
Յորդանանի վարչապետ Ապտալլա Նսուր սէուտական «Մատինա» օրաթերթին յայտնեց, որ ժամանակ առ ժամանակ Յորդանան հասնող ամերիկեան բանակի անդամները այդ մէկը կը կատարեն Յորդանանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ զինուորական գործակցութեան ծիրին մէջ:
Ան նշեց, որ լրատուամիջոցներուն ակնարկած 200 ամերիկացի զինուորները տակաւին Յորդանան չեն հասած եւ անոնք պիտի գան քննարկելու համար երկու երկիրներուն զինեալ ուժերուն միջեւ համագործակցութեան եւ մարզումի հարցերը` նշելով, որ «այդ հարցը Սուրիոյ իրադարձութիւններուն հետ կապ չունի»:
Յորդանանի վարչապետը ընդգծեց, որ «Յորդանան պիտի չարտօնէ յորդանանեան հողերէն ընթացք առնող զինուորական որեւէ արարք` Սուրիոյ դէմ»:
Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ Հիւսէյն Ռաղեպ յայտնեց, որ «ունինք բազմաթիւ փաստաթուղթեր, որոնք կը փաստեն Սուրիոյ իրադարձութեանց Յորդանանի, Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի մեղսակցութիւնը եւ անոնք մօտ օրէն լրատուամիջոցներուն կողմէ պիտի սփռուին»:
Ան աւելցուց, որ «Սուրիան դիմադրութեան առանցքէն դուրս բերելու առումով, Քաթարի եւ Սէուտական Արաբիոյ աջակցութեամբ ամերիկեան-սիոնական ծրագիր մը գոյութիւն ունի` յօգուտ Իսրայէլի եւ պաղեստինեան դատին վերջ տրուելուն»:
«Ռաշա Թուտէյ» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտնած է, որ «Յորդանանի կողմէ 200 ամերիկացի զինուորներու հիւրընկալումը կրնայ Սուրիոյ տագնապը բարդացնել»` աւելցնելով, որ «այդպիսի քայլ մը Սուրիան իր տագնապէն դուրս բերելու համար անհրաժեշտ քայլերէն չէ, որովհետեւ միայն կ՛առաջնորդէ սուրիական տագնապին բարդացման, տագնապ մը, որ կը սպառնայ շրջանային աղէտ մը յառաջացնել»: Ան նշեց, որ այդ քայլը կը հակասէ Ժընեւի համաձայնութեան մէջ ստանձնուած յանձնառութիւններուն:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ զգուշացուց, որ այն ծայրայեղականները, որոնք այսօր Սուրիոյ մէջ մարտական փորձառութիւն ձեռք կը ձգեն, հետագային այդ փորձառութիւնը կրնան օգտագործել այլ երկրի մը դէմ:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու «Սի.Էն.Էն.Թիւրք»-ին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ վերջին երկու ամսուան ընթացքին սուրիական վարչակարգը Հալէպի դէմ 205 «Սքոտ» տիպի հրթիռ արձակած է եւ անհրաժեշտ է, որ միջազգային ընտանիքը այդ ամէնը զինուորական յանցագործութիւն նկատէ:
«Սուրիոյ մէջ ամէն մէկ «Սքոտ» մէկ թաղամաս կը ջնջէ, եւ ատիկա զինուորական յանցագործութիւն է: Այսուհետեւ պէտք է գործենք` ատիկա հաշուի առնելով, եւ պէտք է պատասխան պահանջենք ատոր համար: Ոչ ոք կրնայ պնդել, որ ատիկա զինուորական յանցագործութիւն չէ», ըսաւ ան եւ ընդգծեց մարդասիրական միջանցք ստեղծելու անհրաժեշտութեան մասին` յիշեցնելով, որ Թուրքիոյ մէջ սուրիացի գաղթականներու թիւը կը մօտենայ 200 հազարի սահմանին:


