
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի եւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական խորհրդարանի ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ երէկ այցելեցին Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Հանդիպումէն ետք Փլամպլիի եւ Էխհորեսթի կողմէ հրապարակուեցաւ միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անոնք շեշտեցին Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ իրենք նեցուկ կը կանգնին ընտրութիւններուն կայացման, ինչպէս նաեւ ընտրական նոր օրինագիծին մշակումին:
Փլամպլի եւ Էխհորեսթ հաստատեցին նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանման կարեւորութիւնը:
Վարչապետ Սալամի Մօտ
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ Մուսայթպէի մէջ ընդունեց Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Փլամպլի շեշտեց, որ ՄԱԿ կը զօրակցի վարչապետ Սալամի` կոչ ուղղելով լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն վարչապետին նկատմամբ դրական կեցուածք ցուցաբերելու եւ գործակցելու` կարելի եղածին չափ արագ կերպով կազմելու համար երկրին կառավարութիւնը:
Փլամպլի յայտնեց, որ ՄԱԿ լուրջ պարտականութիւններ ունի կատարելիք Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ` աւելցնելով, որ ՄԱԿ-ի համար կարեւոր է նաեւ պահպանել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:
Վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ Էխհորեսթը, որ զօրակցութիւն յայտնեց վարչապետ Սալամի կողմէ ի գործ դրուող կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն եւ աւելցուց, որ անհրաժեշտ է արագ կերպով կազմել Լիբանանի կառավարութիւնը, որպէսզի ան կարենայ դիմագրաւել շրջանը յուզող մարտահրաւէրները:
Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ատնան Քասսար, ինչպէս նաեւ նախկին նախարարներ Սելիմ Ուարտէ եւ Թոնի Քարամ, որոնք վարչապետին մօտ գործուղուած էին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կողմէ:


