Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլի Մէջ Հէյկըլ-Մամետեարով Հանդիպո՞Ւմ «Իսրայէլին Զէնք Ծախելու Նկատառելի Համաձայնագիրը Իրանի Ուղղուած Յստակ Պատգամ Է» Կ՛ըսէ Հէյկըլ

April 22, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Չաք Հէյկըլ

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ երէկ յայտարարեց, որ Իսրայէլին զէնք ծախելու Թել Աւիւի հետ գոյացած նկատառելի համաձայնագիրը «Իրանի ուղղուած շատ յստակ պատգամ մըն է, թէ զինք հիւլէական զէնքի տիրանալէ արգիլելու համար զինուորական գործողութեան ընտրանքը տակաւին սեղանի վրայ է»:

Հէյկըլ Սէուտական Արաբիան ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները ներառող մէկ շաբթուան միջինարեւելեան շրջապտոյտի մը առաջին հանգրուանով երէկ Իսրայէլ կը գտնուէր: Ըստ իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթին, Հէյկըլ Իսրայէլ կը գտնուի Թել Աւիւի հետ զէնքի վաճառքի 10 միլիառ տոլար արժողութեամբ համաձայնագիր մը ստորագրելու համար:

Հէյկըլ ըսաւ, որ Ուաշինկթըն եւ Թել Աւիւ համաձայն են, որ իրանեան վտանգ մը գոյութիւն ունի, սակայն անոնք տարակարծիք են, թէ այդ վտանգին դիմակայումը իսրայէլեա՞ն, թէ՞ ամերիկեան զինուորական գործողութեան մը կը կարօտի: Ան նշեց, որ «Իսրայէլ պէտք է ճշդէ Իրանի հիւլէական կեդրոնները հարուածելու կամ չհարուածելու հարցը, ինչպէս նաեւ այդպիսի հարուածի մը ժամկէտը»:

Հէյկըլ ըսաւ, որ «Իսրայէլ ինքզինք պաշտպանելու որոշում մը պիտի որդեգրէ»` նշելով, որ «Իրանի հարցով բոլոր ընտրանքները պէտք է սեղանի վրայ ըլլան»:

Ազրպէյճանական Haqqin.az կայքէջը երէկ հաղորդեց, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով երէկ պատմական այցելութիւն մը պիտի տար Իսրայէլ, ուր հանդիպում պիտի ունենար Իսրայէլի նախագահին եւ վարչապետին հետ, որոնց հետ պիտի քննարկէր երկկողմ յարաբերութիւններու ամրապնդման առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ իրանեան եւ թրքական նիւթերով հարցեր:

Ըստ երէկ հաղորդուած պաշտօնապէս չհաստատուած տեղեկութեանց, Մամետեարով Իսրայէլի մէջ հանդիպում պիտի ունենար նաեւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարին հետ:

Ռուսիոյ մէջ Իսրայէլի դեսպան Տորիթ Կոլենտեր Մամետեարովի Իսրայէլ այցելութիւնը պատմական որակած է:

Բրիտանական «Սանտէյ Թայմզ» կը հաղորդէ, որ Իսրայէլ Անգարայէն խնդրած է իրեն Աքընճըի օդուժի ռազմակայանը օգտագործելու իրաւունք տալ: Ըստ օրաթերթին, Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Եաաքով Ամիտրոր այսօր Անգարա պիտի այցելէ` քննարկելու համար այդ հարցը: Ամիտրոր Իրանի հիւլէական ծրագիրին դէմ Անգարայի Աքընճը օդուժի ռազմակայանը ուսումնական նպատակներով օգտագործելու իրաւունք խնդրած է: Ներկայացուած պահանջներուն շարքին կը նշուի նաեւ թրքական օդային տարածքը Իսրայէլի պատերազմական օդանաւերուն համար բանալու անհրաժեշտութիւնը: Ատոր ի պատասխան` Թել Աւիւ պատրաստ է Թուրքիոյ օդային պաշտպանութեան համակարգեր տրամադրելու:

Նախորդը

Ընդգծելով Արամ Ա. Վեհափառի «Յիշել, Յիշեցնել, Պահանջել» Կարգախօսը «Մեր Գործունէութեան Հիմնական Սկզբունքը Պիտի Ընթանայ Պահանջատիրութեան Ուղղութեամբ» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Սեդա Խտըշեան

Յաջորդը

«Ուաշինկթըն Սուրիական Ընդդիմութեան Իր Ոչ Մարտական Օժանդակութիւնները Պիտի Կրկնապատկէ» Կ՛ըսէ Քերրի

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.