Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան Ամէն Ինչ Կորսուած Չի Նկատեր

April 13, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, երէկ Ազգային ժողովի աւանդական զրոյցին ընթացքին, նկատի ունենալով Սերժ Սարգսեանի երդման արարողութիւնը յայտնեց, որ 9 ապրիլին տեղի ունեցաւ երդման մէկ արարողութիւնը, որուն ՀՅԴ-ն չմասնակցեցաւ:

Դաշնակցական պատգամաւորը նշեց, որ դժբախտաբար Ազատութեան հրապարակին վրայ իրադարձութիւնները ընթացան այն բեմագրութեամբ, որուն մասին Դաշնակցութիւնը կը զգուշացնէր: Ան նշեց, որ ինք անձամբ երեք անգամ խօսք առած է եւ յայտարարած, որ մենք միշտ սխալ ճամբով գացած ենք, բայց անկէ դասեր չենք քաղած:

«Երբ հարցը կը դնես «ամէն ինչ» եւ «հիմա» տրամաբանութեամբ, առաւելապաշտական խնդիրներ կը ձեւաւորես եւ այդ խնդիրներուն չես հասնիր, ատիկա յուսահատութիւն կը յառաջացնէ ժողովուրդին մօտ: Բայց եթէ կը փորձես արագ եւ այդ պահուն հասնիլ ամբողջական նպատակի իրականացման, ատիկա կը մղէ աւելի վճռական գործողութիւններու, որոշ պարագաներու` նաեւ յանպատրաստից: Մեզի համար ասիկա անընդունելի էր եւ մենք կ՛ըսէինք, որ ճիշդ ճամբան հանգրուանային ընտրութիւններով շարժումը զօրացնելու ճամբան է», նշեց Ռուստամեան:

Դաշնակցութիւնը երկու հանգրուանային յաջողութեան կարելիութիւն կը տեսնէր` մէկը` իշխանութիւններուն արմատական խորքային բարեփոխումներու մղելն էր, միւսը` Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններն էին, երբ Րաֆֆի Յովհաննէսեան, ըստ Էութեան, չհամաձայնեցաւ գլխաւորել միասնական ցուցակը` կարծելով, թէ կը նսեմացնէր նախագահական ընտրութիւններուն իր յաղթանակը:

Ըստ Ռուստամեանի, 9 ապրիլին ժողովուրդը երեք մասի բաժնուած էր: Մէկ մասը շատ վճռական կ՛ուզէր հասնիլ Բաղրամեան 26, մէկ մասը` անվերապահ ընդունելով Րաֆֆի Յովհաննէսեանի առաջնորդութիւնը, հետեւեցաւ անոր մինչեւ Ծիծեռնակաբերդ, ժողովուրդին երրորդ զանգուածն ալ չէր գիտեր, թէ ո՛ւր պէտք էր երթար:

«Կ՛ըսեն` Դաշնակցութիւնը ժողովուրդին հետ չէր: Մենք ժողովուրդին մէջն էինք, մենք այնտեղ էինք: Նախ` ժողովուրդին ո՞ր հատուածին մասին է խօսքը, որ կ՛ըսէին իր կողքը չենք եղած: Բեմագրութիւնը մերը չէր, բեմագրութեան մշակման մասնակից չենք եղած: Այդ օրուան բեմագրութեան մշակողն ու իրականացնողը Րաֆֆին էր, եւ բնականաբար այս ամէնը յանգեցուց անոր, որուն մասին մենք նախանշած էինք: Բայց միւս կողմէ ես չեմ կարծեր, որ շարժումը ձախողած է այն աստիճան, որ այլեւս ընթացք չկայ: Կայ այդ ընթացքը, կայ այդ կարելիութիւնը», յայտարարեց Ռուստամեան:

Դաշնակցական պատգամաւորը նշեց, որ եթէ իշխանութիւններուն վրայ ճնշումը թոյլ ըլլայ, բնականաբար կամովին զիջումներ չեն կատարեր: Ռուստամեան ամէն ինչ կորսուած չնկատեց: Ըստ անոր, ընդդիմադիր շարժումը նոր շունչ հաղորդած է այս ամէնուն, աւելի յստակ ներկայացուած են պահանջները:

Ան նշեց, որ ուշ կամ կանուխ ընդդիմութիւնը միասնական օրակարգի մը շուրջ պիտի համաձայնի եւ այդ փոփոխութիւնները իշխանափոխութեան պիտի յանգեցնեն:

Միւս կողմէ, «Կենտրոն» պատկերասփիւռի  կայանի «Ուրուագիծ» հաղորդաշարին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին Ռուստամեան ընդգծեց, որ նախագահական եւ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն տարբերութիւնը այն է, որ առաջինը միապաշտօն ընտրութիւն է, իսկ հիմա ընդդիմութենէն քաղաքապետ կրնայ ընտրուիլ ընտրութիւններէն ետք: Ըստ անոր, այդ պարագային արդէն քաղաքական ուժերը կրնան ներսը համախմբուիլ եւ հարցեր լուծել:

«Մեր հիմնական նպատակն է Երեւանի մէջ ընդդիմութեան իշխանութիւն հաստատել», ըսաւ Ռուստամեան:

«Բազմաթիւ երկիրներու մէջ ընդդիմութիւնը իշխանութեան եկած է մայրաքաղաքի ղեկավարութեամբ: Անկախ անկէ` քաղաքապետարանին մէջ ընդդիմութիւնը իշխանութեան համար հակակշիռ կը ստեղծէ, առողջ մրցակցութիւն պիտի ըլլայ արդէն:  Եւ անոր համար կ՛ուզենք, որ երեւանցին կարեւոր նկատէ այս քաղաքական հոլովոյթը», յայտնեց ան:

Նախորդը

Րաֆֆի Յովհաննէսեան Կ՛առաջարկէ Համազգային Ճակատ Ստեղծել

Յաջորդը

Նալբանդեան Եւ Մամետեարով Պիտի Հանդիպին Մօտակայ Շաբաթներուն

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.