Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսլամ Կրօնաւորներու Գերագոյն Խորհուրդի Ընտրութիւններ

April 15, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ, ներկայութեամբ նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսի, յայտարարեց, թէ Իսլամ կրօնաւորներու գերագոյն խորհուրդին ընտրութիւնները տեղի ունեցած են եւ խորհուրդը ընտրուած է` մրցակիցի չգոյութեան պատճառով:

Իսլամ կրօնաւորներու գերագոյն խորհուրդին մաս կազմող 15 անդամներ արդէն իսկ ընտրուած են` նկատի ունենալով, որ անոնք մրցակիցներ չունին, իսկ աւելի ուշ` ըստ օրէնքի` խորհուրդին մաս պիտի կազմեն 8 այլ անդամներ, որոնք պիտի նշանակուին հանրապետութեան միւֆթիին կողմէ:

Այս կը նշանակէ, թէ առանց Թրիփոլիի եւ Պեքաայի արդիւնքներուն, 32 անդամ հաշուող Իսլամ կրօնաւորներու գերագոյն խորհուրդին 23 անդամները արդէն իսկ ճշդուած էին:

Նշենք, որ Պեքաայի եւ Թրիփոլիի մէջ ընտրութիւններ տեղի չունեցան` նկատի ունենալով, որ ընտրութիւններուն օրինականութեան համար անհրաժեշտ թիւ կարելի չէր եղած ապահովել:

Միւֆթի Քապպանի յայտնեց, որ Իսլամ կրօնաւորներու գերագոյն խորհուրդին ընտրութիւնները կատարուած են կատարեալ ժողովրդավարութեամբ` աւելցնելով, որ այդ ընտրութիւնները կատարուած են կատարեալ խաղաղութեամբ եւ ապահովութեամբ: Այս ծիրին մէջ ան շնորհակալութիւն յայտնեց նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսի: Ան շեշտեց, որ ինք առաջին անգամ չէ, որ Իսլամ կրօնաւորներու գերագոյն խորհուրդին ընտրութիւնները կը կազմակերպէ եւ աւելցուց, որ այս ընտրութիւնները կատարուած են կատարեալ օրինականութեամբ, իսկ պատմական այս առիթին ընթացքին, ինք բոլորին  գործակցութեան ձեռք կ՛երկարէ` դիմագրաւել կարենալու համար շրջանին սպառնացող վտանգները:

Օրինական առումով Պէյրութի նոտար Ատնան Հուսամի վաւերացուց Իսլամ կրօնաւորներու գերագոյն խորհուրդին ընտրութիւններուն արդիւնքները, իսկ քաղաքական առումով Հըս վաւերացուց այդ ընտրութիւններուն արդիւնքները:

Միւս կողմէ, Մուսթաքպալ հոսանքը խստիւ մերժեց Տար Ֆաթուայի կողմէ յայտարարուած արդիւնքը: Այս շրջագիծին մէջ Իսլամ կրօնաւորներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ Օմար Մըսքաուի յայտնեց, որ այս ընտրութիւնները ապօրինի են:

Մըսքաուի շեշտեց, որ նման ընտրութիւններ պէտք է նուազագոյն օրինականութիւնը ընդգրկեն:

Նախորդը

Նախագահ Սլէյման Կը Դատապարտէ Իսրայէլեան Ոտնձգութիւնները

Յաջորդը

Բագրատունի Տեսակցեցաւ Շուէտացի Երեսփոխաններու Հետ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.