Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Շախտիոր Տոնեցքի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան շատ հաւանաբար փոխէ իր ակումբը, եթէ պատահի, որ որեւէ ակումբ ուքրանական կազմին վճարէ 30 միլիոն եւրօ:
PanArmenian.Net կը հաղորդէ, որ ըստ ռուսական «Իզվեսթիա» մարզաթերթին, Մխիթարեանով հետաքրքրուած են անգլիական եւ ռուսական շարք մը ակումբներ:
Թէեւ Շախտիորի պատասխանատուները մտադիր չեն հրաժարիլ Մխիթարեանէն, սակայն պայմանագրութեան մէջ նշուած է, որ եթէ անոր փոխանցման համար ակումբ մը որոշէ 30 միլիոն եւրօ վճարել, այդ միջոցին այդ փոխանցումը կրնայ պատահիլ:
Ներկայ դրութեամբ, ակումբի մամլոյ քարտուղար Ռուսլան Մարմազով կը պնդէ, որ Մխիթարեան ակումբէն հեռանալու մտադրութիւն չունի:


