Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Կը Գրէ. Մեծ Տէրութիւնները «Ձեռքերը Լուացած Են» Հայոց Ցեղասպանութեան Ժամանակ

May 3, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ողջակիզումի ժամանակ մեծ տէրութիւնները «լուացած են ձեռքերը», քանի որ աւելին իմացած են, քան` խօսած. անոնք չեն նշած, թէ ինչպէ՛ս Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ եւս «լուացած են իրենց ձեռքերը»: Այս մասին` ըստ «Արմենփրես»-ի` կը հաղորդէ «Տիարիօ Արմենիա»-ն: Այդ մասին Խորխէ Մարիօ Պերկոլիոն` Հռոմի ներկայ պապ Ֆրանչիսկոս նշած է արժանթինցի րապպունի Աբրահամ Սքորկայի հետ 2010 թուականին հրատարակած «Երկնքի եւ երկրի մասին» գիրքին մէջ: Գիրքը վերջերս վերահրատարակուած է: «Այդ ժամանակ Օսմանեան կայսրութիւնը հզօր էր, աշխարհը պատերազմի շեմին էր եւ այլ ուղիով կը նայէր»,  գրած է Հռոմի ներկայիս պապը` գիրքին «Ողջակիզումի մասին» բաժինին մէջ:

«Կրօններու մասին» հատուածին մէջ Ֆրանչիսկոս պապը նշած է, որ 20-րդ դարուն անոնք հիմնովին քանդած են գիւղեր, քանի որ իրենք զիրենք աստուածներ նկատած են: «Թուրքերը ատիկա ըրած են հայերուն, գերմանացիները` հրեաներուն, ստալինեան համայնավարները` ուքրանացիներուն նկատմամբ: Անոնք մարդոց սպաննելու համար օգտագործած են աստուածային ստորոգելիներու մասին քննարկումները», նշած է Հռոմի պապը:

«Համայնավարութեան եւ դրամատիրութեան մասին» բաժինին մէջ Խորխէ Մարիօ Պերկոլիօ ընդգծած է. «Եթէ մարդը դրախտի մասին մտածելով չի պայքարիր իր իրաւունքներուն համար, ան իսկապէս կը գտնուի ափիոնի ազդեցութեան տակ: Մարդիկ, որոնք ենթարկուած են հետապնդման եւ կոտորածի, ինչպէս անցեալ դարու երեք խոշոր ցեղասպանութիւններուն ժամանակ` հայերը, հրեաները եւ ուքրանացիները պայքարած են իրենց ազատութեան համար»:

Գիրքին մէջ արտացոլուած են Ֆրանչիսկոս պապի տեսակէտները եկեղեցւոյ, կրօնի, հաւատքի վերաբերեալ: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ անաստուածութեան, մահուան, յղիութեան արհեստական ընդհատման, Ողջակիզումին, համասեռականութեան եւ դրամատիրութեան:

 

Նախորդը

«Վարչապետ Սալամ Տակաւին Ժամանակ Ունի Փաստելու, Որ Ինք Ամբողջ Լիբանանին Վարչապետն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Նայիրիի Ոստիկանապետը` Սպաննուած

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.