ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի տնօրէն Կիրօ Մանոյեան` մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու Լուիզիանա նահանգին կողմէ Արցախի ճանաչումը, «Արմինֆօ»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ընթացքին յայտարարեց, որ համաշխարհային հանրութիւնը կը սկսի գիտակցիլ Ղարաբաղի ժողովուրդի գործի արդարութեան, յանուն ազատութեան եւ անկախութեան անոր պայքարի իրաւաչափութեան:
«Կը կարծեմ, որ համաշխարհային հանրութիւնը աստիճանաբար կը սկսի ճիշդ ընկալել ղարաբաղեան խնդիրին էութիւնը: Իմ կարծիքովս, հեռանկարին վրայ աշխարհի տարբեր երկիրներու հասարակութիւններ պիտի սկսին ճնշում գործադրել իրենց կառավարութիւններուն նկատմամբ` պահանջելով ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը: Միացեալ Նահանգներու երեք եւ Աւստրալիոյ մէկ նահանգներու կողմէ Արցախի ճանաչումը առիթ պիտի դառնայ միւս պետութիւններուն եւ վարչատարածքային կազմաւորումներուն կողմէ համանման քայլերու համար», նշեց Մանոյեան:
Մանոյեան նաեւ կարծիք յայտնեց, որ Լուիզիանայի նահանգի ծերակոյտին կողմէ Արցախի ճանաչումը ոչ միայն Ազրպէյճանի յարձակողական դիրքորոշման, անոր ռազմատենչ հռետորաբանութեան եւ պետական մակարդակով վարուող հայատեացութեան հետեւանք է, այլեւ` ամբողջ հայութեան համակարգուած ջանքերու արդիւնք:


