
Շրջանային եւ լիբանանեան իրադարձութիւնները առանցքը կազմեցին երէկ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հանդիպումներուն:
Արդարեւ, նախագահ Սլէյման երէկ ընդունեց Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննեց լիբանանեան եւ շրջանային վերջին իրադարձութիւնները: Պաապտայի պալատ այցելեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր՛ Ժան Քահուաժի:
Նախքան այդ նախագահ Սլէյման ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննեց Լիբանան եւ սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման երէկ ստանձնեց Իրաքի եւ Պոսնիա – Հերձեկովինայի նոր նշանակուած դեսպաններուն հաւատարմագիրները:


Աւելի ուշ նախագահ Սլէյման ընդունեց ամերիկեան բարեգործական միութեան մը պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Ժերալտին Քիքանոյի, որուն հետ քննեց սուրիացի գաղթականներուն տրամադրուելիք օժանդակութիւններուն հարցը:


