Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (4 Յունիս 1963)

June 4, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հոգեվարքէ Մը Ետք, Որ Տեւեց 79 Ժամ
Յովհաննէս
ԻԳ. Պապը Հոգին Աւանդեց Երէկ

Սրբազան Հայրը Վերջին Շունչը Փչեց Այն Պահուն,
Երբ
Ս. Պետրոս Հրապարակին Վրայ
Հաւաքուած
300.000 Անձեր Կ՛աղօթէին Իրեն Համար

 3 Օր Պաշտօնական Սուգ Լիբանանի Մէջ

ՎԱՏԻԿԱՆ.- Յովհաննէս ԻԳ. պապը «Բարի Յովհաննէս», որուն կ՛ըսեն այսօր համայն աշխարհի մէջ, վախճանեցաւ: Հոգին աւանդեց երկուշաբթի իրիկուն ժամը 8:49-ին, ցաւատանջ հոգեվարքէ մը ետք, որ տեւեց երեք օր: Արդարեւ, 79 ժամեր անցան այն պահէն, երբ ուրբաթ օր ծանուցուեցաւ, թէ վիճակը յանկարծ ծանրացած է եւ այն վայրկեանի միջեւ, երբ մահը հաղորդուեցաւ աշխարհին:

Սրբազան հայրը շիջեցաւ մեղմօրէն տասը վայրկեան ետք այն պատարագէն, որ մատուցուեցաւ բացօթեայ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Հռոմի նահանգային` կարտինալ Լուիճի Թրակլիայի կողմէ: Այդ պահուն Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ հաւաքուած 300.000 բազմութենէն աղօթքներ կը բարձրանային դէպի երկինք:

Հոգին աւանդած պահուն Յովհաննէս ԻԳ.ի շուրջ հաւաքուած էին պետական քարտուղար կարտինալ Ամլեթօ Ճիովաննի Չիկոնիանի, իր խոստովանահայրը` Ալֆրետօ Քաւանիա, քարտուղարը` Լորիս Քափիվիլլա, օգնականը` Ալճելլօ Տէլ՛Աքուա, եղբայրները` Սաւերիօ, Լուիճի եւ Ալֆրետօ, քոյրը` Ասունթա, երկու կրօնաւոր զարմուհիները եւ զարմիկը` Ճիովաննի Պաթիսթա Ռոնքալլի:

Ինչպէ՞ս Ծանուցուեցաւ Մահը

ՎԱՏԻԿԱՆ.- Սրբազան պապին մահուան լուրը մամուլին ծանուցուեցաւ հետեւեալ ձեւով.

«Օսերվաթորէ Ռոմանօ»-ի խմբագիրներէն հայր Քարլօ Քասփարրի մտաւ մամլոյ սրահ: Անմիջապէս, ըստ աւանդութեան, լռութիւն տիրեց: Հայր Քասփարրի լայնօրէն բացաւ թեւերը, շատ յստակ ժեսթով մը: Բայց քանի մը երկվայրկեաններ անցան, մինչեւ որ ըսէ` «Էս օրթօ» (մեռաւ): Բոլոր լրագրողները պահ մը ապշանքի մատնուեցան:

Երեք Օր Սուգ` Լիբանանի Մէջ

Այն պահուն, երբ Պէյրութի մէջ իմացուեցաւ պապին մահը, եկեղեցիներու զանգերը մահազանգ հնչեցուցին, մինչ ձայնասփիւռն ու հեռատեսիլը կը կեցնէին երաժշտական իրենց բոլոր յայտագիրները:

Լիբանան երեք օր պաշտօնապէս սուգ պիտի պահէ ի յիշատակ Յովհաննէս ԻԳ.ի, որ 1954-ին, երբ տակաւին կարտինալ էր, եկած էր Լիբանան` նախագահելու համար Մարիամական տարուան արարողութիւններուն:

Մարոնի պատրիարք Մէուշի երէկ գիշեր հրատարակեց կոնդակ մը` պատուիրելով, որ բոլոր եկեղեցիներու զանգերը հնչեցնեն այսօր` երեքշաբթի ժամը 12:00-էն 12:30-ի միջեւ:

Ցաւակցական Հեռագրեր

Անմիջապէս որ ծանուցուեցաւ պապին մահուան լուրը, ցաւակցական հեռագրեր սկսան հասնիլ Վատիկան: Առաջին ղրկողներուն մէջն էին` Մ. Նահանգներու նախագահ Քենետի, Անգլիոյ Էլիզապէթ թագուհին, խորհրդային վարչապետ Խրուշչեւ, զօր. Տը Կոլ եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ու Թան:

Վերջին Խօսքերը

ՎԱՏԻԿԱՆ.- Պապը իր վերջին խօսքերը արտասանեց կիրակի, պայծառամտութեան պահու մը, մահուան անկողինի մէջ. «Տիրոջ հետ գիշերային իմ խօսակցութիւններուս մէջ միշտ առջեւս ունեցայ խաչուած Յիսուսը, թեւերը լայն բացած` ընդունելու համար բոլորը, որովհետեւ կաթողիկէ եւ հռովմէադաւան եկեղեցւոյ պարտականութիւնն է գործել այնպէս մը, որ իրագործուի աստուածային Տիրոջ աղօթքը` «Ութ ունում սենթ»:

 

Հայ Կեանքը Այնճարի Մէջ

(Սեփ. Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի)

Շնորհաւորական այցելութիւն վեհափառին.- Հինգշաբթի, մայիս 23-ին, Համբարձման տօնին առիթով, չորս տասնեակ հոգիներէ բաղկացեալ պատուիրակութիւն մը մեկնեցաւ Անթիլիաս` յանուն Այնճարի հայութեան շնորհաւորելու համար Խորէն Ա. վեհափառ հայրապետը: Ու միեւնոյն ժամանակ իրենց յարգանքն ու հաւատարմական ուխտը յայտնելու համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անսասան գահին եւ անոր ազգընտիր արժանաւոր գահակալին:

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին տեղւոյս ազգային պաշտօնական մարմնէն` Թաղական խորհուրդը, քաղաքապետութիւնը, Ազգ. «Յառաջ» վարժարանի հոգաբարձութիւն, թաղապետներ եւ ազգայիններ:

Դասախօսութիւն.- Ազգ. «Յառաջ» վարժարանի Շրջ. միութիւնը, շատ գովելի եւ շնորհաւորութեան արժանի գաղափար մը յղացած էր այս տարի` տալու համար դասախօսութիւններու շարք մը` ազգային, մանկավարժական, կրթական, դաստիարակչական, բժշկական եւ գրական նիւթերու շուրջ:

Առաջինը եղած էր քանի մը շաբաթներ առաջ: Երկրորդը տեղի ունեցաւ մայիսի 26-ին, Ազգ. «Յառաջ» վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին մէջ, խուռներամ բազմութեան մը ներկայութեամբ:

Դասախօսն էր Անթիլիասի դպրեվանքի ուսումնապետ Բիւզանդ Եղիայեան:

Դասախօսութեան բացումը կատարեց Մովսէս Այնթապեան, որ մեծանուն դասախօսը պատշաճօրէն ներկայացուց հանդիսականներուն:

Արտասանեցին` Հուրի Մանճեան, Ռեբեկա Մ. Քենտիրճեան եւ Մուշեղ Գարագաշեան: Մեներգեցին` Վարդուկ Այնթապեան, Աստղիկ Գուճանեան եւ Վեհանուշ Հապէշեան:

Յարգելի ուսուցչապետ-դասախօսը բուռն եւ երկարատեւ ծափողջոյններու ընդմէջէն բեմ բարձրացաւ ու խօսեցաւ «Մանուկներու մասին արդի ըմբռնումներ» շատ կենսական նիւթին մասին: Դասախօսութիւնը տեւեց 1 ժամ:

Դասախօսը սպառիչ կերպով ներկայացուց ու մանրամասնօրէն վերլուծեց «Մանուկներու մասին արդի ըմբռնումներ»-ուն բոլոր մեթոտները, թէ` հայ մանուկներն ու մանկուհիները ինչպէս պէտք է կրթուին ու մեծնան տան մէջ, դպրոցին մէջ, մարդկային ընկերակցութեան մէջ, զիրենք շրջապատող արդի պայմաններուն մէջ, հետագային կեանքի պայքարին ձեռնարկելու գործին մէջ, եւ մանաւա՛նդ, զանոնք իբրեւ իրա՛ւ հայեր մեծցնելու նուիրական եւ անյետաձգելի աշխատանքին մէջ:

Յարգելի ուսուցչապետը որոտընդոստ ծափերու տեղատարափին տակ վերջացուց իր դասախօսութիւնը, դասախօսութիւն մը, որ ամէն գնահատանքէ վեր էր ու շնորհակալութեան արժանի մեծապէս: Փակման խօսքը ըրաւ Թովմաս Հապէշեան:

Մայիս 28.- Մայիս 28-ին Այնճարի ազգային, հայ աւետարանական եւ հայ կաթողիկէ վարժարանները փակ էին` ի պատիւ Հայաստանի անկախութեան 45-րդ տարեդարձին:

Յ. Գ. ՊՈՒՐՍԱԼԵԱՆ

Այնճար

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ազգ. Աբգարեան Վարժարանի Մայիսեան Ձեռնարկները

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.