Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան Եւ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Միջեւ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններ Հաստատելու Քսանամեայ Տարեդարձի Առիթով. «Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Քաղաքական Ասպարէզում Արաբական Երկրները Ունեցան Իրենց Ուրոյն Տեղը» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Դեսպան Դոկտ. Փրոֆ. Արշակ Փոլատեան

April 10, 2013
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումէն ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը այցելեց Միջին Արեւելքի շարք մը երկիրներ եւ համաձայնագրեր ստորագրեց դիւանագիտական յարաբերութիւններ մշակելու համար:

Արդարեւ, 6 մարտ 1992-ին Դամասկոսի մէջ համաձայնագիր ստորագրուեցաւ Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին, իսկ 5 ապրիլ 1993-ին պաշտօնական բացումը  կատարուեցաւ Դամասկոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան:

Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու քսանամեայ տարեդարձին առթիւ «Ազդակ» օրաթերթը հարցազրոյց մը կատարեց Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան դոկտ. փրոֆ. Արշակ Փոլատեանին հետ:

«ԱԶԴԱԿ».- Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու քսանամեայ  տարեդարձին, ինչպէ՞ս կարելի է գնահատել քսանամեայ յարաբերութեան պատմութիւնը:

ԱՐՇԱԿ ՓՈԼԱՏԵԱՆ.- Սիրիան Հայաստանի հետ ունեցած է պատմամշակութային դարաւոր կապեր: Պատմական այս իրողութիւնը որոշակի դեր ունեցած է անկախ Հայաստանի եւ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնների զարգացման հարցում:

Հայաստանի անկախացումէն ետք, Սիրիան աշխարհում երրորդ երկիրն է, որտեղ Հայաստանը ունեցաւ երկու դիւանագիտական հիմնարկներ` հաշուի առնելով նաեւ հայկական համայնքի գործօնը, եւ հոկտեմբեր 1992-ին Դամասկոսում բացուեց դեսպանութիւնը, որի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ ապրիլ 1993-ին, Դամասկոսում, իսկ մարտ 1993-ին Հալէպում բացուեց գլխաւոր հիւպատոսութիւնը:

Քսան տարիների ընթացքում ձեւաւորուեց երկկողմ համագործակցութիւն իրականացնելու իրաւապայմանագրային դաշտ: Այսօրուայ դրութեամբ ունենք տարբեր ոլորտների մէջ տասնեակ պայմանագրեր, ինչպէս նաեւ` միջպետական եւ միջկառավարական գործնական ծրագրեր:

«Ա.».-  Հաւանաբար ներկայիս դիւանագիտական երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացումը դժուար կը թուի Սուրիոյ պայմաններէն մեկնելով, թէ՞ արդէն որոշ ոլորտներ ընթացքի մէջ են:

Ա. Փ.- Դժբախտաբար պէտք է արձանագրել, որ Սիրիայի աւելի քան երկու տարի տեւող ներքաղաքական կացութիւնը զգալի չափով ազդել է հայ-սիրիական երկկողմ յարաբերութիւնների վրայ: Յանուն ճշմարտութեան պէտք է նշել, որ վերջին երկու տարիների ընթացքին երկկողմ յարաբերութիւններ որեւէ ձեւով չեն առաջացած:

Յուսանք, որ Միջին Արեւելքի մէջ գտնուող Սիրիան իր ասպնջական ժողովրդով կը յաղթահարի այս ճգնաժամը, ինչը հնարաւորութիւն կը տայ ապագային վերականգնելու համագործակցութիւնը բոլոր բնագաւառներում:

«Ա.».- Պրն. դեսպան, քսան տարիների ընթացքին հայ գաղութը ինչպիսի՞ դերակատարութիւն ունեցած է դեսպանատան կեանքին մէջ:

Ա. Փ.- Մեծ դերակատարութիւն ունեցած է, սակայն վերջին շրջանին դժբախտաբար Սիրիայի ճգնաժամը մեծ հարուած հասցրեց նաեւ հայ գաղութին, որ հազիւ ուղղած էր իր մէջքը այս հիւրընկալ երկրում: Ինչպէս սիրիական հասարակութեան տարբեր շերտեր ու խաւեր եւ ազգային փոքրամասնութիւններ, հայ համայնքը եւս սպասում է վաղուայ խաղաղ լուսաւոր օրը, որ կարողանայ վերագտնել իր երբեմնի դերակատարութիւնը Սիրիայի քաղաքական, մշակութային եւ տնտեսական զարգացման մէջ:

«Ա.».- Դոկտ. Փոլատեան, դուք նաեւ դեսպան էք Յորդանանի մէջ, եւ անցեալ տարի Ամմանի մէջ կատարուեցաւ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսարանին բացումը: Ինչպիսի՞ յարաբերութիւններ կը մշակէ Հայաստանը Յորդանանի հետ:

Ա. Փ.- Ըստ էութեան, Յորդանանի հետ, առարկայական եւ ենթակայական պատճառներով, որպէս Միջին Արեւելքի երկիր,  հայ-յորդանանեան յարաբերութիւնները առանձնապէս անցած տարիներին էական զարգացում չեն ապրած:

2011-ին Յորդանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանի նշանակումը նոր խթան դարձաւ Հայաստանի եւ Յորդանանի միջեւ յարաբերութիւնների հետագայ զագացման համար: Նշեմ, որ 4 դեկտեմբեր 2011-ին Յորդանանի թագաւորին յանձնեցի հաւատարմագրերս, եւ որոշակիօրէն սկսեցին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Յորդանանի թագաւորութեան միջեւ յարաբերութիւնների առաջընթաց արձանագրել: Այս պահի դրութեամբ, ուսումնասիրման փուլում են երկու երկրների միջեւ համագործակցութեան զարգացման համար աւելի քան տասը հիմնական պայմանագրեր:

2012-ի յունիսին առաջին անգամ Յորդանանի մէջ անցկացուեցին հայկական մշակութային օրեր, Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան ներկայութեամբ: Այցի ընթացքում Յորդանանի հետ ստորագրուեցաւ մշակութային բնագաւառում համագործակցութեան մասին առաջին համաձայնագիրը:

2012 յունիսին Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոս նշանակուեցաւ Վաչէ Տաքեսեանը: 2012 սեպտեմբերին Ամմանում առաջին անգամ անցկացուեցին հայ-յորդանանեան քաղաքական խորհրդակցութիւններ, որի առիթով Ամման ժամանեց արտաքին գործերի նախարարութեան պատուիրակութիւն` արտաքին գործերի փոխնախարար Սերգէյ Մանասերեանի գլխաւորութեամբ:

Այցի շրջանակներում սեպտեմբեր 18-ին Ամմանում պաշտօնապէս բացուեց Հայաստանի Հանրապետութեան պատուաւոր հիւպատոսութիւնը, որը պէտք է համարել շօշափելի ձեռքբերում հայ-յորդանանեան վերջին տարիներին երկկողմ համագործակցութեան բնագաւառում: Հայ-յորդանանեան յարաբերութիւնները բաւականաչափ հեռանկար ունեն եւ ընթացիկ տարուան  նախատեսւում են բարձր մակարդակի երկկողմ հանդիպումներ, որոնք իրենց հերթին նոր լիցք կը հաղորդեն երկու երկրների յարաբերութիւնների մէջ:

«Ա.».- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք ընդհանրապէս արաբական աշխարհի երկրների եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները:

Ա. Փ.- Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքական ասպարէզում արաբական երկրները ունեցան իրենց ուրոյն տեղը: Հայաստանը անմիջական եւ թափանցիկ երկխօսութիւն ծաւալեց արաբական բոլոր երկրների հետ: Հայաստանը նաեւ ձգտում է  աշխատել բոլոր արաբական երկրների հետ, նաեւ` արաբական իսլամական կազմակերպութիւնների հետ:

Մատնանշեմ նաեւ, որ Հայաստանը յստակ դիրքորոշում ունի արաբական խնդիրների նկատմամբ, այդ թւում` Պաղեստինի ժողովուրդի ինքնորոշման եւ արաբ-իսրայէլեան հարցի վերաբերեալ:

Այսօր արդիւնաւէտ համագործակցութիւն է ծաւալում Եգիպտոսի, Լիբանանի, Ծոցի համագործակցութեան խորհրդի երկրների հետ, բոլոր բնագաւառների մէջ` գիտական, մշակութային, տնտեսա-առեւտրական եւ այլն: Կայացել են նաեւ բարձր մակարդակի պաշտօնական պատուիրակութիւնների փոխայցելութիւններ, ինչպէս նաեւ անցկացուել են թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ այդ երկրների մշակութային օրեր եւ այլն:

 

1 ապրիլ, 2013

Նախորդը

Սուրիական Օրագրութիւն 16

Յաջորդը

2013-Ի Նոյեմբերէն Առաջ Պէտք Է Համաձայնինք. Պրիւքսէլի Մէջ Մուրատ Եթքինին Հարցումներուն Պատասխանող Այտար, Կը Հաստատէ, Որ Քիւրտերը Հարց Մը Չունին Թուրքիոյ Դրօշակին Եւ Սահմաններուն Հետ

RelatedPosts

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր»,  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան
Հարցազրոյց

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան

October 20, 2026
Հայագիտութիւն Մագիստրոսական Ծրագիր` Հայագիտական Համակողմանի Գիտելիքի Կարելիութիւն
Անդրադարձ

«Մեղու»-ն Ծնած Է Սէրէն»

October 16, 2026
«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի  Տնօրէն Վիգէն Աւագեան
Հարցազրոյց

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն Վիգէն Աւագեան

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.