Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (22 Ապրիլ 1963)

April 22, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայերը Հնդկաստանի Մէջ

204 Տարուան Եկեղեցին Վերանորոգուած Է
Հնդկահայոց
Սրտաբուխ Նուէրներով

Հնդկաստանի Թերթերը Հայերու Մասին

Սէյտապատի (Հնդկաստան) երբեմնի հայաշատ շրջանին հինաւուրց Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որ աւերակ վիճակ մը ունէր, Կալկաթայի եւ շրջակայքի հայ ազգայիններու սրտաբուխ նուիրատուութեամբ, մօտ 20 հազար ռուբի, նորոգութեամբ ենթարկուած է` վերածուելով գեղեցիկ մատուռի մը:

Յունուար 26-ին, 200 հոգիէ բաղկացած հաւատացեալներ, Պօղոս Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ, երկու օր տեւող ուխտագնացութեան գացած են դէպի Սէյտապատ, որ 120 մղոն հեռու կը գտնուի Կալկաթայէն:

Առաջին օրը, համաձայն Հայաստանեայց եկեղեցւոյ կանոնադրութեան, կատարուած է օրհնութեան կարգը:

Երկրորդ օրը յունուար 27-ին, տեղի ունեցած է հանդիսաւոր Ս. պատարագ: Ներկաները ջերմեռանդ հաւատքով, ձեռքերնուն մոմ բռնած, կատարած են իրենց ուխտը:

«Հայ Մեր»-էն առաջ պատարագիչ տէր հայրը քարոզած է «Եկայք շինեսցուք սուրբս խորանն լուսոյ» բնաբանով:

Ապա ներկաները հաղորդուած են եւ յաւարտ Ս. պատարագի, եկեղեցւոյ բակին մէջ, Մարդասիրական ճեմարանի հիմնադիր Մնացական Վարդանեանի գերեզմանին վրայ ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուած է եկեղեցւոյ հիմնադրի յիշատակին, ինչպէս նաեւ` շրջափակին մէջ տարիներէ ի վեր հանգչող ննջեցեալներու հոգիներու հանգստութեան համար:

Արարողութիւններէն ետք, մեծ ճաշկերոյթ մը կազմակերպուած է եւ ներկաները ջերմ ու ուրախ մթնոլորտի մէջ անցուցած են իրենց օրը:

Հնդկական եւ անգլիատառ թերթեր, եկեղեցւոյ նկարը տպելով իրենց առաջին էջերուն վրայ, մեծ գովասանքով արտայայտուած են հայ ժողովուրդին մասին` իբրեւ եկեղեցասէր ժողովուրդի, որ մեծ դեր ունեցած է Հնդկաստանի յառաջդիմութեան եւ վերելքին մէջ, նշանաւոր եւ աչքառու անձնաւորութիւններով:

Սէյտապատի մօտակայ շրջաններէն բազմաթիւ հնդիկներ ուրախութեամբ եկած են այցելութեան` տեսնելու համար 204 տարուան հնութիւն ունեցող վերանորոգուած եկեղեցին:

Ուխտաւորները վերադարձած են լաւագոյն յիշատակներով եւ հոգեկան մեծ բաւարարութիւն ստանալով:

 

«Մաշադի Ի Բադ»-ի Ներկայացումը

Ազգ. Նուպարեան վարժարանի չքաւոր սաներու ֆոնտին, կազմակերպութեամբ վարժարանի թաղականութեան, տեղի ունեցաւ թատերական եւ երաժշտական հետաքրքրական երեկոյ մը, «Մաշադի ի Բադ»-ի ներկայացումով: «Եր. Օտաեան» թատերախումբը մեծ պատրաստութեամբ, ամիսներու տքնաջան աշխատանքով հանրութեան ներկայացաւ շաբաթ, 6 ապրիլի երեկոյեան, սինէ «Գերմանիկի» բերնէ բերան լեցուն սրահին մէջ, ղեկավարութեամբ եւ բեմադրութեամբ Մարտիրոս Չայլեանի:

Եղան նաեւ այլ նուիրատուութիւններ, ինչպէս` Անդրանիկ Կրպիչեան, որ 200 լ. ոսկի նուիրեց եւ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ բարերարուհի Ագնէս Տէօվլէթեան` 100 լ. ոսկի նուիրելով:

Երեք արարնոց զուարթ այս կատակերգութիւնը բարձր տրամադրութիւն ստեղծեց ժողովուրդին մէջ` երգերով, նուագախումբով եւ հայկական յաջող պարերով:

Կը շնորհաւորենք այս առթիւ «Եր. Օտեան» նորակազմ թատերախումբը, մասնաւորաբար` այս դժուարին կտորի յաջող իրագործման համար, կը շնորհաւորենք մանաւանդ տնօրէնութիւնն ու Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ տիկն. միութիւնն ու եկեղեցւոյս թաղականութիւնը հանդէսի կազմակերպչական կանոնաւորութեան եւ յայտագրի ճաշակաւոր պատրաստութեան համար:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Հայկական Կեանք

Մատրասի Եկեղեցին Նորակազմ
Հայկական Միութիւնը Շահած Է Դատը

Հնդկաստանի նորակազմ հայկական միութիւնը իր ընդհանուր քարտուղարին ծանօթ առեւտրական Կարօ Մարթինի ջանքերով յաջողած է վերստին տիրանալ Մատրասի եկեղեցւոյն մատակարարութեան, կալուածներուն եւ դրամատան մէջ գտնուող կարեւոր գումարներուն: Կէս դար առաջ այս մատակարարութիւնը եւ եկեղեցապատկան դրամները եւ կալուածները անցած էին անգլիական տան մը:

Հայկական միութիւնը մատակարարութիւնը ազգին վերադարձնելու դատը շահելէ ետք տուած է հետեւեալ որոշումները.

Ա) Եկեղեցւոյ բարերար Շամիր Սլթանքամեանի իւղաներկ լուսանկարը պատրաստել եւ կախել:

Բ) Առաջին հայ լրագրին` «Ազդարար»-ի հրատարարակիչ տէր Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանին պատշաճ դամբարան մը շինել Մատրասի գերեզմանատան մէջ:

Գ) Մատրասի եկեղեցիին մօտ հողին վրայ բազմայարկ շէնք մը շինել պատրաստ դրամով եւ անկէ յարկաբաժիններ տրամադրել քահանային, ժամկոչին եւ տրամադրել համայնքին սրահ մը, իսկ մնացեալը վարձու` յաւելուածական հասոյթ մը ապահովել:

Ժողովը որոշած է նաեւ ուխտագնացութիւն մը կազմակերպել ապրիլ 7-ի Ծաղկազարդի օրը դէպի Մատրաս եւ պատարագ մատուցել ձեռամբ Երուսաղէմի միաբան Դաւիթ վրդ. Շաքեանի: Պատարագէն ետք հոգեհանգստեան պաշտօն կատարել Մատրասի եկեղեցւոյ բարերարներուն եւ Մատրասի հանգուցեալ ազգայիններուն հոգւոյն:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ’ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ապահովութիւն Եւ Ազատութիւն. Պոսթընի Ռմբահարումները Ծնունդ Կու Տան Բացայայտումներ Պարունակող Ծանօթ Հակազդեցութիւններու

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.