Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (9 Ապրիլ 1963)

April 9, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ Կեանք

Զարեհ Ա.ի Յիշատակին Ս. Պատարագ Եւ
Հոգեհանգիստ
Գահիրէի Եւ Աղեքսանդրիոյ Մէջ

Գահիրէ

Կիրակի, 31 մարտ 1963, Գահիրէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին մէջ, հանդիսաւոր Ս. պատարագ եւ հոգեհանգստեան մասնաւոր պաշտօն տեղի ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս երանաշնորհ Զարեհ Ա.ի վախճանման քառասունքին առիթով:

Եկեղեցին բերնէ բերան լեցուած է հոծ բազմութեամբ:

Տէրունական աղօթքէն առաջ, թեմակալ առաջնորդ Մամբրէ արք. Սիրունեան խօսած է ոգեշունչ քարոզ մը` վեր առնելով հանգուցեալ վեհին մարդու եւ եկեղեցականի բազմակողմանի բարեմասնութիւնները` իբրեւ անբասիր նկարագրի, մաքուր սրտի եւ հոգիի տէր մարդ, բազմարժան եկեղեցական, սիրոյ, միութեան ու օրինապահութեան ջերմ ջատագով ու պաշտպան, հայ եկեղեցիի ամրապնդման ու զարգացման նախանձախնդիր հայրենասէր եւ ազգասէր, պատրաստուած եւ ուսեալ ու հեռահայեաց հորիզոնի տէր եկեղեցական:

Յաւարտ Ս. պատարագի, հաւատացեալները բարձրացած են Ազգային առաջնորդարանի դահլիճը, ուր սրբազան հայրը դարձեալ խօսք առած է: Խօսք առած է նաեւ Լ. Յովհաննէսեան, եւ շնորհակալութիւն յայտնած սրբազան հօր, Զարեհ Ա.ի յիշատակին հանդէպ ցոյց տրուած յարգանքին ու անոր գործի գնահատման համար:

Աղեքսանդրիա

Կիրակի, 31 մարտ 1963, Աղեքսանդրիոյ Պօղոս-Պետրոս եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցած է հանդիսաւոր Ս. պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն` երանաշնորհ Զարեհ Ա.ի քառասունքին առիթով:

Եկեղեցին լեցուած է հոծ բազմութեամբ: Պատարագած է առաջնորդական փոխանորդ Զաւէն վրդ. Չինչինեան: «Հայր մեր»-էն առաջ, հայր սուրբը պերճախօս եւ իմաստալից քարոզ մը խօսած է` ողբալով դառն կորուստը Հայաստանեայց եկեղեցւոյ մեծ առաջնորդին` Զարեհ Ա. կաթողիկոսին, որուն ոսկեղէն սիրտը լեցուած էր համակ բարութեամբ եւ ներողամտութեամբ:

Սայաթ Նովայի Դիմանկարը

Հայաստանի «Գրական թերթ»-ին մէջ Աւ. Շահսուվարեան կ՛առաջարկէ ստեղծել Սայաթ Նովայի իրական դիմանկարը: Այս մասին հետեւեալը կը գրէ. «Սայաթ Նովան հայ ժողովուրդի այն գործիչներից է, որի գերեզմանը երջանիկ պատահականութեամբ անվթար պահպանուել է Թիֆլիսում: Ցանկալի է, որ յանձնաժողովի ծրագրի մէջ մոռցուի Սայաթ Նովայի դիմանկարի վերականգնումը` նրա գանկի հիման վրայ, որի համար ապագայ սերունդները երախտագիտութեամբ կը յիշեն մեզ»:

Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութեան
Պէյրութի
Մասնաճիւղին Վարչական Ընտրութիւնը

