեշտելով, որ իշխանութիւնները Սիւնիքի նախկին մարզպետը քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու կամք պիտի չունենան:

Յովհաննիսեան ընդգծեց, որ եթէ քաղաքացի ես, պարտաւոր ես ապրիլ օրէնքներով` ոչ թէ գողական, այլ` պետական: «Գողական օրէնքներով կը սկսին ապրիլ, կամ ենթարկուիլ այդ համակարգին այն ժամանակ, երբ կը դադրին իրենք զիրենք քաղաքացի զգալ: Իսկ կը դադրին իրենք զիրենք քաղաքացի զգալ, որովհետեւ պետական համակարգի պաշտպանութիւնը չեն զգար, իրենք զիրենք չեն զգար համակարգի մաս մը, որուն մէջ հաւասար իրաւունքներու տէր են եւ կը փորձեն ստեղծել սեփական իրաւունքի դաշտ: Ատիկա անթոյլատրելի է, բայց որպէսզի անոր դէմը դրուի, դուն չես կրնար մէկուն պարտադրել գիտակից քաղաքացի ըլլալ, իսկ միւսին ձգել, որ ընէ ինչ որ կ՛ուզէ: Եթէ դուն կը պահանջես, որ մարդիկ գիտակից քաղաքացի ըլլան, պէտք է Բուդաղեաններէն պահանջես, բայց պէտք է նաեւ Խաչատրեան Սուրիկէն ալ պահանջես, որ քաղաքացի ըլլայ ու պատասխան տայ իր գործողութիւններուն համար: Եթէ դուն մէկուն կը դիտես իբրեւ քաղաքացի, իսկ միւսին իբրեւ քեզի ընկեր, ատիկա արդէն պետութիւն չէ», նշեց Յովհաննիսեան:

 

Նախորդը

«Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Պիտի Քննարկեն Նախագահներու Հանդիպման Հարցը» Կ՛ըսէ Մամետեարով

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Ֆրանչիսկոս Պապը Հրաւիրած Է Հայաստան

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.