Պայէրն Միւնիխի հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ միջնապահ Թոնի Քրուս շուրջ 2 ամիս կրնայ բացակայիլ ֆութպոլի դաշտերէն` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:
Ան վիրաւորուեցաւ նախանցեալ օր, Եուվենթուսի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի մրցումին:
Պայէրնի մարզիչ Եուփ Եանքես ըսաւ, որ անոր բացակայութիւնը կազմին մէջ պիտի ըլլայ զգալի, որովհետեւ յանկարծ իր ծրագիրները խանգարուեցան:
Ան այս տարեշրջանին իր ակումբին հետ նշանակած է 9 կոլ:


