Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՇՆՈՏԱ Գ. ՂՊՏԻՆԵՐՈՒՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԻՐԵՆՑ ՆՍՏԱՑՈՅՑԻՆ ԱՆՄԻՋԱՊԷՍ ՎԵՐՋ ՏԱԼՈՒ

May 18, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ղպտիներու Շնոտա Գ. պապը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով եգիպտական պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայանին առջեւ նստացոյց կատարող եւ Մասփիրոյի ցուցարարներ անունով ծանօթ ղպտիներուն կոչ ուղղեց անմիջապէս վերջ տալու նստացոյցին, եւ զանոնք զգուշացուց իշխանութեան համբերութեան սպառումէն` վստահեցնելով, որ միակ տուժողը իրենք պիտի ըլլան, եթէ իրենց նստացոյցը յաւելեալ մէկ վայրկեան իսկ շարունակեն:

Նշենք, որ ղպտիները 18-րդ օրն ըլլալով կը շարունակեն Իմպապայի դէպքերուն դէմ իրենց բողոքի նստացոյցը: Անծանօթներ շաբաթ օր երեք առանցքներէ կրակ բանալով եւ քոքթել մոլոթով նետելով յարձակում գործած էին նստացոյց կատարողներուն վրայ` պատճառելով 67 վիրաւորներ: Ապահովական ուժերը միջամտելով կասեցուցած էին երկու կողմերուն միջեւ բախումը եւ ձերբակալութիւններ կատարած: Ըստ ականատեսներու, ղպտիները յարձակում գործողներէն շատեր գերի բռնած են: Անոնց փաստաթուղթերուն ստուգումէն ի յայտ եկած է, թէ անոնք նախապէս Եգիպտոսի իշխող Ազգային կուսակցութեան Շարքիա նահանգի մասնաճիւղի անդամներ են: Անոնք փոխանցուած են ոստիկանութեան:

Շնոտա Գ. պապը իր հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց, որ նստացոյցը «շրջանցեց ազատ կարծիքի արտայայտումը, եւ կռիւի ու հրացանաձգութեան ձեւ ստացաւ, իսկ այդ բոլորը կը վնասէ Եգիպտոսի վարկին եւ ինքնին ղպտիներուն, ուստի անհրաժեշտ է անմիջապէս վերջ տալ այս նստացոյցին»:

 

Նախորդը

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ ԾՈՎՈՒԺԸ ՊԱՀՐԷՅՆԻ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՓՈՒԹԱՅ. ՊԱՀՐԷՅՆ ԱՆԿՈՉ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ ՓՈԽԱԴՐՈՂ ԻՐԱՆԵԱՆ ՆԱՒՈՒ ՄԸ ՈՒՂԱՐԿՈՒՄԸ ԻՐ ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՆԿԱՏԷ

Յաջորդը

ԵՒՐՈՏԵՍԻԼԵԱՆ ԱՊՏԱԿ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.