Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

«ԼԵՆՏՖԻԼՀԱՐՄՈՆԻՔ» ԿԱՄ` ՓԱՐԱԿՈՒԷՅԻ «ՎԵՐՍՏԻՆ ՇՐՋԱՆԱՌՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԴՐՈՒԱԾ ԻՐԵՐԷ ԲԱՂԿԱՑԱԾ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԸ» ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ ԵՒ ԽՈՐԱՊԷՍ ՏՊԱՒՈՐԻՉ ԵՐԵՒՈՅԹ ՄԸՆ Է, ՈՐ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՅ ՈՉԻՆՉԷՆ ԱՐՈՒԵՍՏ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏՈՎ ԻՆՔԶԻՆՔ ԳԵՐԱԶԱՆՑԵԼՈՒ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ: «ՏԻՍ ԻԶ ՔՈԼԼՈՍԸԼ» ԵՒ «ՏԸ ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԿԱՅՔԵՐԸ ԿԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՆ ՏԵՍԵՐԻԶ ՄԸ, ՈՐ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԱՂԲԱԿՈՅՏԵՐԷՆ ՀԱՒԱՔՈՒԱԾ ԻՐԵՐՈՎ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՍՈՒՐ ՀՆՉԵՂՈՒԹԵԱՄԲ ԳՈՐԾԻՔՆԵՐ ՇԻՆԵԼՈՒ ԵՒ ԱՄԲՈՂՋ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՄԲ ՈԳԵՒՈՐԵԼՈՒ ԱՆԵՐԵՒԱԿԱՅԵԼԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԸ: ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԸ ԱՅՆՔԱ՛Ն ՀԶՕՐ Է, ՈՐ ԱՅԺՄ ՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆ ՄԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԱՆՈՐ ՄԱՍԻՆ:

Փարակուէյի մէջ Քաթեուրան փոքր գիւղաքաղաք մըն է, որ կառուցուած է հսկայական աղբանոցի մը վրայ եւ կը նկատուի Հարաւային Ամերիկայի ամէնէն աղքատ շրջաններէն մէկը. վայր մը, ուր մարդիկ իրողապէս կը բնակին աղբի անծայրածիր տարածութիւններով շրջապատուած: Սակայն, անհաւատալիօրէն այս աղբանոցը ինքնին գոյատեւումի գլխաւոր աղբիւրն է անոր բնակիչներուն, որոնք աղբակոյտերը կը խառնեն` վաճառելի իրեր հաւաքելու յոյսով: Քաթուերայի մէջ ծնած մանուկներու ապագան մռայլ է. շատերուն կը սպասեն աւազակախումբերը եւ թմրեցուցիչները: Սակայն օր մը պատահեցաւ զարմանահրաշ բան մը:
Նիքոլաս Կոմեզ կամ «Քոլա» անունով ճանչցուած աղբահաւաք մը տեսաւ աղբի կտոր մը, որ ջութակի կը նմանէր եւ զայն տարաւ երաժիշտ Ֆաւիօ Չաւեզի: Աղբանոցէն հաւաքուած այլ իրեր գործածելով` երկուքը միասին շինեցին «գործող» ջութակ մը, այնպիսի վայրի մը մէջ, ուր իրական ջութակ մը կ՛արժէր բնակարանէ մը աւելի: Ապա ամբողջութեամբ աղբերէն հաւաքուած իրեր մէկտեղելով` անոնք շինեցին թաւջութակ մը, սրինգ մը եւ թմբուկ մը: Եւ յանկարծ ծնունդ առաւ աներեւակայելի գաղափար մը. արդեօք կարելի՞ էր մանկապատանեկան նուագախումբ մը ստեղծել աշխարհի ամէնէն թշուառ վայրերէն մէկուն մէջ: Ինչպէս արդէն կռահեցիք, պատասխանը «այո՛» էր:

Այժմ ժապաւէն պատրաստողներու եւ նկարահանողներու խումբ մը կը փորձէ նուագախումբին պատմութիւնը պատմել վաւերագրական ժապաւէնի մը մէջ, որուն վերնագիրն է. «Լենտֆիլ հարմոնիք»: Յայտնապէս նուագախումբը բազմաթիւ մանուկներու եւ պատանիներու կը խոստանայ յաջողութեան առիթներ` ստորին թաղամասերէն դուրս:
«Կեանքս անիմաստ պիտի ըլլար առանց երաժշտութեան», կ՛ըսէ ջութակ նուագող աղջնակ մը:
«Երբ ջութակ կը նուագեմ, տարօրինակ զգացում մը կ՛ապրիմ», կ՛ըսէ ուրիշ մը:
Նուագախումբը արդէն համերգային շրջապտոյտներ կը ծրագրէ Միացեալ Նահանգներու տարածքին: Ժապաւէնին պատրաստութեան համար դրամահաւաք կը կատարուի ստեղծագործական ծրագիրներու համար նիւթական աղբիւրներ հաւաքող «Քիքսթարթըր» կայքին ճամբով, ուր արդէն գոյացած է ժապաւէնին անհրաժեշտ գումարին կէսը:
Տեսերիզը, որ հրապարակուած է վերոնշեալ կայքերուն մէջ, մաս կը կազմէ ծանուցումի արշաւի մը, որուն նպատակն է նիւթական աղբիւրներ հաւաքել վաւերագրական ժապաւէնին պատրաստութեան համար: Անոր ներածականը կ՛ըսէ. «Աշխարհը աղբ կ՛ուղարկէ մեզի, մենք կը փոխադարձենք երաժշտութեամբ»: Անիկա կը պատկերէ ստորին թաղամասերու դժնդակ կեանքը եւ լուսարձակի տակ կ՛առնէ սպառողականութեան համաշխարհային վտանգները:

«Մարդիկ կ՛անդրադառնան, թէ պէտք չէ առանց մտածելու աղբ թափենք», կ՛ըսէ նուագախումբին ղեկավարը` Չաւեզ:
«Նաեւ պէտք է չէ, որ մարդիկը աղբի վերածենք», կ՛աւելցնէ ան:
Մինչ այդ` խումբ մը մանուկներ եւ պատանիներ դասական երաժշտութիւն կը հնչեցնեն` նուագելով Վիվալտի …


