Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ապրիլ 9-ի Եւ Մարտ 1-ի Տարբերութիւնը Եւ Մինչեւ Մայիս 5-ը

April 11, 2013
| Անդրադարձ, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առաջին մտածումը, որ լուսարձակի տակ պէտք է բերել «Ազատութիւն»-«Բաղրամեան»-Ծիծեռնակաբերդ-յաղթանակ    ժողովրդային շարժումին ուղղութեան վրայ արձանագրուած միջադէպերուն սահմանափակ մնալու կարեւոր երեւոյթին կը վերաբերի։ Այլապէս, ժողովրդային ցասումի, դէպի նախագահական պալատ բազմամարդ քայլերթի, տրամադրութիւններու շիկացման ամբոխային երեւոյթները շատ արագ կը համոզէին, որ երկրորդ մարտի մէկը պատրաստ ենթահող ունէր Երեւանի փողոցներուն վրայ։

Այս պահուն եւս երկկողմանիօրէն նկատուեցաւ նման պատահարներ բացառելու պատասխանատու մօտեցումը։ Թէեւ թէ՛ ցուցարարներուն եւ թէ՛ ոստիկաններուն մէջ գտնուեցան տարրեր, որոնք կարմիր գիծերը շրջանցելու դրսեւորումներ ունեցան։ Այստեղ թէ՛ Րաֆֆի Յովհաննէսեանին եւ թէ՛ ոստիկանապետ Գասպարեանին համատեղ ճիգերը դրական հետեւանք ունեցան դէպքերու զարգացումը վերահսկողութեան տակ պահելու առումով։ Հարկ է  ընդգծել, որ իրենց տեսակով, հարցերը դիմակայելու կամ միջադէպերուն դիմաց հակազդելու իրենց եղանակներով ընդդիմադիր առաջնորդը առաջին նախագահը չէ, ոչ ալ գործող նախագահը Հայաստանի երկրորդ նախագահը։

Հիմա գանք ժողովրդային հիասթափութեան ։ «Հիմա»-ի տրամաբանութիւնը ապրիլ 9-ին գերակշիռ էր ժողովուրդին մօտ։ Տարբեր հանգամանքներով կը բացատրուի ամբոխավարական ալիքի դրսեւորումն ու մանաւանդ շրջադարձային անմիջական փոփոխութիւն բերելու ակնկալիքի տարածումը։

Նախ անշուշտ՝ իշխանափոխութեան տարերային պահանջի առկայութիւնը, նախագահական ընտրութիւններուն արդիւնքներուն մշուշոտ ըլլալը, շատերու մօտ այդ ընտրութիւններուն ընդդիմադիր թեկնածուին յաղթած ըլլալու համոզումը, այլոց մօտ իշխանափոխութիւն իրականացնելու առիթը բաց չթողելու մօտեցումը.այս բոլորին վրայ կ’աւելնան նաեւ վճռորոշ յայտարարութիւններու, ժողովուրդը պայքարունակ պահելու միտումով հարցը տաք կրակի վրայ պահելու եւ դէպի շրջադարձային փուլ առաջնորդելու կոչերը։

Նախագահական առումով նախընտրական եւ յետընտրական փուլերուն ընդդիմութիւնը չէր յաջողած համախմբուիլ յառաջիկայ ընելիքներու, ռազմավարական եւ հայեցակարգային ընդհանուր համաձայնական եզրերու շուրջ։ Փուլ առ փուլ կատարուելիքներու քարտէսը յստակ չէր։ Կային յանկարծակի պահանջներ, չխորհրդակցուած, չքննարկուած եւ չհամաձայնեցուած առաջադրանքներ, որոնք իրականացնելու համար պիտի բանէր ուժերու միջեւ համակարգուած մեքենականութիւն մը։ Մինչեւ ապրիլ 9-ի սպասուած շրջադարձը եւս՝ այդ ենթահողի ձեւաւորման նպաստող քայլ չառնուեցան։

Համակարգային փոփոխութիւնը, երկարաշունչ պայքարի հետեւողականութիւն ենթադրող առաջադրանք է։ «Հիմա»-ի տրամաբանութիւնը պէտք չէ ճնշէ կազմակերպուելիք գործողութիւններու համար ճշդուող մարտավարական սկզբունքներուն վրայ։ Բայց երկարաշունչին առընթեր, ռազմավարական հայեցակարգի մշակումը, իրականացնելի գործողութիւններու եւ անոնց ժամանակացոյցի ճշդումը պարտադիր են դուրս գալու համար պատահականութեան եւ յանկարծակիութեան գործօնի յառաջացուցած իրավիճակէն։

Ապրիլ 9-էն աւելի կարեւոր կրնայ նկատուիլ մայիս 5ը՝ Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններու օրը։ Ճիշդ է, որ ընդդիմութիւնը այս հանգրուանին համար եւս չյաջողեցաւ միաւորուիլ եւ առաջադրել միասնական թեկնածու։ Այսուհանդերձ, քաղաքական օրակարգերու ճշդումն ու համատեղ խորհրդակցութիւններէ եւ քննարկումներէ բխած համակարգուած աշխատանքն են միայն, որոնք կրնան յաջողիլ յանգիլ էական փոփոխութիւններու։ Այլապէս, անջատ քայլերը, չհամադրուած եւ չհամաձայնեցուած որոշումներն ու յայտարարութիւնները ուժերու տարտղնումի կարգով կը ջլատեն շարժումը։

Մինչեւ մայիս 5-ը եւ անկէ անդին անշուշտ՝ ընդդիմադիր դաշտին մէջ քաղաքական օրակարգի շուրջ համաձայնութիւն մը կրնայ որակական փոփոխութիւն բերել, նոր յուսադրումներու առաջնորդել եւ շարժումին ապահովել նպատակաուղղուած,հետեւողական եւ երկարաշունչ աշխատելաձեւի նոր եղանակներ։ Ա՛յս  գործընթացն է, որ բացառապէս կրնայ ձեռք ձգել տեսանելի արդիւնքներ։

«Ա.»

 

Նախորդը

«Այսօր Յեղափոխութեան Կարելիութիւն Չկայ, Պէտք Է Փոքր Քայլերու Ճամբով Երթալ» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

Յաջորդը

Ամերիկեան Մէյն Նահանգը Ընդունեց Եւ Ճանչցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Անկախութիւնը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.