Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պոսթընի Ռմբահարումներէն Ետք. Պոսթընի Ռմբահարումները Աւելի Կը Յիշեցնեն Սենտի Հուքի Զանգուածային Սպանդը, Քան` Սեպտեմբեր 11-ի Յարձակումները

May 20, 2013
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԴԱՍԱԽՕՍ ԵՒ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԳԷՏ ՕԼԻՎԻԷ ՌՈՅ «ՆԻՒ ՌԻՓԱՊԼԻՔ» ԹԵՐԹԻՆ ՀԵՏ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԻ ՄԸ ԱՌԻԹՈՎ ԻՐԱՏԵՍ ԵՒ ԽՈՐԻՄԱՑ ԴԻՏԱՆԿԻՒՆԷ ԿԸ ՎԵՐԼՈՒԾԷ ՊՈՍԹԸՆԻ ՄԱՐԱԹՈՆԻՆ ՌՄԲԱՀԱՐՆԵՐՈՒՆ ԲՆՈՅԹԸ` ԲԱՑԱՏՐԵԼՈՎ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԱՆԻԿԱ ՄԱԿԱՆՑԱԾ Է ՈՐԵՒԷ ՇԱՐԺՈՒՄԻ ԿԱՄ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԿԱՆԵԼՈՒ ՑԱՐԴ ԸՆԴՈՒՆՈՒԱԾ ՁԵՒԸ:

Օլիվիէ Ռոյ տարբեր կարծիք ունի արմատական իսլամութեան մասին, բաղդատած` այն մասնագէտներուն, որոնք այս մասին կը գրեն ամերիկեան թերթերու մէջ: Այժմ 63 տարեկան Ռոյ առաջին անգամ Կեդրոնական Ասիա գացած է 19 տարեկանին, իբրեւ դպրոցական ուսումը կիսատ ձգած երիտասարդ մը, որ հետագային պիտի դառնար իսլամական քաղաքականութեան առաջատար մասնագէտ մը: Ան խորհրդատուի պաշտօն վարած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան  եւ ՄԱԿ-ի մէջ, այժմ դասախօս է Ֆլորանսի Եւրոպական համալսարանի հիմնարկին մէջ: Անոր գիրքերէն շատերը մղոնաքարեր կը նկատուին իրենց մարզերուն մէջ: Անոնց շարքին են «Տը ֆէյլըր աֆ փոլիթիքըլ իսլամ» (քաղաքական իսլամութեան ձախողութիւնը) եւ «Կլոպըլայզտ իսլամ. տը սըրչ ֆոր տը նիւ ումմահ» (համաշխարհայնացած իսլամութիւնը. նոր ազգ-հաւաքականութեան մը փնտռտուքը):

Ռոյի դիտանկիւնը կենսական է` հասկնալու համար Պոսթնի ռմբահարները: Տասնամեակ մը առաջ ան կը նշէր, թէ Քայիտա շատ աւելի մեծ թիւով երիտասարդներ կը զինուորագրէր Արեւմտեան Եւրոպայէն, քան` Սէուտական Արաբիայէն, Պաղեստինէն կամ Փաքիստանէն: Ան Քայիտան կը նկատէր արդիւնքը արաբական ազգայանականութեան եւ մարքս-լենինեան գաղափարաբանութեան ձախողութեան` մարդկային ընդունելի ընկերութիւններ հաստատելու: Քայիտայի մարտավարութիւնն ու աշխարհահայեացքը աւելի սերած էին Կարմիր բանակի հատուածէն, Կարմիր գումարտակներէն, Պաղեստնի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատէն, քան թէ` Քուրանէն կամ իսլամական կրօնական հատուածներէն: «Տի իլուժընզ աֆ սեփթեմպըր 11» (սեպտեմբեր 11-ի պատրանքները) վերնագիրով իր յօդուածին մէջ Ռոյ կը գրէ, թէ Քայիտա «խաչմերուկն է արմատականացած իսլամութեան եւ համաշխարհայնացումով վերաձեւաւորուած հակակայսերապաշտութեան»:

Հետեւաբեար, Ռոյ կը մերժէ այն գաղափարը, թէ Եւրոպայի մէջ Քայիտայի հետեւորդները պարզապէս արդիւնք են իսլամութեան եւ թէ` անոնց մղիչ ուժը կրօնն է: Փոխարէնը` ան կը հաւատայ, թէ անոնք կը փնտռեն «երեւակայական ումմա» մը, հաւատքի վրայ հիմնուած արմատական հաւաքականութիւն մը, որ մաս չի կազմեր իսլամական հաւատքին վրայ հիմնուած սովորական աշխարհին: Հոս է, որ Ռոյի վերլուծումը կրնայ ծառայել` հասկնալու Պոսթընը եւ Ցարնայեւ եղբայրները:

Կը թուի, թէ Ֆորթ Հուտի ահաբեկիչ Նիտալ Մալիք Հասանի նման` այս եղբայրները արդիւնքը չեն կրօնական կամ քաղաքական կազմակերպուած ուղղութեան մը: Իրօք, անոնք Քայիտայի համաշխարհային քաղաքականութեան անհեթեթ մէկ պարզացումը կը թուին ըլլալ, առանց իրապաշտ որեւէ նպատակի: Իրօք, ի՞նչ է նպատակը. նոր խալիֆայութի՞ւն մը Հասանով կամ Ցարնայեւներով: Արարքը ինքնին կը վերածուի նպատակի. թատերական սարսափելի տեսարանի մը, ուր ահաբեկիչները բեմադրիչներն են եւ աստղերը:

Ի՞նչ կը մտածէ Ռոյ. արդեօք այս երկու եղբայրները յաւելեալ ապացոյցնե՞ր են իր տեսութեան:

«Միշտ ալ մտածած եմ, թէ Քայիտա եւ անոնք որոնք կը հաւատան Քայիտայի, այնքան ալ հետաքրքրուած չեն կորիզով, որ Միջին Արեւելքն է կամ Պաղեստինը:- կ՛ըսէ Ռոյ:- Անոնք աւելի հետաքրքրուած են Պոսնիայով եւ Աֆղանիստանով, 1990-ական տարիներու վերջերու Չեչենիայով, այսօր` Մալիով, Մորիթանիայով եւ Եմէնով. միակ վայրը, ուր զօրաւոր են անոնք: Քայիտայի հետեւորդները մեծ մասամբ ունին համաշխարհային հասողութիւն. ծնած են վայր մը, կ՛երթան կռուելու այլ տեղ մը: Ցարնայեւները ծնած են Խրխզիստան, գացած են Տաղստան, կը խօսին ռուսերէն, փոքր տարիքին եկած են Միացեալ Նահանգներ, ուսում ստացած են Միացեալ Նահանգներու մէջ, կը խօսին անգլերէն, եւ այլն: Կը թուի, թէ անոնք իսլամութիւնը յայտնաբերած են Միացեալ Նահանգներո՛ւ մէջ, քան թէ` Տաղստանի կամ Խրխզիստանի: Նոյնն էր պարագան անցեալ տարի Թուլուզի մէջ Մոհամէտ Միրայի: Անոնք իրենք զիրենք կ՛արմատականացնեն արեւմտեան միջավայրի մը մէջ»:

Ռոյ կը նկարագրէ Միջին Արեւելքի մէջ Բ. Աշխարհամարտին յաջորդած անցում մը` ազգայնական եւ մարքս-լենինեան շարժումներէն դէպի Քայիտայի նման շարժում մը, որ պետութեան մը շարժումը չէ: Այժմ արդէն աւելի անդին գացած ենք. ահաբեկիչները նոյնիսկ չեն պատկանիր յատուկ խմբաւորումի մը կամ իրենց հրահանգները չեն ստանար անկէ: Օրինակ` հազարապետ Նիտալ Մալիք Հասան, որ 2009-ին 13 հոգի սպաննեց Ֆորթ Հուտի մէջ:

«Այո՛, համաշխարհայնացումը եւ անհատականացումը ճիշդ եզրերն են: Փոխանակ կազմակերպութեան մը մաս կազմելու` նման անձեր կը կապուին համացանցի միջոցով: Կը կապուին իրականանման «ումայի» մը, եւ ոչ` իրական հաւաքականութեան մը: Օրինակ, շատերը ընկերային կապեր չեն հաստատեր արեւմտեան հաւաքականութիւններու մէջ: Թերեւս մզկիթ կը յաճախեն, բայց երբեք մաս չեն կազմեր հօտին, ընկերային իրական կեանք մը չեն ապրիր, այլ իրենց ընկերային կեանքը կ՛ապրին համացանցին մէջ», կ՛ըսէ Ռոյ:

«Այս մէկը յատկանշական երեւոյթ է Թամերլանի պարագային: Կազմակերպուած շարժումի մը հետ հաւանական միակ կապը այն է, թէ ան 2012-ին Տաղստան գացած է»:

«Անշուշտ ապահովական սպասարկութիւններ կը փնտռեն կապ մը: Շատեր համոզուած են, թէ գոյութիւն ունի՛ կապ մը, սակայն կը թուի, թէ ա՛յս չէ կարեւորը: Արմատականանալու, ահաբեկիչ դառնալու եւ յեղաշրջում մը ծրագրելու որոշումը իրե՛նց կը պատկանի: Անոնք ցուցմունքեր չեն ստանար այս կամ այն արարքը գործելու տուեալ պահու մը», կը բացատրէ Ռոյ:

«Անոնք կը ցանկան վերնագիրներ խլել: Ա՛յս է նպատակը: Կ՛ուզեն հերոսանալ: Այս պատճառով է, որ անոնց արարքը կը բաղդատեմ Քոլոմպիայի մէկ դպրոցին դէմ կատարուած յարձակումներուն: Ահաբեկիչները շատ երիտասարդ էին, հաւանաբար մենակեացներ եւ անձնասպանութեան հակում ունէին: Անոնք կը փափաքէին գեղեցիկ վախճան մը, կը փափաքէին կատարել արտասովոր բան մը», կ՛աւելցնէ Ռոյ:

Ռոյի համաձայն, ճիշդ չէ Պոսթընի մարաթոնին ռմբահարումները նկատել արդիւնքը աշխարհի մէջ իսլամութեան տարածումին:

«Մղիչ ուժը կրօնական չէ,- կը բացատրէ ան:- Անոնք Քայիտայի կը հետեւին, որովհետեւ, եթէ Քայիտայի անունով գործեն, շատ աւելի գրաւիչ պիտի նկատուի իրենց արարքը: Ապահովական պատասխանատուներ կը հաւատան, թէ նման անձերու հետքը գտնելու լաւագոյն միջոցը իսլամ տեղական հաւաքականութիւններու միջոցով արմատական մզկիթները հակակշիռի տակ պահելն է եւ չափաւորական կրօնաւորներուն օգնութեան դիմելը: Անոնք մեծ մասամբ պատրաստ են գործակցելու, սակայն իրականութեան մէջ չեն կրնար օգնել, որովհետեւ նման անձեր մաս չեն կազմեր իրենց հաւաքականութեան, մենակեացներ են, եւ այս երեւոյթը մեծ հարց է իսլամ չափաւորական հաւաքականութիւններուն համար: Մէկ խօսքով` իսլամ հաւաքականութիւնները հասողութիւն չունին նման անձերու եւ չեն գիտեր, թէ ի՛նչ պէտք է ընեն»:

(Յապաւուած)

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (20 Մայիս 1963)

Յաջորդը

Պոսթընի Ռմբահարումներէն Ետք. Լաւ Տղաք Ինչպէ՞ս Կը Դառնան Կործանարար

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։