Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Հարազատները Բողոքի Ցոյցեր Կատարեցին Թրքական Երեք Կեդրոններու Դիմաց` Խոստանալով Մագլցողական Քայլերու Դիմել

April 19, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներու հարազատները երէկ Կեդրոնական Պէյրութի մէջ կատարեցին բողոքի ցոյցեր թրքական մշակութային կեդրոնին, օդանաւային ընկերութեան եւ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան գրասենեակին դիմաց:

Ապահովական խիստ միջոցառումներու ներքեւ, առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները պահանջեցին Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզի երկրէն դուրս շպրտումը:

Անոնք շեշտեցին, որ իրենց նպատակն է Լիբանանի մէջ թրքական շահերը ներկայացնող բոլոր կեդրոններուն փակումը` աւելցնելով, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն նաեւ արգիլելու համար Պէյրութ-Պոլիս թռիչքները:

«Թուրքերն են, որոնք առեւանգած են մեր հարազատները եւ հովանաւորած են անոնց առեւանգումը: Այս իրականութեան դիմաց մենք ձեռնածալ պիտի չմնանք եւ պիտի հարուածենք Լիբանանի մէջ թրքական շահերը», ըսին անոնք:

Առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները շեշտեցին, որ իրենք ոչինչ ունին կորսնցնելիք, եւ փակեցին դէպի Նըժմէ հրապարակ առաջնորդող փողոցը, ինչ որ երթեւեկի խճողում պատճառեց:

Բողոքի ցոյցէն ետք առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքներէն կազմուած պատուիրակութիւն մը ուղղուեցաւ խորհրդարան եւ հանդիպում մը ունեցաւ երեսփոխաններ Ղազի Զաայթերի, Քասեմ Հաշեմի եւ Ֆատի Աուարի հետ:

Հանդիպումէն ետք ընտանիքներուն պատուիրակութիւնը երեսփոխանական պլոքներէն աշխուժ մասնակցութիւն պահանջեց` ճնշում բանեցնելու եւ պահանջելու առեւանգուած լիբանանցիներուն անմիջական ազատ արձակումը:

Պատուիրակութիւնը շեշտեց, որ յառաջիկայ օրերուն իրենք մագլցողական քայլերու պիտի դիմեն: Անոնք շեշտեցին, որ հանրապետութեան նախագահը կը վարուի իբրեւ մէկ համայնքի նախագահ, ինչ որ լաւ չէ: «Մենք հանրապետութեան նախագահէն կը պահանջենք իր մօտ կանչել թուրք դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը եւ զգուշացնել զայն», ըսաւ ան:

Առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները կոչ ուղղեցին բոլոր լիբանանցի առեւտրականներուն վերջ տալու Թուրքիայէն սննդեղէն, հագուստեղէն կամ այլ արտադրութիւններ Լիբանանի մէջ վաճառելու աշխատանքին, մինչեւ իրենց հարազատներուն տունդարձը:

Զաայթեր յայտնեց, որ այդ հարցը միայն առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքներուն հարցը չէ, այլեւ բոլոր լիբանանցիներուն հարցը եւ խոստացաւ ընտանիքներուն պահանջները փոխանցել խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:

 

Նախորդը

Մանսուր – Ապատի Հանդիպում

Յաջորդը

«Լիբանանցիներուն Գոյատեւման Միակ Երաշխիքը Ազատ, Գերիշխան Եւ Բանակ Ունեցող Լիբանանն Է» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.