Ս. Զատիկի Հանդիպում Հայաշէնի Մէջ
Հայաշէնի ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէն գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էր Ս. Զատիկի առթիւ հանդիպում մը կազմակերպելու Հայաշէնի «Թորգոմեան» վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, կիրակի, 14 ապրիլ, երեկոյեան ժամը 6:00-ին:
Սեղաններու շուրջ շուտով բոլորուեցան շրջանի ընկերները` իրենց պարագաներով եւ համակիր ընտանիքներ:
Կոմիտէութեան կողմէ հանդիպումը բացաւ Զաւէն Գալուստեան: Բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ան առաջարկեց, որ ընտրեն իրենց սեղանապետը: Միաձայնութեամբ սեղանապետը ընտրուեցաւ Արամ Միրաքեան:
Իր պարտականութիւնը ստանձնելով` Ա. Միրաքեան նախ առաջարկեց վայրկեան մը յոտնկայս յարգել յիշատակը երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. կաթողիկոսին: Առաջարկուեցաւ նաեւ յոտնկայս յարգել յիշատակը Հ. Յ. Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Ռոստոմի, որուն անունով մկրտուած է շրջանի կոմիտէութիւնը:
Շուտով ստեղծուեցաւ ջերմ մթնոլորտ: Սեղանապետին բոլոր առաջարկները գործադրուեցան: Անակնկալներ, երգեր ու խմբերգներ իրարու յաջորդեցին: Անթերի հիւրասիրութիւնն ու կենաց առաջարկուած բաժակները խանդավառութիւնը հասցուցին իրենց գագաթնակէտին:
Ապա խօսք տրուեցաւ Աբրահամ Ոսկերիչեանին, որ ջերմ ոգեւորիչ խօսքերով հակիրճ պատմականը ըրաւ շրջանի ազգային թէ կուսակցական գործունէութեան` թուելով աստիճանաբար արձանագրուած իւրաքանչիւր յաջողութիւն: Ընկերոջ տպաւորիչ խօսքերը մէջ ընդ մէջ ծափահարութիւններու արժանացան:
Երկարատեւ ծափերու արժանացաւ մանաւանդ այն յայտարարութիւնը, երբ ընկերը յայտնեց, թէ Հայաշէնի ՀՅ Դաշնակցութիւնը պիտի ունենայ իր սեփական ակումբը, իր տունը: Գնուած է արդէն 360 կանգուն տարածութեամբ երկյարկանի շէնք մը, որուն մէկ մասը պիտի օգտագործուի իբրեւ հասութաբեր կալուած:
1955-ին, այս նպատակին յատկացուելու համար, «Ռոստոմ» կոմիտէին քով եղած 5,500 լ. ոսկիի պատրաստ գումարին, շրջանի ընկերները սրտաբուխ նուիրատուութեամբ հաւաքած են նաեւ 4,000 լ. ոսկի: Կարեւոր բաց մը ունինք, յայտնեց Ա. Ոսկերիչեան, որուն համար ձեռնարկած ենք թաղային հանգանակութիւն:
Խանդավառ այս մթնոլորտին մէջ խօսք առաւ թաղի Վահան քհն. Տէր Ղազարեանը` շեշտելով անհրաժեշտութիւնը այս ակումբին, որ պիտի սատարէ նորահաս սերունդին, հայ մթնոլորտի մը մէջ հայեցի դաստիարակութեան, հայապահպանման ազնիւ գործին: Տէր հայրը սրտաբուխ ու վարակիչ շեշտով յայտարարեց, թէ 100 լ. ոսկի կը նուիրէ այս առթիւ:
Ներկայ գտնուող համակիր հայրենակիցները, մասնակցելով նուիրատուութեան, հանգանակութեան գումարը հասցուցին 1200 լ.ոսկիի: Հանգանակութիւնը կը շարունակուի:
«Յառաջ նահատակ» եւ «Մշակ բանուոր» խմբերգներով այս գեղեցիկ հաւաքոյթը վերջ գտաւ եւ ներկաները լաւագոյն տպաւորութիւններով մեկնեցան սրահէն:
ԹՂԹԱԿԻՑ
Քեսապի Ուսումնասիրացի
Զատկուան Երեկոյթը
Ուսումնասիրացին աւանդութիւնն է այլեւս, ամէն Զատկի առթիւ կազմակերպէ հաւկթամարտի երեկոյ մը, որուն ընթացքին հայրենակիցներ իրարու քով գալով` կ՛անցընեն հաճելի երեկոյ մը:
Ապրիլ 13, շաբաթ երեկոյեան, քաղաքի ժողովրդային տունը կը լեցուի քեսապցի հայրենակիցներով եւ բարեկամներով: Սեղանները արդէն իսկ սկսած են ծանրաբեռնուիլ պէս-պէս խմիչքներով եւ ուտելիքներով: Օրուան թամատան է Ճորճ Մանճիկեան, որ յաւուր պատշաճի մէկ քանի խօսք կ՛ուղղէ հայրենակիցներուն` դրուատելով ուսումնասիրացն ու անոր տարած աշխատանքը:
Անակնկալներ իրարու կը յաջորդեն: Աստղիկ Կարպուշեանի քաղցր ձայնը կը լեցնէ սրահը: Ապա աղջկան քնքուշ ձայնին կը յաջորդէ Գուրգէն Աբէլեանին առնական ձայնը: Վարուժան Մազմանեանին մատները կը հպին դաշնակի ստեղնաշարին, եւ հայկական եղանակը կը յորդի…
Քիչ վերջ խօսք կ՛առնէ միութեան ատենադպիր Կիրակոս Թիթիզեան, որ կոչ կ՛ուղղէ հայրենակիցներուն, որպէսզի գան ու բոլորուին միութեան շուրջ: Ասոր կը յաջորդէ Գուրգէն Թրթռեանին խօսքը: Ան նախ մէկ վայրկեանի լռութեան կը հրաւիրէ մեզ` յարգելու համար յիշատակը վեհափառ հօր: Ապա հայր սուրբը կը թուէ հայ ըլլալու առաքինութիւնները եւ հպարտանքին պատճառները, մանաւանդ քեսապցի հայ ըլլալու հպարտանքին պատճառները…. եւ կոչ կ՛ուղղէ հայրենակիցներուն, որ ամուր կառչին Քեսապին, եւ ուր որ երթան, չմոռնան Քեսապն ու հոն ապրող հայրենակիցները:
Անհամբեր է ժողովուրդը… հաւկիթները, Քրիստոսի արեւուն գոյնով ներկուած հաւկիթները ե՞րբ մէջտեղ պիտի գան: Ահա՛ դեռատի պարմանուհիներ սեղանէ սեղան կը շրջին, ու կէս ժամ չանցած` արդէն իսկ 1500 հաւկիթներ իրարու հետ ճակատած էին ու` զիրար նուաճած:
Հազիւ թէ հաւկիթները հաշուեյարդարի ենթարկուած` ահաւասիկ «դաշտ» կ՛իջնէ շոքոլայի զամբիւղ մը, նուէր Ա. Տէր Խաչատուրեանէն: Շուտով աճուրդի թիւերը կը խլուին, եւ զամբիւղը կ՛երթայ իյնալու փոքր տղեկի մը գիրկը…
Հիմա սրինգն է, որ կ՛ալեկոծէ մթնոլորտը իր խայտացնող եղանակներով: Հայրենակիցներու ոտքերն ու սրտերը շուտով կը սկսին շարժիլ եւ շուրջպարը կը սկսի տաքնալ…
Առտուան փոքր ժամերուն է, որ հայրենակիցները սրահէն կը հեռանան` իրենց թեւերնուն տակ պատսպարելով կոտորուած կարմրուկ «ռազմիկ»-ները… այսինքն` հաւկիթները…
ԹՂԹԱԿԻՑ
