Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (22 Մայիս 1963)

May 22, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաղորդագրութիւն

Նկարին վրայ, ձախէն աջ` Մովսէս Տէր Գալուստեան, Խաչիկ Պապիկեան, գերշ. Երուանդ վրդ. Աբէլեան, վեհափառ հայրապետը, նախագահ Շեհապ, գերշ. Արտակ արք. Մանուկեան, Վարդգէս Շամլեան եւ Սուրէն Խանամիրեան:

Երէկ, 21 մայիս 1963, երեքշաբթի կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ Խորէն Ա. կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ Թեհրանի հայոց առաջնորդ Արտակ արքեպիսկոպոսի, Կիպրոսի հայոց կաթողիկոսական փոխանորդ Երուանդ վրդ. Աբէլեանի, պետական երեսփոխաններ Մովսէս Տէր Գալուստեանի, մեթր Խաչիկ Պապիկեանի, Սուրէն Խանամիրեանի, մեթր Վարդգէս Շամլեանի եւ գաւազանակիր Եզնիկ աբղ. Բալայեանի, իր անդրանիկ եւ պաշտօնական այցելութիւնը տուաւ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ֆուատ Շեհապի:

Տեսակցութիւնը տեւեց կէս ժամ եւ անցաւ շատ սիրալիր եւ ջերմիկ մթնոլորտի մէջ:

Վեհափառը իր նախագահական պալատ մուտքին եւ ելքին արժանացաւ զինուորական պատիւներու:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

22 մայիս 1963
Անթիլիաս

 

Տոմսեր

Հինգ Տարի Ետք…

Թուրքիա հնգամեայ ծրագիր մը պատրաստած է երկրին տնտեսութիւնը զարգացնելու նպատակով:

Այս առթիւ փոխվարչապետ Ֆէյզիօղլու յայտարարած է.

– Եթէ հնգամեայ ծրագիրը չյաջողի, Թուրքիա կը կործանի:

Թուրք լրագրող մը փոխվարչապետին այս յայտարարութիւնը լսելով` աղաղակեր է.

– Հէյ վա՜խ, ըսել է` Թուրքիոյ կործանումը հինգ տարուան խնդիր է այլեւս: Մեր երկիրը հինգ հարիւր տարիէ ի վեր չկրցանք բարեկարգել, հինգ տարուան ընթացքի՞ն պիտի յաջողինք: Ափսո՜ս, հինգ տարի ետք Թուրքիա չկայ ուրեմն: Հայերը չիմանա՜ն…

Թուրքիոյ փոխվարչապետին կատարած այդ մարգարէութեան օրը հաղորդակցութեան նախարարն ալ` Ռիֆաթ Էօլթեն, գործի վրայ գտնուելու համար կ՛այցելէ հաղորդակցութեան սպասարկութեան զանազան պաշտօնատուները:

Նախարարը պաշտօնատան մը մէջ կը գտնէ յիսունի մօտ պաշտօնեաներ, «որոնք դէմ դիմաց նստած` սուրճի գաւաթով ֆալ կը նայէին»: Նախարարը բարկացած` կը հարցնէ, թէ ինչո՛ւ ֆալ կը նային փոխանակ իրենց գործին նայելու. ու ճակատագրապաշտ թուրքէ մը կը ստանայ հետեւեալ պատասխանը.

– Կ՛ուզենք գիտնալ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ ձեր եւ մեր վիճակը հինգ տարի յետոյ.

– Սակայն դուք կը մոռնաք, որ հնգամեայ ծրագիր մը ունինք երկրին յառաջդիմութեան համար, կը յիշեցնէ նախարարը:

– Անոր ֆալը երէկ նայեցանք, քըսմեթ պիտի չըլլայ յաջողութիւնը տեսնել, կը պատասխանէ տեսանողը:

Սուրճի գաւաթի մէջ մարդկութեան ապագան տեսնելու թրքական այս հաւատքը շահագրգռութիւն յառաջ բերած է ամերիկեան Հաուըրտ ընկերութեան մօտ, որ տասը միլիոն ոսկիի պահանջ ունի Թուրքիոյ Երկրագործական դրամատունէն, ու, բնականաբար, տարիներէ ի վեր չի կրնար գանձել:

Հաուըրտ ընկերութեան վարիչները, իրենց գլուխը տասը տեղ զարնելէ եւ ձեռնունայն դառնալէ ետք, կը դիմեն թուրք ֆալճիներուն, որոնցմէ մէկը, սուրճի գաւաթին մէջ խորիմաստ ակնարկ մը նետելէ ետք, կը յայտարարէ.

– Մէկ շաբաթէն ըսեմ, մէկ ամիսէն ըսեմ, կամ` մէկ-երկու տարիէն, դուք ձեր դրամը լրիւ պիտի ստանաք Թուրքիայէն:

Հաուըրտ ընկերութեան վարիչները, երջանկացած, կը հարցնեն:

– Ժամը քանիի՞ն պիտի ստանանք արդեօք, կրնա՞ք մանրամասն ըսել:

– Սուրճի գաւաթին մէջ ժամացոյց չկայ: Ճակատագիրը ժամ ու վայրկեան չունի, անակնկալ է: Սակայն մարդ նախ ինք պէտք է օգնէ իր բախտին: Եթէ վաղը Թուրքիոյ քսան միլիոն ոսկի նուիրէք, կ՛երաշխաւորեմ, որ տասը միլիոնի ձեր պահանջը անմիջապէս կը վճարուի…

– …

ԳԻՍԱՒՈՐ

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ֆրանչիսկոս Ա. Պապի Գահակալութեան Լոյսին Տակ. Սուրբ Իգնատիոս Տէ Լոյոլա Եւ Յիսուսեան Միաբանութեան Կազմաւորումը

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.