Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին գծով Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ յարաբերութեանց լարուածութենէն ետք, Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարը յառաջիկայ օրերուն կը ժամանէ Անգարա` խորհրդակցութիւններ ունենալու համար թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներու, յատկապէս` պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարներուն հետ:


