«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ երէկ կատարուած երեք ճակատումներուն, Նիւ Եորք Նիքս 102-90 արդիւնքով յաղթեց Մայեմի Հիթի: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քարմելօ Անթոնի իր արհեստավարժ ասպարէզին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց (50):
Նշենք, որ Հիթէն կը բացակայէին Լեպրըն Ճէյմս եւ Տուայն Ուէյտ (վիրաւոր):
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ յաղթեց Շիքակօ Պուլզի (90-86), իսկ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ` Տալաս Մավըրիքսի (101-81):


