Երրորդ կազմին բեմելը
Համազգայինի «ԱՅԳ» երիտասարդական երգչախումբին տարեկան համերգին բեմ կը բարձրանամ խառն մտորումներով եւ զգացումներով:
Նախորդ անգամ խմբավարի աւանդական խօսքս վերնագրեր էի «Հոսանքն ի վեր…»: Նոյն ընթացքով թիավարելով, հասանք նոր հանգրուանի մը` գրեթէ ամբողջութեամբ կորսնցնելով նախորդ ձեռքբերումները եւ ամէն ինչ վերսկսելով սկիզբէն:
Արդարեւ, երգչախմբային լուրջ արուեստի եւ առհասարակ վաւերական արուեստի նկատմամբ նորահաս սերունդին մօտ հետաքրքրութեան ու ընկալումի զգալի եւ օր աւուր ահագնացող անկումի ընթացքը, զանազան զբաղումներով ծանրաբեռնուած երիտասարդութեան մօտ ժամանցային զբաղումներուն տիրապետումը, դեռ դպրոցական տարիքէն դասերուն զուգահեռ աշխատանքի անցնելու հարկադրանքը առաւել կը դժուարացնեն մեր գաղութին մէջ երգչախումբ պահելու կարեւոր առաքելութիւնը: Օր ըստ օրէ կը նօսրանան մեր երգչախումբերուն մէջ երգելու ցանկութեամբ ու փորձառութեամբ օժտուած անհատները, որակական անկում կը կրէ մեր երգչախումբերուն կատարողական արդէն իսկ սիրողական մակարդակը, նուազագոյնի հասած է ինքնակամօրէն երգչախումբի եւ առհասարակ արուեստի երեկոյ մը գնահատողներուն թիւը, փոխարէնը աճ կ՛արձանագրէ առանց կրթական լուրջ պատրաստութեան բեմ ելլողներու թիւը, կ՛աճի նաեւ անգիտակից կերպով զանոնք ծափահարողներուն եւ դեռ չծլած իսկ յղփացնելով ամլացնողներուն քանակը: Հետեւողական եւ համակողմանի ծրագրի մը բացակայութեան պատճառով անմշակ կը կը մնայ մեր ունկնդիրներուն մեծագոյն մասին երաժշտական ճաշակը: Ճշգրիտ եւ արդար գնահատական տալու ունակութենէ զուրկ կը մնան մեր մամուլն ու հանրութիւնը: Հայապահպանումի անհիմն ու ժամանակաւոր խաբկանքի կը վերածուի ու կը վատնուի միութիւններու եւ անոնց գեղարուեստական ղեկավարներուն հսկայական ճիգն ու ջանքը:
Այս պայմաններուն մէջ է, որ առաքելատիպ լուսամիտ մարդոց ստեղծած Համազգայինի հիմնադրութեան 85-ամեակին առիթով պատրաստուած եմ բեմ հանել Համազգայինի «ԱՅԳ» երգչախումբը` իր զոյգ նուագախումբերով:
Նախորդ երկու կազմերը հասած էին նկատառելի մակարդակի` ելոյթներ ունենալով Լիբանանէն դուրս ալ: Յարատեւելու պարագային, հասած պիտի ըլլային անսահմանօրէն աւելի մեծ որակական արդիւնքի:
Ուրախութիւնս մեծ է հինգ տասնեակ այս տղոց ու աղջիկներուն ձեռք բերած յաջողութիւններուն եւ նուիրումին համար:
Տխրութիւնս մեծ է կեանքի պայմաններու բերումով «Կարկաչ»-ի թէ «Այգ»-ի մէջ փորձառութիւն ձեռք ձգած նախկին սաներուս այս կազմէն բացակայութեան փաստին առջեւ:
Յայտագրին առաջին մասը ամբողջութեամբ բազմալեզու խմբերգներ են, որոնց ընտրութիւնը կատարուած է «ԱՅԳ»-ականներու կողմէն: Տուրք տալով իրենց նախասիրութիւններուն ուրախութեամբ նկատած եմ, որ անոնց ճաշակը էապէս կը տարբերի իրենց տարեկիցներուն սիրած ու ունկնդրած ինծի համար տաղտկալի «երգ»-երէն: Իսկ երկրորդ մասին երգացանկը ամբողջութեամբ հայկական ու հայեցի է, նոյնպէս` մեծ մասով «ԱՅԳ»-ականներու առաջարկով կազմուած: Հանրամատչելի ու ծանօթ հայերէն երգերով վարժեցնելով զիրենք բազմաձայն երգեցողութեան, յառաջիկային հասնելու ենք առաւել ազգային ու վաւերական երգացանկի մը կատարողութեան:
Այս է մեր հաւաքական հեռանկարը , որուն իրագործումը արդէն իսկ կ՛ուրուագծուի մեր արջեւ:
Անշուշտ եթէ կեանքը մեզի չպարտադրէ անդամական նոր կորուստներ եւ «Ծիծեռնակին բոյնը» տխուր երգին պէս չորրորդ անգամ ըլլալով չստիպուիմ վերսկսիլ նոյն աշխատանքը , տխրօրէն յիշելով եւ կրկին ցաւելով նաեւ այս հանգրուանի ձեռքբերումին կորուստին համար: Արդէն ժողովրդային իմաստութիւնն ալ կ՛ըսէ` «Մէկը լաւ է, երկուքը բաւ է, երեքը` ցաւ»…
Ձեր`
ՊԱՐՈՆ ԶԱՔԱՐ


