
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կանխաւ մերժեց վարչապետի պաշտօնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք կը միտին իր անունը առաջադրել` այդ պաշտօնին համար:
Միքաթի ընդգծեց, որ երբ ինք օրեր առաջ իր հրաժարականը ներկայացուցած է` հաւատալով, որ այդ քայլը կրնայ շարժել երկրին մէջ տիրող քաղաքական սառած իրավիճակը, յստակ գիտէր, թէ այդ քայլով ինք կը միտէր քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ դարձեալ հանդիպելու դռներ բանալ` դիմագրաւելու համար բոլոր վտանգները, որոնք կը սպառնային Լիբանանին եւ զայն անդունդ կը տանէին:
Ան աւելցուց, որ կառավարութիւնը գլխաւորած ընթացքին ամէն ջանք ի գործ դրած է լիբանանցիներուն միջեւ երկփեղկումը խզելու եւ պատիւը ունեցած է գործակցելու կառավարութեան մաս չկազմող բոլոր պատասխանատուներուն հետ:
Միքաթի ընդգծեց, որ այսօր եւս ինք անշեղ կը մնայ այս սկզբունքներէն եւ կը վերահաստատէ, որ պէտք է կազմել ազգային փրկութեան կառավարութիւն:
Միքաթի հաղորդագրութիւնը եզրափակեց յաջողութիւն մաղթելով նոր նշանակուելիք վարչապետին եւ կազմուելիք կառավարութեան` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է մէկ եւ միացեալ Լիբանանի շահերը ըլլան առաջնահերթ:
Միւս կողմէ, Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Միքաթիի այցելեց նաեւ Կիպրոսի ուժանիւթի նախարար Եորկոս Լաքոթրիփիսը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մաւրոմաթիսի:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ հրաժարեալ կառավարութեան նախարարներ Հիւսէյն Հաժ Հասան եւ Հասսան Տիապ, ինչպէս նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի:


