Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՊԱՏԵՐԸ ԽԾԲԾՈՂ ՀՌՉԱԿԱՒՈՐ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ՊԱՆՔՍԻԻ ՄԷԿ ՈՐՄՆԱՆԿԱՐԸ ՎԵՐՋԵՐՍ ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷԿ ՓՈՂՈՑԷՆ ՀԱՍԱԾ ԷՐ ՄԱՅԱՄԻԻ ՄԷՋ ԱՃՈՒՐԴԻ ՎԱՃԱՌԱՏՈՒՆ ՄԸ, ԱՊԱ ԱՆՀԵՏԱՑԱԾ ԷՐ ՇՈՒԿԱՅԷՆ: ԵՐԵՒՈՅԹԸ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՐ, ԹԷ ՊԱՏԵՐԸ ԽԾԲԾԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ ԱՅԼԵՒՍ ՊԱՐԶԱՊԷՍ ՔԱՂԱՔԱՅԻՆ ՄԻՋԱՎԱՅՐԻ ԱՐԱՏ ՄԸ ՉԷՐ ՆԿԱՏՈՒԵՐ: ԱՅՍՈՒՀԱՆԴԵՐՁ, ՀԱԶՈՒԱԴԷՊՕՐԷՆ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻՆՔ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ՄԸ ՄԷՋ ԱԶԱՏ ՀԱՄԱՐՁԱԿ ՊԱՏԵՐԸ ԽԾԲԾՈՂ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐՈՒ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ՆՄԱՆ ԴԷՊՔ ՄԸ, ՈՐ ՍԿԻԶԲ ԱՌԱԾ Է ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԳՐԱՒԵԼՈՒ ՆՊԱՏԱԿՈՎ ԵՒ ՎԵՐԱԾՈՒԱԾ Է ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԼՈՒՐՋ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄԻ:
Պատերը խծբծող սպանացի արուեստագէտ Ռաուլ Սանչեզ Արաքէ, որ նաեւ ծանօթ է Հաուս անունով, հեղինակ է այլազան գործերու: Սակայն անակնկալ էր իրեն համար, երբ Պարսելոնայի մօտակայ Լ՛Հոսփիթալեթ քաղաքին Սանթա Եուլալիա եկեղեցիին մէկ հովիւը կապ հաստատած էր իրեն հետ:
Կրօնաւորը խնդրած էր, որ Հաուս եւ պատերը խծբծող անոր մէկ բարեկամը` Ռուտի պատկերազարդէին նոր հռոմէական ոճով կառուցուած եկեղեցին, մասնաւորաբար` անոր գմբէթին առաստաղը գլխաւոր խորանին վերեւ:
Ինչպէս քաթալաններու բազմաթիւ եկեղեցիներու մէջ` Սանթա Եուլալիայի ներքին յարդարանքը ժուժկալ է: Պատերը ներկուած են անհրապոյր գոյներով, Յիսուսի, Աստուածածինի եւ սուրբերու արձանները պարզ են:
Կրօնաւորը` Ռամոն Պոր, հաւասարակշռութիւն մը ստեղծելու նպատակով որոշած է գլխաւոր գմբէթը քիչ մը բարեփոխել:
«Թէեւ մամուլը գայթակղած է պատերը խծբծող արուեստագէտներու պատմութիւններով, սակայն ինծի համար պատերը խծբծելը պարզապէս գեղարուեստական այլ միջոց մըն է», կ՛ըսէ ան:
Պորի ընտրութեան ետին կային նաեւ գործնական նկատառումներ. աւանդական արուեստագէտներու պահանջած գիները եկեղեցիին պիւտճէէն շատ աւելի էին:
Պոր քիչ մը կը տատամսէր սկիզբը: «Թելադրեցի լուրջ գոյներ գործածել,- կը պատմէ Պոր:- Բայց անոնք ըսին` տե՛ս, փորձենք վառ գոյներ գործածել, եւ եթէ չսիրես, կը ջնջենք»:
Պորի ընտրած արուեստագէտները 10 օրուան մէջ եւ գիշեր մը մինչեւ առաւօտ աշխատելով աւարտած են գմբէթին պատկերազարդումը` նոյն օրուան հարսանիքէն առաջ:
Արդիւնքը եկեղեցիին գմբէթին մէջ գոյներու հրաշագեղ ժայթքում մըն է` կապոյտի, կարմիրի եւ կանաչի վառ ու հարուստ երանգներով:
Սակայն չկարծէք, թէ կիրարկուածը փողոցներու պատերուն յատուկ ոճն է: Իրօք, անիկա հաւատարիմ է հռոմէական ոճին` Եուլալիա սուրբին, Աստուածամօր, մանուկ Յիսուսի եւ հաւատացեալներու հօտին պատկերումներուն մէջ:
«Իրենց ըսի, թէ աշխատանքի սկսելէ առաջ պէտք էր այցելէին Պարսելոնայի մէկ թանգարանը` ուսումնասիրելու համար հռոմէական ոճը, որ կը հետաքրքրէր զիս,- կ՛ըսէ Պոր:- Հետեւաբար գացին, ուսումնասիրեցին եւ նոյնիսկ գիրքեր գնեցին»:
Միայն անկէ ետք յայտնուեցան ներկ սրսկող շիշերը:
Հաուս լիաժամ աշխատող 34 տարեկան արուեստագէտ մըն է, որ կ՛իրագործէ տարբեր ապսպրանքներ, որոնց համար կը վճարուի: Ան նաեւ կը կատարէ իր «սեփական խծբծումները», որոնք սփռուած են Ալիքանթէի տարածքին, ուր կը բնակի ան: Արուեստագէտը բազմիցս ձերբակալուած է իր այս խծբծումներուն համար:

Երբ Պոր եկեղեցիին գմբէթը պատկերազարդելու պատուէրը կատարած է Հաուսի, ան միաժամանակ զարմացած է, հրճուած է եւ ջղագրգիռ վիճակ մը ապրած է:
«Միայն պատերը խծբծող արուեստագէտ մը կրնայ գիտնալ, թէ ներկ սրսկող շիշեր գործածած ենք,- կ՛ըսէ Հաուս:- Փորձեցինք ծածկել այս: Յայտնապէս հռոմէական ժամանակներուն ներկ սրսկող շիշեր գոյութիւն չունէին»:
Սակայն այս չի նշանակեր, թէ Հաուս ամբողջութեամբ կատարած է Պորի փափաքները:
Եթէ լաւ դիտենք հաւատացեալներու հօտին մէջ պատկերուած կերպարները, կը տեսնենք տարեց կին մը, որ մատնոց մը կու տայ մանչուկի մը: Կինը Հաուսի մեծ մայրն է, վարպետ դերձակուհի մը, որ 1950-ական տարիներուն հրաշքով փրկուած է ողնածուծի մահացու հիւանդութենէ մը:

Հաուս կ՛ըսէ, թէ ինք հաւատացեալ չէ աւանդական առումով, սակայն կը կարծէ, թէ ասիկա հարց չէ:
«Նոյնիսկ, երբ չես հաւատար Աստուծոյ, կրնաս հաւատալ մարդոց բարի տրամադրութեան», կ՛ըսէ ան:
Պոր ուրախ է, որ արուեստագէտները անձնականացուցած են գործը: Ան այժմ կը ծրագրէ Հաուսը, Ռուտին եւ անոնց ներկի շիշերը դարձեալ ընդունիլ միջնադարեան եկեղեցիին մէջ, որպէսզի այլ մասեր պատկերազարդեն: Ան պատրաստ է ամէն ինչ ընել` յաւելեալ թիւով ժողովուրդ ներգրաւելու համար:
«Ինչպէս Պենետիկդոս ԺԶ. պապը ըսած է, արուեստը պէտք է ներգրաւէ հաւատացեալները»:
Սպանական եկեղեցի մը վերջին անգամ մեծ աղմուկ բարձրացուցած էր, երբ մեծ մայր մը վրձին մը առնելով` բարի նպատակներով վերանորոգած էր Յիսուսի փճացած մէկ որմանկարը: Այնուհետեւ ոմանք նկարը կոչած են «Պորխայի կապիկ տղան»…
Թաղին անկիւնը` գինետան մը մէջ խումբ մը տղամարդիկ գարեջուր կը խմեն գործէն վերադարձին: Անոնք եկեղեցի յաճախող մարդիկ չեն: երբեք չեն տեսած պատկերազարդուած գմբէթը, սակայն տպաւորուած են անոր լուսանկարներով:
Գինետան ծայրը նստած մարդ մը կը խոստովանի. «Նկարը տեսայ թերթին մէջ եւ գացի տեսնելու զայն: Գեղեցիկ է»:
«Տղա՛ք, պէտք է անգամի մը համար վար դնէք խմիչքը եւ երթաք տեսնէ՛ք գմբէթը,- կը յորդորէ ան:- Վնաս չի տար քիչ մը ժամանակ անցընելը Աստուծոյ տան մէջ»:


