Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (29 Ապրիլ 1963)

April 29, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արշաւիր Շիրակեանին Յուշերը Պիտի Հրատարակուին

«Կտակն Էր Նահատակներուն» Անուն Այս Գործը
Շուտով
Լոյս Պիտի Տեսնէ «Հայրենիք»-ի Մէջ

1915-ի հայաջինջ սարսափներէն ետք վրիժառու հայ բազուկը հոս ու հոն գետին տապալեց դահիճներէն մէկ քանին. 15 մարտի 1921-ին` Թալէաթը, Պերլինի մէջ, 19 յուլիսի 1921-ին` Ճիւանշիրը, Պոլսոյ մէջ, 6 դեկտեմբերի 1921-ին` Սայիտ Հալիմ փաշան, Հռոմի մէջ, 17 ապրիլի 1922-ին` Պեհաէտտին Շաքիրն ու Ճեմալ Ազմին, Պերլինի մէջ: Եւ վերջապէս, 25 յուլիսի 1922-ին` Ճեմալ փաշան, իր զոյգ սուրհանդակներով, Թիֆլիսի մէջ, Չեկայի շէնքին առջեւ:

Ասոնք չէին, անշուշտ, բոլորը:

Դաս մը կար մատնիչներու, վատ դերակատարներու, անսիրտ ու անպատիւ մարդոց, որոնք նո՛յնքան ոճրապարտ արարքներու մէջ գտնուեցան` արհեստ կամ զբաղում դաւանելով քսութիւնը: Կամ` սեփական ապահովութիւն փնտռեցին ուրիշներու անապահովութեան մէջ…

Եւ վերջապէս, կար դասակարգ մը ստորադաս պաշտօնեաներու, լրաբերներու, ոստիկաններու եւ «խաֆիէ»-ներու, որոնք քիչ չարիք չըրին հայութեան` օգտուելով պատեհութիւններէ, յաճախ պատրուակներ ստեղծելով կամ յերիւրելով…

Վրիժառու հայ բազուկը գործեց նաեւ ա՛յս մարզերուն մէջ, յաճախ` մեղմաձայն կամ լուռ:

Վերջին տասնամեակին լոյս ընծայուեցան յուշագրական կարգ մը հատորներ, որոնք մասամբ կը պատմեն «արութեան» այդ գործերը: Սողոմոն Թեհլիրեան եւ Միսաք Թորլաքեան յաջորդաբար տուին իրենց ապրումները` ժամանակակից դէպքերու ալ մասնակի պարզաբանումով: Եւ, բնականաբար, հայութիւնը ամէնուրեք ցոյց տուաւ համապատասխան հետաքրքրութիւն եւ վերաբերում` ազգային արժանապատուութիւնը բարձր պահող իր այդ զաւակներուն եւ հերոսներուն հանդէպ:

Այժմ ուրախութեամբ կը տեղեկանանք, թէ ապահովուած է հրատարակութիւնը նոյնքան շահեկան եւ պատմարժէք յուշերուն Արշաւիր Շիրակեանի, որ իր բոլոր ձեռագիրները սիրայօժար տրամադրած է, լրիւ ու պատրաստ վիճակի մէջ, ՀՅ Դաշնակցութեան Հիւսիսային Ամերիկայի կազմակերպութեան: Ընկեր Արշաւիր Շիրակեան ընդառաջելով «Հայրենիք»-ի խմբագրութեան հրաւէրին` յանձնառութիւն յայտնած է, որ իր գործը նախ որպէս թերթօն լոյս ընծայուի «Հայրենիք»-ի մէջ:

 

Վան Քաղաքը
Թուրքերու
Ակնոցով

«1915-ին Հայերը Տիրեցին Քաղաքին»,
Կը
Գրէ Թրքական Թերթը

Թրքական «Հայաթ» շաբաթաթերթը ներկայացուցած է Վան քաղաքը` հրատարակելով Աղթամարի վանքին գունաւոր մէկ լուսանկարը:

Թուրք թերթը հետեւեալ կարգով կը յիշէ Վանի հայ արքաները.

