Անցեալ ուրբաթ օր Ազգային ժողովի աւանդական զրոյցին ժամանակ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան յայտարարեց, որ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները կարելիութիւն պիտի տան ՀՅԴ-ին ապացուցելու այն կշիռը եւ կարելիութիւնները, զորս ունի կուսակցութիւնը:
«Մենք առաջարկած ենք մեր օրակարգը եւ ճամբու քարտէսը, ինչ որ կրնայ ընդհանրական ըլլալ թէ՛ իշխանութեան, թէ՛ ընդդիմութեան համար: Մեզի համար այս ընտրութիւնները կարելիութիւն են ապացուցելու, որ Դաշնակցութեան կարելիութիւններն ու կշիռը այն չեն, ինչ որ արձանագրուած է խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժամանակ. մենք 5 մայիսին աւելի մեծ մասնակցութիւն պիտի ապահովենք», ընդգծեց Աղուան Վարդանեան:
Ըստ դաշնակցական պատգամաւորին, ներքաղաքական դաշտին վրայ կան երկու խնդիրներ, որոնցմէ մէկը ստեղծուած յետընտրական լարուածութիւնն ու զարգացումներն են, երկրորդը` Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները: «Վիճակը լուծում կը պահանջէ, եւ ատիկա կրնայ ըլլալ միայն քաղաքական համաձայնութեան դաշտին վրայ: Այն շեմը, նշաձողը, որ Րաֆֆի Յովհաննէսեանը դրած է` «իմ դիակիս վրայով», ընդամէնը մօտեցում է, բայց չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ պիտի տայ ատիկա եւ ի՛նչ պիտի կատարուի հասարակութեան հոգեբանութեան մէջ», յայտնեց Վարդանեան:
Ան նաեւ ընդգծեց, որ պէտք է միասնաբար մտածել այս վիճակէն դուրս գալու ելքերուն մասին. «Մենք ամէն ինչ ըրինք, որ ընդդիմադիր դաշտը միասնական ճակատով մասնակցի, բայց չյաջողեցանք, թերեւս ասիկա ալ լաւ է», ըսաւ Վարդանեան:
Աղուան Վարդանեան յայտնեց, որ ընդդիմադիր ուժերը ընտրութիւններուն առանձին մասնակցելու համար իրենց ուժերը աւելի պիտի կեդրոնացնեն եւ աւելի լաւ արդիւնք պիտի ունենան: Այնուհետեւ անոնք կրնան համագործակցիլ աւագանիի կազմին մէջ: Իսկ եթէ ընտրութիւններուն դաշինքով մասնակցին, անոնք իրենց ուժերը ամբողջութեամբ չեն կրնար օգտագործել:
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղարը չհամաձայնեցաւ իշխանութեան այն տեսակէտին հետ, որ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները տեղական ինքնակառավարման ընտրութիւններ են, եւ պէտք չէ զանոնք քաղաքականացնել: «Մենք ասիկա կը նկատենք քաղաքական պայքար, մայրաքաղաքը արդիւնաւէտ կառավարելու պայքար», ըսաւ ան:
Ըստ Վարդանեանի, իշխանութիւնները վարչական բոլոր միջոցները արդէն գործի դրած են, տնտեսական հոսքերը սկսան աշխատցնել, եւ թաղային հեղինակութիւնները սկսած են շրջիլ թաղերուն մէջ:
«Իշխանութիւնները իւրաքանչիւր ընտրութենէ ետք կ՛ըսեն, որ այս ընտրութիւնները նախորդներէն կատարեալ են. եթէ այսպէս շարունակուի, ես կը վախնամ, որ «կատարելութեան» այդ ձգտումը սահման չունենայ», նկատել տուաւ Վարդանեան` աւելցնելով, որ ՀՅԴ-ին կը վախցնեն իշխանութեան ընտրութենէ-ընտրութիւն կատարելութեան մասին յայտարարութիւնները. «Մենք մէկ բան գիտենք` Երեւանը չի ծախուիր»:
Անդրադառնալով Էդուարդ Շարմազանովի այն յայտարարութիւններուն, որ Տարօն Մարգարեան վերջին քսան տարիներուն լաւագոյն քաղաքապետն է, Վարդանեան հարց տուաւ, թէ ո՞վ չափած է, որ վերջին քսան տարիներուն լաւագոյն քաղաքապետը գործող քաղաքապետն է: Քաղաքապետարանի աշխատակազմի մեծամասնութիւնը հանրապետականներ են, բայց եթէ խօսիք մարդոց հետ` կ՛ըսեն, որ աւելի լաւ քաղաքապետեր ալ ունեցած ենք: Վարդանեան աւելցուց, որ Շարմազանովի յայտարարութիւնը նոյն օպերայէն է, որ նախապէս լսած ենք: Դաշնակցական պատգամաւորը նշեց, որ երեւանցիները իրենց միտքով պիտի քուէարկեն, այլ ոչ թէ երիտասարդ քաղաքական գործիչ Շարմազանովի թելադրանքով:


