Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը յառաջիկայ երկուշաբթի օր հովուապետական այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Ֆրանսա, ուր նոյն օրը երեկոյեան հանդիպում մը պիտի ունենայ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի հետ:
Կը նախատեսուի, որ Ռայի պատրիարքը երեքշաբթի կէսօրէ ետք Էլիզէի պալատին մէջ հանդիպում մը ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ:
Ռայի պատրիարքը Ֆրանսայի մէջ նախկին փոխվարչապետ Իսամ Ֆարեսը պիտի պարգեւատրէ շքանշանով մը, ապա ուրբաթ օր պիտի մեկնի Արժանթին:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որ հանդիպումէն ետք հաստատեց, որ Ռիատ երբեք միջամուխ չ՛ըլլար լիբանանեան ներքին հարցերուն, այլ` կը մաղթէ, որ լիբանանցիները համախոհութեամբ կազմեն նոր կառավարութիւն մը:
Ասիրի յոյս յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը ամէն ջանք ի գործ դնեն` յանգելու համար լիբանանեան ազգային երկխօսութեան` նկատի ունենալով, որ Լիբանանը զգայուն հանգրուան մը կը դիմագրաւէ:
Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որ շնորհաւորեց Ռայի պատրիարքը Ս. Զատկուան տօնին առիթով եւ անոր ներկայացուց առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքներուն դիմագրաւած հոգեկան տանջանքը:
Ռայի պատրիարքը խոստացաւ ճիգ չխնայել` լիբանանցի առեւանգուածները ազատ արձակելու առումով, յատկապէս Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանին եւ լիբանանցի ու ֆրանսացի պատասխանատուներուն հետ կապերու առումով:


