Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿՈԼԱՆԻ ՄԷՋ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՈՒԺԵՐ – ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐ ԲԱԽՈՒՄ ՄԸ 2 ԶՈՀ ԵՒ 170 ՎԻՐԱՒՈՐ ՊԱՏՃԱՌԵՑ

May 16, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կոլանի բարձունքներուն մէջ տեղի ունեցած բախումներէն պահ մը

Սուրիական «Սանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Քնէյթրա նահանգի Այն Թինէ եւ Կոլանի բարձունքներու Մաժտել Շամս շրջաններուն մէջ Պաղեստինեան աղէտը նշող 2 «արաբ քաղաքացիներ» սպաննուած են եւ 170 ուրիշներ վիրաւորուած են, երբ իսրայէլեան ուժերը անոնց ուղղութեամբ կրակ բացած են եւ արցունքաբեր ռումբեր արձակած: Ըստ «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին, զոհերու թիւը հետագային բարձրացած է 10-ի:

Այն Թինէ շրջանին մէջ երէկ տեղի ունեցած էր Պաղեստինեան աղէտի 63-ամեակի նուիրուած հաւաք մը, որուն մասնակիցները դատապարտեցին Իսրայէլի վարած ցեղապաշտ քաղաքականութիւնը` ընդգծելով բռնագրաւումին վերջ տալու եւ տունդարձի իրաւունքին կառչելու կարեւորութիւնը:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն պատասխանատու աղբիւր մը այս առնչութեամբ «Սանա» գործակալութեան յայտնեց, որ Սուրիա կը դատապարտէ Կոլանի, Հարաւային Լիբանանի եւ Պաղեստինի մէջ արձանագրուած իսրայէլեան ոճրային արարքները, եւ միջազգային ընտանիքէն պահանջեց Իսրայէլը իր կատարած արարքներուն համար ամբողջական պատասխանատուն նկատել:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակը յայտնեց, որ «Սուրիայէն եկող ցոյցերը շատ վտանգաւոր են»: Իսրայէլեան բանակը նաեւ նշեց, որ Իսրայէլի հիւսիսային սահմաններուն վրայի զարգացումները «Իրանի մատնահետքերը կը կրեն»: Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը պատասխանատու կը նկատէ հարաւային Լիբանանի Մարուն Ռաս գիւղին մէջ պատահած դէպքերուն համար:

Նշենք, որ Իսրայէլ Լիբանանի եւ Սուրիոյ հետ իր սահմանամերձ շրջանները զինուորական փակ շրջաններ յայտարարեց:

Նախորդը

ԷՐՏՈՂԱՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՅԱՐԱՆՈՒԱՆԱԿԱՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ՅԱՌԱՋԱՑՄԱՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՄՏԱՎԱԽՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ

Յաջորդը

ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ԱՂԷՏԻ 63-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԲԱՆԱԿ – ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻՆԵՐ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.