Թրքական բանակին մէջ զինուորագրուած Սեւակ Պալըքճը Շահինի ոճրագործը տակաւին երեք տարի պիտի շարունակէ բանտարկուած մնալ: Թրքական դատարանը հայազգի զինուորին դիտումնաւոր ու կանխամտածուած սպանութիւնը իր թուրք զինակիցին կողմէ «արկած» որակեց եւ բաւարարուեցաւ երեք տարի եւս արգելափակելով ոճրագործը:


