Պահրէյնի մամլոյ հարցերու յանձնախումբի նախագահ շէյխ Ֆաուազ պըն Համատ Ալ Խալիֆա յայտնեց, որ Մանամա Իրանէն չէ խնդրած Պահրէյն նաւով օժանդակութիւն ուղարկել: Ան իրանեան այդ քայլը իր երկրին ներքին հարցերուն միջամտութիւն նկատեց: Ալ Խալիֆա յայտնեց, որ իրանեան նաւուն միջոցով իրանեան քաղաքային խմբակ մը մտադիր է Պահրէյն ուղղուիլ` Պահրէյնի ժողովուրդը փրկելու, սակայն Պահրէյն Իրանէն օժանդակութիւն չէ խնդրած եւ նաեւ հիւրընկալելու համար անոր հետ դիւանագիտական որեւէ համակարգում չէ կատարած, ուստի այդ մէկը Պահրէյնի ներքին հարցերուն միջամտութիւն պիտի ըլլայ:
Քուէյթի մէջ զինուորական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ քուէյթեան ծովուժը, որ Պահրէյնի մէջ «Կղզիի վահան» գործողութեան կը մասնակցի, այդտեղ պտոյտ կատարելու չէ մեկնած, այլ` Պահրէյնի ջուրերը արտաքին որեւէ բռնարարքէ զերծ պահելու: Անոնք քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Պահրէյնի դէմ որեւէ ոտնձգութիւն Քուէյթի դէմ ոտնձգութիւն կը նկատուի: Անոնք նշեցին, որ իբրեւ դրացի երկիր կը յարգեն Իրանը, սակայն զգուշացուցին զայն Արաբական ծոցի երկիրները գրգռելէ, որովհետեւ եթէ Իրան շրջանին մէջ խաղաղութեան կը ձգտի, ապա պէտք է Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի զինուորական կարողութիւնները չփորձէ:
Նշենք, որ իրանեան Պասիժ ուժերու մէկ ղեկավարը Պահրէյնի ժողովուրդը պաշտպանելու համար դէպի Պահրէյն նաւարկումի մը մասին յայտարարութիւն կատարած էր:


