Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Պատրիարքը Մեկնեցաւ Ֆրանսա

April 9, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կարտինալ Ռայի եւ նախագահ Սլէյման

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ այցելեց նախագահական պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւնները:

Նախագահական պալատէն ետք Ռայի պատրիարքը ուղղուեցաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուրկէ մեկնեցաւ Ֆրանսա:

Օդակայանէն կատարած իր յայտարարութիւններուն ընդմէջէն Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ Լիբանանի մէջ արագ կերպով կազմուի կառավարութիւն մը, որ կը վայելէ լիբանանեան բոլոր կողմերուն համաձայնութիւնը:

Ռայի պատրիարքը յոյս յայտնեց նաեւ, որ նոր նշանակուած վարչապետ Թամմամ Սալամի շուրջ գոյացած համախոհութիւնը առիթ մը ըլլայ նաեւ համաձայնելու ընտրական օրէնքի մը շուրջ եւ աւելցուց, որ իր կարծիքով, լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը համաձայն գտնուած են համամասնական եւ մեծամասնական դրութեան հիման վրայ մշակուելիք խառն օրէնքին շուրջ:

Ընտրական խառն օրէնքին մասին խօսելով` Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ անիկա մօտ է նախկին վարչապետ Ֆուատ Պութրոսի մշակած ընտրական օրինագիծին, ինչպէս նաեւ ներկայացուած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ եւ ըստ երեւոյթին կը վայելէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն զօրակցութիւնը:

Ռայի պատրիարքը նշեց, որ նախագահ Սլէյման իրապաշտ է եւ գործնական` աւելցնելով, որ լիբանանցի բոլոր պատասխանատուները, նոյնիսկ հանրապետութեան նախագահը կոչ կ՛ուղղեն ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու:

«Լիբանանցիները վարպետ են խնդիրները ստեղծելու եւ ապա անոնց յարմար լուծումներ գտնելու մէջ», կատակեց Ռայի պատրիարքը` աւելցնելով, որ ինք նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ նախանցեալ երեկոյեան դրական քննարկումներ կատարած է:

Ռայի պատրիարքը ողջունեց լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը, որոնք կը հսկեն Լիբանանի ապահովական կայունութեան, հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած դժուար եւ բարդ կացութեան:

«Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականները բարի եկած են, սակայն այս կամ այն կողմէն զէնքի մաքսանենգումը մերժելի է եւ այդ մաքսանենգումը զսպելու եւ արգիլելու իմաստով բանակին ու ապահովութեան ուժերուն որդեգրած քայլերուն կատարեալ կերպով կը զօրակցինք», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Լիբանանը բոլորը կը հիւրընկալէ, սակայն այդ բոլորը իրենց կարգին պէտք է յարգեն Լիբանանը:

Ռայի պատրիարքը երէկ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի հետ:

Այսօր ան հանդիպում մը պիտի ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ:

Ֆրանսայի իր այցելութիւնը աւարտելէ ետք Ռայի պատրիարքը ուրբաթ օր հովուապետական այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Արժանթին:

 

 

Նախորդը

Պըրրի Այսօր Պիտի Նախագահէ Խորհրդարանի Լիագումար Նիստին

Յաջորդը

Նոր Նշանակուած Վարչապետ Թամմամ Սալամ Այսօր Կը Սկսի Կառավարութեան Կազմութեան Խորհրդակցութիւններուն

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.