Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՍԱԼԵՀ ԻՐ ՍՏԱՆՁՆԱԾ ՅԱՋՈՐԴԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆՑ ԿՌՆԱԿ ԿԸ ԴԱՐՁՆԷ» Կ՛ԸՍԷ ՔԼԻՆԹԸՆ

May 24, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հիլըրի Քլինթըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յուսախաբութիւն յայտնեց Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի` Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի նախաձեռնութիւնը ստորագրել մերժելուն առնչութեամբ: Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ  խոր յուսախաբութիւն կը զգան Սալեհի վարուելակերպին շարունակուելուն համար` նշելով, որ Սալեհ այդ ձեւով «իր յանձնառութեանց կռնակ կը դարձնէ եւ կ՛անտեսէ Եմէնի ժողովուրդին օրինական ձգտումները»:

Քլինթըն Սալեհին կոչ ուղղեց` «իշխանութիւնը խաղաղ ու կանոնաւոր կերպով փոխանցելու եւ Եմէնի ժողովուրդին օրինական կամքը կատարելու առումով իր ստանձնած յաջորդական յանձնառութիւնները յարգելու»: Ան իր զայրոյթը արտայայտեց, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանատան մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու դեսպանները պաշարած Սալեհի համակիր խմբաւորումներուն դէմ: Ան դատապարտեց այդ արարքը եւ Սալեհէն պահանջեց յարգել Եմէնի մէջ գործող բոլոր դիւանագէտներուն ապահովութիւնը երաշխաւորելու իր յանձնառութիւնը:

Ֆրանսա իր կարգին դատապարտեց Սալեհի «անպատասխանատու» վարուելակերպը: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը Սալեհը պատասխանատու նկատեց Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի նախաձեռնութեան ձախողութեան համար, եւ Սալեհի կողմէ այս վարուելակերպին շարունակման պարագային Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն կողմէ միջոցառումներու որդեգրման կարելիութեան ակնարկեց:

Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրները կիրակի ուշ գիշերին Ռիատի մէջ իրենց արտակարգ նիստի աւարտին յայտարարեցին, որ որոշած են Եմէնի տագնապին լուծման համար իրենց նախաձեռնութեան ուղղութեամբ «աշխատանքը առկախել»: Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ կիրակի օր մերժած էր նախաձեռնութիւնը ստորագրել:

Ռիատի մէջ տեղի ունեցած նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ «ատոր համար յարմար պայմաններու չգոյութեան պատճառով խորհուրդը որոշեց առկախել նախաձեռնութեան ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքը»:

Ծոցի շրջանէն բարձրաստիճան աղբիւրներ քուէյթեան «Քապաս» օրաթերթին յայտնեցին, որ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի նախաձեռնութեան ականահարումը Եմէնը կրնայ դէպի արիւնահեղութիւն առաջնորդել: Եմէնի նախագահը կիրակի ուշ գիշերին  ընդդիմութեան ներկայացուցիչները զգուշացուց նախագահական պալատ գալով համաձայնութիւնը անգամ մը եւս չստորագրելու պարագային քաղաքացիական պատերազմէ մը: «Եթէ մտիկ չընեն, կը նշանակէ, որ կ՛ուզեն երկիրը դէպի քաղաքացիական պատերազմ ուղղել», ըսաւ Սալեհ: Նշենք, որ Սալեհ երէկ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն պաշտօնապէս ներում հայցեց` Սանաայի մէջ անոնց դեսպանատան պաշարման համար:

Միւս կողմէ, երէկ մայրաքաղաք Սանաայի մէջ ընդդիմադիր ղեկավար, Հաշետ ցեղախումբի ցեղապետ եւ երկրին ամէնէն ազդեցիկ ցեղապետը նկատուող շէյխ Ապտալլա Ահմարի հետեւորդներուն եւ եմէնեան ոստիկանութեան միջեւ բուռն բախումներ տեղի ունեցան: Շէյխ Ահմարի հետեւորդները գրաւեցին Եմէնի պարենաւորման նախարարութիւնը: Բախումներուն պատճառով բազմաթիւ լրագրողներ բանտարկուած մնացին Եմէնի պետական լրատու գործակալութեան շէնքին մէջ, ուր արձանագրուեցան վիրաւորներ: Հաշետ ցեղախումբի զինեալները Սանաա ուղղուեցան` օժանդակելու համար ցեղախումբի տեղւոյն ուժերուն:

 

Նախորդը

ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ 3-ՐԴ ՕՐՆ ԸԼԼԱԼՈՎ ՑՈՅՑ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ

Յաջորդը

«ՈՒԻՔԻԼԻՔՍ» ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆԸ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐՈՂ ԵՐԿԻՐՆԵՐԸ ԲԱՑԱՅԱՅՏԱԾ Է

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.