Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Օդային «Ապաշրջափակո՞ւմ» Մշակութային Մայրաքաղաքին Համար

May 9, 2013
| Անդրադարձ, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շուշիի ազատագրութեան հերթական նշումը անշուշտ առիթ է մէկ անգամ եւս լոյսին բերելու ազատագրութեան խորհուրդը, տարածքին ներկայացուցած պատմամշակութային ժառանգին արժէքը, ռազմավարական կարեւորութիւնը, ամբողջ հայութեան վրայ ունեցած հոգեբարոյական ազդեցութիւնը:

Այս բոլորը անառարկելի իրականութիւններ են, որոնց համապատասխան սակայն գործնական աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը անյետաձգելի հրամայական իբրեւ ինքզինք զգալի կը դարձնէ: Այս անշուշտ հերթական տարեթիւի հետ կապ չունի եւ պարզապէս խորհուրդի նշումի սահմաններուն մէջ չի պարփակուիր: Ամէնօրեայ ծրագրումի, ուժերու համախմբման, աշխատանքի ընթացաւորումի մասին է խօսքը շեշտակիօրէն: Այլապէս, Շուշին սահմանափակ թիւով բնակչութեամբ, Ստեփանակերտէն ետք Արցախի Հանրապետութեան իրողապէս երկրորդ քաղաքը համարուելու իր հանգամանքով տակաւին ճամբայ ունի կտրելիք` շնչող, զարգացող քաղաքի վերածուելու համար:

Արցախը, երեւանակեդրոն Հայաստանի Հանրապետութեան նման, կը թուի, որ ստեփանակեդրոնացուած է: Ինչպէս որ Երեւանն ու այլ քաղաքներն ու մարզերը համաչափ եւ համընթաց չեն զարգանար, երեւութապէս կը թուի, որ նոյն կշռոյթները կրկնօրինակուած են Արցախի մէջ: Զարգացման համաչափութիւնն ու համընթացութիւնը կարեւոր են ընդհանրապէս երկրի զարգացման  ուղղութիւնները հունաւորելու աշխատանքին մէջ:

Անշուշտ միջոցներու եւ հնարաւորութիւններու սահմանափակ ըլլալը կը դժուարացնէ աշխատանքներուն ծրագրաւորումն ու մանաւանդ գործնականացումը: Եւ Շուշին այս առումով, փուլային իրականացումներուն առաջնային հանգրուաններէն համարելով, զայն պէտք է դիտարկել բնակեցման, զարգացման, շնչող քաղաքի վերածման ընդհանուր տարածքի սահմաններուն մէջ: Այսինքն` ամբողջ Արցախի Հանրապետութեան:

Եւ որովհետեւ Արցախի Հանրապետութիւնը շատ հասկնալիօրէն առաջին հերթին կը շնչէ ու կ՛ապրի Հայաստանի Հանրապետութեան զարկերակներուն կշռոյթով, հայեացքները բնականաբար նախ կ՛ուղղուին դէպի Երեւան:

Թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին եռուզեռը պայման են տարածքներն ու շրջանները ամայացումէ դուրս բերելու համար. գէթ` առաջին հերթին: Պատկերը այս առումով չի մօտենար մխիթարական վիճակին: Պատերազմի թէ քաղաքական պատճառներով կամ պատրուակներով շրջափակուած մեր երկու հանրապետութիւնները ցամաքային փակումին դիմաց օդային եռուզեռը աշխուժացնելու հարկադրանքին առջեւ են: «Արմաւիա»-ն օդային շրջափակումի մէկ տարբերակը պարտադրած է բոլորիս, մինչ Ստեփանակերտի օդակայանը ցարդ չէ գործարկուած:

Նման օդային շրջափակումը չի նպաստեր, որ, թէկուզ որոշ յաջողութեան յանգած ճանապարհաշինութեամբ ակնկալուած այդ եռուզեռը ստեղծուի: Ստեփանակերտի օդակայանին գործարկումը առկախուած է քաղաքական պատճառներով: Պաշտօնական Երեւանը իբրեւ բանակցող կողմ կարեւորագոյն խնդրի տեսք եւ տարողութիւն պէտք է տայ այս հարցին, որուն կապուած է նաեւ «Արմաւիա»-ի արդարացում չունեցող ներկայ պատկերը: Արտաքին աշխարհէն դէպի Արցախ ուղեւորային եռուզեռ ապահովելու առաջին հանգրուանը հայկական օդանաւային ընկերութեան կայացումն է, տրամաբանուած սակերու ճշդումը, թռիչքներու կանոնաւորումը:

Ծրագիրներ մշակուած էին Շուշին մշակութային մայրաքաղաքի վերածելու համար: Մշակութային փառատօներու կազմակերպումը, հայրենիքէն թէ սփիւռքէն մշակութային խումբերու ժամանումը Շուշի, իրենց հերթին կ՛առաջնորդեն համապատասխան ծառայութիւններու` պանդոկներու, ճաշարաններու, զբօսավայրերու, մշակութային կեդրոններու ստեղծման եւ այդ ճամբով աշխատատեղերու ապահովման եւ մնայուն բնակութեան հաստատման: Իսկ այդ բոլորին ստեղծման համար առաջադրուած եռուզեռին կայացման նպաստող գործօններ են օդային «ապաշրջափակում»-ը: Որպէսզի համայն հայութեան մշակութային քաղաքին վերածուի 21 տարի առաջ ազատագրուած Շուշին:

Նախորդը

Բակօ Սահակեան. «Մայիսի 9-ը Մեր Պատմութեան Մէջ Գրուել Է Մեր Հերոս Պապերի Ու Հայրերի Արեամբ»

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.