Արաբական վեհաժողովի նախօրեակին ընդլայնուած համագումար մը պիտի կայանայ Նիւ Եորքի մէջ, հաղորդեց «Ռուսիա Եոմ» կայանը` արաբական վեհաժողովի աղբիւրներուն վերագրելով իր տեղեկութիւնները:
Համագումարը պիտի քննարկէ յետպատերազմեան Սուրիոյ վերակառուցման ծրագիրներու դասաւորումը:


