ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնած են, որ իրենք համաձայն չեն երկարաձգելու խորհրդարանի ներկայ նստաշրջանը:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ ելեկտրականութիւն արտադրող «Ֆաթմակիւլ» թրքական նաւուն դիմագրաւած թեքնիք խանգարումներուն հարցը լուծուած է եւ ան մէկ շաբթուան ընթացքին պիտի սկսի ելեկտրականութիւն արտադրել:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ եթէ անել կացութեան դիմաց գտնուին, ապա այսօրուան լիագումար նիստին պիտի առաջարկուի խորհրդարանի ներկայ նստաշրջանը երկարաձգելու կարելիութիւնը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանի լիագումար նիստին պիտի չսկսի սիւննի, տիւրզի կամ շիի համայնքներուն բացակայութեան պարագային:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ պաղեստինեան զինեալ թեւի պատասխանատու Մունիր Մաքտահ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականները սուրիական տագնապին հուրին միջամուխ չեն դարձած:
«ՕՔԱԶ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն ջանքերը կը կեդրոնանան խորհրդարանին ներկայ նստաշրջանը երկարաձգելու վրայ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կտրականապէս կը մերժէ խորհրդարանի ներկայ նստաշրջանին երկարաձգումը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապին Հըզպալլայի միջամտութիւնը իրենց համար լուրջ մտահոգութիւն է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան անդամ, երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին գծով Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ցուցաբերած զօրակցութեան նպատակն էր քրիստոնէական մակարդակի վրայ վերստին ապահովել իր ժողովրդականութիւնը:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր կոչ ուղղեց սէուտցիներուն յառաջիկայ ամրան այցելելու Լիբանան` նկատի ունենալով, որ Լիբանան հանդարտ ամառ մը պիտի ունենայ:
ՔՈՒէՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը պիտի չդիւրացնեն կառավարութեան կազմութիւնը` նկատի ունենալով Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը ձախողեցնելու իմաստով տրուած հարուածը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան պատասխանատուներ ողջունեցին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցած խառն օրինագիծը:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերը կառչած կը մնան երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշգրիտ թուականին կայացնելու սկզբունքին եւ կը յուսան, որ իրենց առաջարկած ընտրական օրինագիծը լիագումար նիստին քննարկուի:
ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերուն մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ եթէ խառն ընտրական օրէնքը խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին ընթացքին արծարծուի, ապա իրենք նիստէն պիտի քաշուին:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի ներկայ նստաշրջանը կրնայ յետաձգուիլ 4-6 ամիսով:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը անհրաժեշտ է` աւելցնելով, որ խորհրդարանի ներկայ նստաշրջանի երկարաձգումին կամ անիշխանութեան մասին յայտարարութիւնները վտանգաւոր են:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին խոստացած է Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծին կառչած մնալ, սակայն ան ինչպէս միշտ դրժած է իր խոստումը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով լիբանանցի երեսփոխանէ մը, կը գրէ. «Ընտրական օրէնքին առումով համաձայնութեան մը պիտի չյանգինք եւ պիտի ուղղուինք խորհրդարանի ներկայ նստաշրջանը մէկ տարիով երկարաձգելու»:


