Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՀԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՐԵԼԻ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ԱՅՆ ԺԱՄԱՆԱԿ ՄԻԱՅՆ, ԵՐԲ ԹՈՒՐՔԻԱ ՃԱՆՉՆԱՅ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ» «ՄՈՍՔՈՎՍՔԻԷ ՆՈՎՈՍԹԻ»ԻՆ ԸՍԱՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

May 17, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ռուսական «Մոսքովսքիէ Նովոսթի» օրաթերթին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարեց, որ ղարաբաղեան տագնապը կարելի է լուծել միայն փոխադարձ զիջումներու հիման վրայ, սակայն կայ կարմիր գիծ մը, ըստ որուն Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ինք պէտք է տնօրինէ իր ճակատագիրը եւ կարելիութիւն ունենայ անվտանգ զարգանալու իր պատմական հայրենիքին մէջ:

Ըստ անոր, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը առաջարկեց փաստաթուղթ մը, որ պայմանականօրէն կը կոչուի Մատրիտեան սկզբունքներ: Ատիկա կ՛ենթադրէ հիմնախնդիրի լուծումը` հիմնուած երեք սկզբունքներու վրայ` ուժ եւ ուժի սպառնալիք չկիրարկել, տարածքային ամբողջականութիւն եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունք: Նախագահը ընդգծեց, որ այդ փաստաթուղթը կարելիութիւն պիտի տայ շարունակելու բանակցութիւնները եւ ձեռնամուխ ըլլալու  խաղաղութեան մեծ համաձայնագիրի մշակման:

«Մենք յստակօրէն կը հասկնանք, թէ ի՛նչ կը նշանակեն այդ երեք սկզբունքները: Ազրպէյճանցիները նոյնպէս երկար մտորումներէ ետք «այո» ըսին, սակայն չես գիտեր ինչու, անոնք իրենց ձեւով կը հասկնան այդ սկզբունքները: Մինչեւ այս պահը Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը բոլոր մակարդակներուն վրայ անընդհատ կը սպառնայ վերսկսիլ զինուորական գործողութիւններուն: Ատիկա առաջին սկզբունքի խախտումն է: Տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը հասկնալի է թէ՛ մեզի, թէ՛ անոնց համար, թէեւ այն տպաւորութիւնը կը ստեղծուի, որ անոնք այդ սկզբունքը բացարձակ տոկմա դարձուցած են` միջազգային իրաւունքի ծիրէն դուրս: Իսկ ահա ինքնորոշման իրաւունքը անոնք կը հասկնան միայն` իբրեւ ինքնորոշում Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ծիրին մէջ: Այսպիսի ինքնորոշում չի կրնար ըլլալ, ասիկա թերի, պարզունակ ինքնորոշում է: Այդ պատճառով ալ, քանի որ տակաւին Ազրպէյճան չէ հասկցած այդ սկզբունքը, շատ դժուար կ՛ըլլայ տագնապը լուծել: Ղարաբաղը իր անկախութիւնը ձեռք բերած է արիւնոտ եւ դաժան պատերազմի ընթացքին, դժուարագոյն պայմաններու մէջ, եւ միամիտ պիտի ըլլայ մտածել, որ ղարաբաղցիները պիտի հրաժարին այդ ամէնէն, ինչ որ ձեռք բերած են, նուաճած են», հաստատեց Սերժ Սարգսեան:

Ըստ անոր, տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը չի նշանակեր սահմաններու անփոփոխութիւն, այլապէս աշխարհի քարտէսին վրայ չէին յայտնուեր նոր պետութիւններ, ներառեալ` անկախ չէին ըլլար Հայաստան եւ Ազրպէյճան:

Ինչ կը վերաբերի պատերազմի վերսկսման, Հայաստանի նախագահը յայտնեց, որ այսպիսի հաւանականութիւն կայ, հակառակ պարագային ինչպէ՞ս պէտք է հասկնալ Ազրպէյճանի կողմէ բանակցային հոլովոյթին ձգձգումը: Ըստ անոր, ազրպէյճանցիք հաւանաբար ծրագիրներ ունին` աւելի շատ ուժ եւ միջոցներ կուտակելու, որպէսզի յարմար պահուն զինուորական նոր արկածախնդրութեան սկսին: «Ատիկա սխալ մօտեցում է, քանի որ իրադարձութիւնները կրնան զարգանալ երկու դիպաշարով: Առաջին` ամբողջական պատերազմ եւ Լեռնային Ղարաբաղի բռնագրաւում, որ կարելի է միայն Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան լիակատար ոչնչացման պարագային: Եւ երկրորդ` Ազրպէյճանի պարտութիւն, անոր կողմէ նոր տարածքներու կորուստ: Եւ այդ ժամանակ Ազրպէյճան պիտի սկսի եւս բողոքել 5, 6 կամ աւելի տարածքներու կորուստին համար: Իսկ յետոյ ի՞նչ. դարձեալ զինադադար, համաձայնութիւն, զինադադարի դրութեան խախտումներ, նոր պատերազմ… բոլոր այս դիպաշարները անհեռանկար են», յայտնեց նախագահ Սարգսեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք Հայաստան կը պատրաստուի՞ ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ անշուշտ կարելի չէ այսպիսի կարելիութիւն չքննարկել: Օրինակ` ատիկա կրնայ իրական դառնալ զինուորական գործողութիւններու վերսկսման պարագային: Անդրադառնալով այն իրողութեան, որ Հայաստան տակաւին չէ ճանչցած Ղարաբաղի անկախութիւնը, նախագահ Սարգսեան նշեց, որ ատիկա բանակցութիւններու ձախողութիւն կը նշանակէ: Ըստ անոր, աւելի լաւ է բանակցութիւններ վարելը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան հարցազրոյցին ընթացքին նաեւ ընդգծեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան փաստը անհերքելի է եւ հայկական կողմը պէտք է ամէն ջանք թափէ, որպէսզի Թուրքիա վերջապէս ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը:

Պատասխանելով լրագրողին հայ-թրքական հաշտեցման հոլովոյթին վերաբերող հարցումին` հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ աշխարհագրութիւնը ճակատագիր է, Հայաստանը պէտք է գոնէ որոշ յարաբերութիւններ ունենայ իր դրացիներուն հետ, սակայն ի հարկէ ոչ ամէն գնով:

«Երբ մենք սկսանք յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթին, շատ ընդդիմախօսներ ըսին, որ ատիկա պիտի խոչընդոտէ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը: Այդ կանխատեսումները, փառք Աստուծոյ, չիրականացան», նշեց հանրապետութեան նախագահը: Ան աւելցուց, որ հաշտեցումը կարելի պիտի ըլլայ այն ժամանակ միայն, երբ Թուրքիա ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Առանց ճանաչման կարելի չէ հաշտեցում: Ըստ անոր, կը սխալին անոնք, որոնք Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ հաստատելու փորձերը իբրեւ հաշտեցում կը ներկայացնեն: Նախագահ Սարգսեան նաեւ շեշտեց, որ իսկական հաշտեցումը կարելի է միայն ապաշխարութենէն ետք:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կարելի՞ է տնտեսական աճ արձանագրել առանց Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման, նախագահ Սերժ Սարգսեան նկատել տուաւ, որ այդ հարցումին միանշանակ պատասխան չկայ, յամենայն դէպս` «20 տարի զարգացած ենք եւ սովէն չենք մեռած»:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց իր նախորդներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք Հայաստանի համար որոշ լաւ բաներ ըրած են: Ան նշեց, որ ղեկավարները միշտ գայթակղութիւն կ՛ունենան քննադատելու իրենց նախորդները, սակայն «նախորդները քննադատել կը նշանակէ պատասխանատուութիւնը սեփական ուսերէն ձգել ուրիշներու ուսերուն վրայ»:

Ըստ նախագահ Սարգսեանի, Հայաստանի մեծագոյն ձեռքբերումը երկրին կայունութեան պահպանումն է: «Չէ՞ որ ծանր ժամանակներ էին: Ծրագրուած տնտեսութիւնը շուկայականի փոխակերպելու խնդիրներուն զուգահեռ մենք պէտք է ապահովէինք բնակչութեան անվտանգութիւնը: Ազրպէյճանը պատերազմի սկսած էր, Թուրքիա վերջինիս անվերապահ աջակցութիւն կը ցուցաբերէր, Վրաստանի մէջ քաղաքացիական պատերազմ էր. այս պայմաններուն մէջ շատ բարդ խնդիր էր բնակչութեան ապահովել նոյնիսկ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներով», ըսաւ Հայաստանի նախագահը` նշելով, որ այս ամէնուն վրայ գումարուած էին նաեւ աղէտալի երկրաշարժին հետեւանքները` հազարաւոր անօթեւանները, նաեւ Ազրպէյճանէն եկած հինգ հարիւր հազար գաղթականները:

 

Նախորդը

ԱԿՆԱՐԿ. ՀԱՇՏԵՑՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻ ՄԵԿՆԱՐԿԷՆ ԱՌԱՋ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.