Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Դէպի Պահանջատիրութեան Իրաւականացում

April 22, 2013
| Անդրադարձ, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակի ձեռնարկները սկսած են արդէն: Միութենական, կուսակցական, յարանուանական, երիտասարդական, ուսանողական մակարդակներու վրայ ձեռնարկներու իրերայաջորդականութիւն մը ամբողջ, անգամ մը եւս ընդգծել կու տայ, որ համագաղութային մակարդակի վրայ զսպանակուած մեկնարկի մը իբրեւ արդիւնք ծրագրաւորուած ձեռնարկներու շարք մը ինքզինք տեսանելի կը դարձնէ հանրութեան:

Երեւոյթը անշուշտ դուրս կու գայ զուտ ոգեկոչականութենէ, կը հասնի քարոզչաքաղաքականին, ցուցականին, եւ տակաւ կը ծանօթացնէ հայութեան պահանջատիրութեան  ընդհանուր ուղղութիւնները:

Այս ամսուան սկիզբն էր, որ  տեղի կ՛ունենար  Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու խորհրդաժողովը: Այնտեղ զեկուցական եւ քննարկումի բաժիններուն հիմնական առանցքը պահանջատիրութեան իրաւականացումն էր եւ անոր ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն համակարգումն ու նպատակաուղղումը:

Այսպէս. ցեղասպանութեան ուղղութեամբ կատարուած եւ կատարուող գիտահետազօտական հսկայական աշխատանքներուն մէջ պէտք է լուսարձակի տակ բերել այն փաստերը, որոնք միջազգային օրէնքին կիրարկման համար կրնան օգտակար հանդիսանալ: Յուշագրական գրականութեան եւ անոր ընկերակցող լուսանկարներու, եւ արխիւային գրականութեան այն նիւթերը, որոնք կը շեշտեն «ցեղասպանութիւն» սահմանումին տակ ինկող պատժելի արարքներուն եւ հայոց դէմ կատարուած զանգուածային բռնութեան համապատասխանելիութիւնը:

Շարունակելով մնալ իրաւաբանական ոլորտին մէջ, հատուցման թղթածրարի պատրաստութեան մասնագիտական մօտեցումի հրամայականը, որ պիտի կարենայ ներառել թէ՛ եկեղեցապատկանը, թէ՛ անհատական- կալուածայինը եւ թէ՛ համազգային հողայինը: Նկատի ունենալով իրաւական այն բոլոր նրբերանգները, որոնք  այնպէս պիտի հունաւորեն աշխատանքը, որ անհատական պահանջները եւ անոնց վրայ յարուցուած դատերը չվնասեն համազգային մեր պահանջատիրութեան:

Շատ են օրինակները: Կարեւորը այն է, որ դէպի իրաւական անցում կատարելու համահայկական ակնկալութիւնն ու մօտեցումը իբրեւ առաջադրանք դրուած է հայ կազմակերպ կեանքի բաղկացուցիչ բոլոր շրջանակներուն մօտ:

Ապրիլեան մեր  ձեռնարկները պահանջատիրական շեշտադրումներով նպատակ պիտի ունենան թիրախային այս կէտը: Ապրիլեան տարաբնոյթ մեր ձեռնարկներուն` քարոզչաքաղաքականին, հրատարակչականին, ոգեկոչականին, կրթադաստիարակչականին ձեւով մը ծառայեցումը իրաւական դաշտի ձեւաւորման եւ կայացման հրատապ առաջադրանքին:

Ներագզային միասնականութիւնը գլխաւոր գործօնն է այս բոլորի մշակման, համակարգման, դրսեւորման եւ նպատակաուղղուած աշխատանքին: Թէ՛ լիբանանեան հասարակութիւնը, քաղաքական կողմերը եւ թէ՛ միջազգային լրատուադաշտն ու ընտանիքը պիտի իմանան, որ հայկական կողմը կը նախապատրաստուի պահանջատիրութեան իրաւականացումին: Պիտի իմանայ մանաւանդ Թուրքիան, որ աշխուժ ներկայութիւն է այս տարածաշրջանին եւ այս երկրին մէջ:

Մեր ձեռնարկները եւ մեր ցուցական պահանջատիրութիւնը յատկապէս իր երիտասարդական հաւաքով վաղը եւ իր համաժողովրդային բողոք-քայլարշաւով պիտի փաստեն այս գաղութին կազմակերպուածութեան, գիտակցականութեան եւ մանաւանդ վճռակամութեան բարձր աստիճանաչափը: Այս ներուժն է, որ ամուր, երկարաժամկէտ եւ հետեւողականութեան բարձր ցուցանիշեր նուաճած` նոր զսպանակում պիտի տայ պայքարի նախապատրաստուող հանգրուանին` պահանջատիրութեան իրաւականացումին:

Իրաւական թղթածրարը, որքան մասնագիտական, որքան օրէնսդրական եւ որքան արհեստավարժ, այնքան պէտք է յենած ըլլայ համաժողովրդային համախումբ ներուժին վրայ` կարենալ քաղաքական նպատակային արդիւնքներ ձեռք ձգելու համար:

«Ա.»

Նախորդը

Պոլսոյ Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակման Բազմաթիւ Ձեռնարկներ Տեղի Պիտի Ունենան

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.