Քեսապի Ուսումնասիրաց միութիւնը 55 տարուան կեանք մը ունի եւ ամէն կողմ տարածած է իր մասնաճիւղերը: Այսպիսով, ան ունի Լոս Անճելըսի, Նիւ Ճըրզիի, Լաթաքիոյ եւ Պէյրութի մասնաճիւղերը: Ասոնցմէ ամենաերկարակեացն է Պէյրութի մասնաճիւղը, որ ցարդ առանց փողի եւ թմբուկի իր ազգօգուտ գործունէութիւնը շարունակած է: Իր ամենակարեւոր գործունէութիւններէն մէկը եղած է տասներկու տարիներէ ի վեր պահել գիշերային դպրոց մը Պէյրութի մէջ, առաջինը իր տեսակէն, ուր հայ աշխատաւոր դասակարգը, որ ատենին բարեբախտութիւնը չէ ունեցած դպրոց յաճախելու, կու գայ իր ուսման պակասը լրացնելու սոյն գիշերային դպրոցէն:

Կիրակի, մարտ 24-ին, միութիւնը իր տարեկան ընդհանուր ժողովը գումարեց, ուր կարդացուեցաւ անցնող մէկ տարուան նիւթա-բարոյական տեղեկագիրը: Վարչութեան տարած գործը գնահատանքի արժանացաւ: Ապա տեղի ունեցաւ վարչական ընտրութիւնը, որ իր առաջին նիստին մէջ ընտրեց իր վարչութիւնը` հետեւեալ կազմով.

Ճորճ Աբէլեան` ատենապետ, Կիրակոս Թիթիզեան` ատենադպիր, Վարդգէս Աբէլեան` գանձապահ, Վահան Սահակեան` գիշերային դպրոցի պատասխանատու, Զաւէն Ինճեճիքեան` Քեսապի Ուսանողաց միութեան պատասխանատու, Ստեփան Փանոսեան եւ Գէորգ Աբէլեան` խորհրդականներ:

* * *

Քեսապի Ուսանողաց միութիւնը, Ուսումնասիրացին հովանաւորութեան տակ գործող միութիւն մըն է, որուն կ՛անդամակցին Պէյրութի մէջ երկրորդական եւ բարձրագոյն կրթութեանց հետեւող քեսապցի ուսանողներ:

Սոյն միութիւնն ալ մարտ 17-ին ունեցաւ իր տարեկան ընդհանուր ժողովը, եւ ընտրեց նոր վարչութիւնը` հետեւեալ ձեւով.

Գուրգէն Աբէլեան` ատենապետ, Վահէ Սարգիսեան` փոխատենապետ, Զարուհի Աբէլեան` ատենադպիր, Շուշանիկ Թիթիզեան` գանձապահ, Զաւէն Ինճեճիքեան` խորհրդական, նշանակուած Ուսումնասիրացի վարչութեան կողմէ:

ՔԵՍԱՊՑԻ

Լուսին Ամարա Նուաղում Ունեցած Է

Հայազգի համբաւաւոր երգչուհի Լուսին Ամարա, որ 33 տարեկան է, երգահանդէս մը տուած է անցած շաբաթ օր Միացեալ Նահանգներու Փիցպուրկի օփերային մէջ: Բայց «Մատամ Պըթըրֆլայ»-ը երգած ատեն նուաղում մը ունեցած է: Յաջորդ օր բարելաւուած է վիճակը: «Սպառած էի յոգնութենէս» ըսած է երգչուհին: Ան  ամսոյս 17-ին պիտի երգէ Պոսթընի մէջ:

Մայիս 28-Ի Տարեդարձը Բացառիկ Շուքով
Պիտի
Տօնուի Ամերիկայի Մէջ

«Հայրենիք»-էն կը տեղեկանանք թէ այս տարի մայիս 28-ի փառատօնը բացառիկ, համակուսակցական եւ համաժողովրդական շուքով պիտի տօնուի Նիւ Եորքի մէջ: Կազմուած է յատուկ յանձնախումբ մը, որ այժմէն աշխատանքի լծուած է:  Տօնակատարութիւնները տեղի պիտի ունենան 25 եւ 26 մայիս, շաբաթ եւ կիրակի օրերը, Էզպըրի Փարքին մէջ:

Մայիս 25-ին տեղի պիտի ունենայ պարահանդէս` հայկական եւ ամերիկեան պարերով:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հայաստանի Համազգայինի Թատերախաղը Արժեւորեց Թատերական Բարձրորակ Արուեստը

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.