1.- Գագիկ` 908-936

2.- Աշոտ Դերենիկ` 936-958

3.- Համազասպ` 958-968

4.- Աշոտ Սահակ` 968-990

5.- Գուրգէն Խաչիկ` 990-1003

6.- Սենեքերիմ Յովհաննէս` 1003-1021

Յետոյ Վանի պատմականը ընելով` կը գրէ.-

Վան քաղաքի վրայ պետականութիւն ստեղծող առաջին ցեղը եղած են հուրիները, որոնք ամբողջ հարաւարեւելեան Փոքր Ասիոյ կը տիրապետէին:

Հիթիթները երբեք չեն կրցած տիրապետել Վանի վրայ:

Քրիստոսէ առաջ 9-րդ դարուն հոն հիմնուած է ուրարտական թագաւորութիւնը, որ Ն. Ք. 859-էն մինչեւ 612, 247 տարի շարունակուած եւ 12 թագաւորներ ունեցած է:

Ուրարտացիները 713-ին ընդունած էին ասորեստանցիներու գերիշխանութիւնը, իսկ 612-ին պարսիկները վերջ տուած էին անոնց թագաւորութեան: Ուրարտական պետութեան մայրաքաղաքն էր Վանը: Պարսիկները այս հողամասերուն տիրապետեցին մինչեւ Ն. Ք. 331 թուականը, երբ Մեծն Աղեքսանդր ժամանակաւոր կերպով տապալեց պարսիկ գահը եւ մակեդոնացիները ձեռք անցուցին Փոքր Ասիան:

Աղեքսանդրի մահէն քիչ ետք վերակենդանացաւ պարսիկ թագաւորութիւնը եւ վերագրաւեց այս շրջանը: Աւելի յետոյ, Սասանեաններու օրով, այդ շրջանը երբեմն անցաւ Բիւզանդական կայսրութեան ձեռքը:

Ք. Յ. 7-րդ դարուն իսլամ արաբները գրաւեցին Փոքր Ասիան եւ տապալեցին պարսիկ կայսրութիւնը:

Այդ շրջանին Վանի շրջանին մէջ թագաւորութիւն մը հիմնած էին տեղւոյն հայերը, որոնք երկար շրջաններէ ի վեր հոն կը բնակէին. 10-րդ դարուն այս հայկական թագաւորութիւնը ենթարկուած էր Պաղտատի իսլամ կայսրութեան, եւ անոնց կարգ մը թագաւորները ընդունած էին իսլամութիւնը:

Այդ շրջանին մէջ բիւզանդացիները եւ արաբները ունեցած են կարեւոր պայքարներ:

Բիւզանդացիները մեծ չարչարանքներու ենթարկած էին հայերը, որոնք իրենց հետ դաւանակից չէին: Այդ ցեղերը օգնութիւն խնդրած էին թուրքերէն, որոնց գլուխը կը գտնուէր Ալփասլան, որ 1071-ին Մալազկերտի մէջ պարտութեան մատնելով Բիւզանդիոնի կայսրը` տիրապետած էր Փոքր Ասիոյ:

Վան քաղաքը Առաջին Աշխարհամարտին 20 մայիս 1915-ին անցաւ ռուսերու գրաւման տակ: Հայերը ռուսերու օժանդակութեամբ տիրեցին քաղաքին, որոնք ռուսերու հեռանալէն ետք ալ շրջան մը թուրքերը քաղաքէն դուրս հանելով` տիրապետեցին Վան քաղաքին:

2 ապրիլ 1918-ին, երբ թրքական բանակը Վան մտաւ, քաղաքը ռուսերու եւ հայերու կողմէ փլատակի մը վերածուած վիճակին մէջ գտան: Վան, այսպէսով, 2 տարի 10 ամիս եւ 12 օր թշնամիի գրաւման տակ մնացած կ՛ըլլայ:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ’ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Լալու Առեղծուածային Հոգեբանութիւնը. Արցունքի Կաթիլներ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.