
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նախկին վարչապետներ Օմար Քարամէի, Ֆուատ Սինիորայի, որ ներկայ էր անձնական հանգամանքով եւ իբրեւ ներկայացուցիչ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի, եւ նոր նշանակուած վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ:
Առողջական պատճառներով հանդիպումէն բացակայեցաւ նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս:
Նախկին վարչապետներուն հանդիպումէն բխած հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ 14 ապրիլ 2013-ին Տար Ֆաթուայի մէջ հանրապետութեան միւֆթի Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի կողմէ Իսլամ կրօնաւորներու գերագոյն խորհուրդի յաղթանակը յայտարարելու քայլը օրինազանցութիւն կը նկատուի, որովհետեւ նախապէս տրուած է այդ ընտրութիւնները կասեցնելու որոշում մը, որ իր կարգին վաւերացուած է պետական շուրային կողմէ:
Հետեւաբար, միւֆթի Քապպանի դատական իշխանութիւններուն ու պետական շուրային որոշումը խախտած է, եւ իբրեւ այդպիսին օրինազանցութեան հիման վրայ յայտարարուած յաղթանակները անգոյ են:
Այս իմաստով որոշուեցաւ նաեւ, որ այդ ընտրութիւններուն արդիւնքները չհրապարակուին պետական պաշտօնաթերթին մէջ:
Նախկին վարչապետները որոշեցին իրենց նիստերը բաց պահել` դիմադրելու համար սիւննի համայնքին սպառնացող եւ համայնքին գերագոյն շահերուն վնաս հասցնող բոլոր արարքներուն:


