Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Ընտանիքները Հանդիպում Մը Ունեցան Ապպաս Իպրահիմի Հետ

May 9, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները երէկ երեկոյեան  Ռիատ Սոլհի թրքական մշակութային կեդրոնին դիմաց կատարեցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին անոնք խուժեցին կեդրոն եւ արգիլեցին պաշտօնեաներուն աշխատանքը:

Կեդրոնին մէջ ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ առեւանգուածներուն հարազատներուն միջեւ հրմշտուք կատարուեցաւ, սակայն աւելի ուշ կացութիւնը հանդարտեցաւ երբ ընտանիքներուն մօտ Շիիներու գերագոյն խորհուրդի ներկայացուցիչ շէյխ Ապպաս Զղէյպ միջամտեց եւ ցուցարարները համոզեց կեդրոնէն դուրս գալու:

Միաժամանակ ներքին ապահովութեան ուժերը թրքական մշակութային կեդրոնին նախագահը դուրս հանեցին կողմնակի դուռէ մը` հսկելով անոր ապահովութեան:

Առեւանգուած լիբանանցիները երէկ հանդիպում մը ունեցան ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ:

Հանդիպումէն ետք առեւանգուած ընտանիքներուն անունով խօսք առաւ Տանիէլ Շաայպ, որ յայտնեց, թէ զօր. Իպրահիմ ընդգծած է իրենց հարազատներուն ազատ արձակման բանակցութիւններուն դրական կէտերը:

Կը նախատեսուի, որ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու բանակցութիւնները վարելու առաքելութեամբ զօր. Ապպաս Իպրահիմ յառաջիկայ օրերուն մեկնի Դամասկոս:

Միւս կողմէ, շէյխ Ապպաս Զղէյպ շեշտեց, որ Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը պէտք է լուծել:

«Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ պէտք է ըմբռնէ առեւանգուած ընտանիքներուն ուղղած խաղաղ պատգամները», ըսաւ Զղէյպ` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ ոեւէ թուրքի դէմ չարիք չկայ, սակայն կայ մարդկային հարց մը, որ պէտք է վերջ գտնէ:

Նշենք, որ առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները երէկ առաւօտեան  բողոքի ցոյց մը կատարեցին Կեդրոնական Պէյրութի մէջ գտնուող թրքական օդանաւային ընկերութեան գրասենեակին դիմաց եւ շարունակեցին պահանջել իրենց հարազատներուն ազատ արձակումը:

Նախորդը

Ֆըրզլի Այցելեց Սամի Ժեմայէլի

Յաջորդը

Միքաթի Նախագահեց Ապահովական Նիստի Մը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.