Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վիգէն Զաքարեանի Ծննդեան 44-րդ Տարեդարձին Ի Յիշատակ. Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլէճի Ուսուցիչներ Կ՛ոգեկոչեն Արցախեան Յաղթական Պայքարին 25-ամեակը

March 22, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իւրայատուկ եւ դաստիարակիչ նախաձեռնութեամբ մը, Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը արցախեան պայքարի 25-ամեակին նուիրուած իր ձեռնարկը կազմակերպեց 15 մարտ 2013-ին, նահատակ Վիգէն Զաքարեանի ծննդեան 44-րդ տարեդարձին օրը, ներկայութեամբ նահատակին ընտանեկան պարագաներուն եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քէպապճեանի:

Ձեռնարկին իւրայատկութիւնը կազմեց այն իրողութիւնը, որ ընկալեալ սովորութեան համաձայն,  փոխանակ աշակերտներ հանդէս գալու գեղարուեստական յայտագրով, այդ օր քոլեճին ուսուցիչները աշակերտութեան դիմաց հանդէս եկան արցախեան պայքարին հայ ուսուցիչին յանձնառութիւնը արտայայտող գեղարուեստական ելոյթներով, ինչ որ տպաւորիչ նորութիւն էր աշակերտութեան համար:

Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւներու քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, ձեռնարկին բացումը կատարեց քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան: Ան ըսաւ, որ արցախեան յաղթական պայքարը արտակարգ երեւոյթ էր մեր նորագոյն պատմութեան մէջ, որովհետեւ ան կը դարբնէր տիպարը նոր հայու, որ գիտէր յաղթել եւ իր իրաւունքներուն, հողին ու հայրենիքին վերատիրանալ: Նման արտակարգ երեւոյթի մը ոգեկոչումը, շարունակեց ան,  կ՛ենթադրէր արտակարգ ձեռնարկ մը` թէ՛ իր հիւրերով եւ թէ՛ մասնակիցներով: Առ այդ, նպատակայարմար նկատուեցաւ ձեռնարկին հրաւիրել արցախեան պայքարի նահատակ Վիգէն Զաքարեանի ընտանիքը, հայ մօր տարուան առիթով պատուելու համար նահատակին մայրը` իր հերոս զաւկին ծննդեան 44-րդ տարեդարձին օրը: Իբրեւ օրուան բանախօս` հրաւիրուեցաւ քոլեճի նախկին աշակերտ, ուսուցիչ, այժմ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մերձաւոր Արեւելքի ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանը, որ սոֆիայակոբեանականի իր կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը Ղարաբաղի ի նպաստ դրած է անսակարկ կերպով:

Օրուան յայտագրին անդրադառնալով` տնօրէն Վիգէն Աւագեան յայտնեց, որ հայ ուսուցիչը միայն դաս եւ գիտութիւն փոխանցող չէ, այլ ան դաստիարակ է, ազգային ջիղ, ոգի եւ կրթութիւն ջամբող մարդ է: Ուսուցիչը իր անձին օրինակով կը ներշնչէ իր աշակերտները: Վիգէն Զաքարեան մարզանքի  ուսուցիչ էր, գերագոյն զոհաբերութեան արժանանալով` ան իր անձին օրինակով մեծագոյն դասը տուաւ իր աշակերտներուն: Հետեւաբար, ընդգծեց տնօրէն Աւագեան, քոլեճին ուսուցիչները իրենց կոչումին գիտակից` իրենք կը ներկայացնեն ձեռնարկին յայտագիրը` խօսուն ապացոյցը տալով քոլեճի աշակերտութեան իրենց ջամբած հայաշունչ դաստիարակութեան:

Տնօրէն Վիգէն Աւագեանի բացման խօսքէն ետք հանդէս եկան քոլեճի երգի ուսուցչուհի Գայեանէ Մարկոսեան երգով` «Ղարաբաղ իմ չքնաղ», հայերէնի դասատու Մատլէն Վարդանեան ասմունքով` «Եռագոյնը Շուշուայ բերդին վրայ»: Քիմիագիտութեան ուսուցիչ Վիգէն Տիշչէքէնեան ակամայ բացակայ ըլլալով` ձեռնարկին ներկայացաւ յեղափոխական երգերու իր մէկ տեսերիզով: Քոլեճին պարի ուսուցչուհի Նանօր Քէլէշեան ներկայացուց նազպար մը, իսկ ընդհանուր հսկիչ Ռոպէր Քիւրտեան կատարեց Վիգէն Զաքարեանի յիշատակին նոր երգ մը:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մերձաւոր Արեւելքի ներկայացուցիչ Կարօ Քէպապճեան: Ան ըսաւ, որ իր ուսանողութեան տարիներուն Ղարաբաղը անծանօթ անուն մըն էր շատերուն, այսօր սակայն ան ազատագրուած, անկախ երկիր է` 12 հազար քառ. քմ-ով: Հայութիւնը անցնող 25 տարիներուն նուաճեց երկու յաղթանակ. Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ Արցախի Հանրապետութեան կերտումը: Մեր յաղթանակը, սակայն, ամբողջական չի կրնար ըլլալ առանց երրորդ յաղթանակին` Արեւմտահայաստանի ազատագրումին, շեշտեց Քեպապճեան:

Շարունակելով` Քեպապճեան հաստատեց, որ կարեւորը ճակատամարտ մը շահիլը չէ, այլ պատերազմը յաղթելն է: Մեր պատերազմը երկար է, եւ մենք պէտք ունինք իւրաքանչիւր աշակերտի ջանքին ու աշխատանքին: Այսօր, ըսաւ Քեպապճեան, կարեւորը միլիոնները չեն, այլ մարդն է, մակարդակն է, որակն է, պէտք է որակ ունենալ, լաւ աշխատիլ, լաւ սորվիլ, լաւ կրթութիւն ստանալ, մտքով, մարմնով ու հոգիով պատրաստուելու համար հայութեան գալիք ճակատամարտերուն:

Յաղթանակը միայն նիւթական ձեւ չունի, յայտնեց Քեպապճեան, յաղթանակը կրնայ ըլլալ նաեւ հաւատքով ու տեսիլքով, այլապէս ինչպէ՞ս բացատրել 150 հազար ղարաբաղցիներու յաղթանակը 7 միլիոն ազերիներու դէմ: Նորահաս սերունդը կոչուած է իր կեանքին մէջ անպայման յաջողելու եւ իր յաջողութենէն Ղարաբաղին բաժին հանելու, հայութեան եւ հայրենիքին յաջողութեան նպաստելու: Անձնասէրներ տեղ չունին մեր մէջ: Ո՛վ որ իր ունեցածէն ազգին ու հայրենիքին կու տայ, կ՛անմահանայ: Այսպէս անմահացաւ Վիգէն Զաքարեան, երբ իր կեանքը զոհեց իր ժողովուրդի յարատեւութեան համար: Վիգէնը անմահացաւ, ժողովուրդը յաւերժացաւ: Իսկ Վիգէնը եւ նմանները կը կերտուին դաստիարակութեամբ ու զոհողութեամբ: Առանց դաստիարակութեան` ո՛չ յաղթանակ կրնայ ըլլալ, ո՛չ ալ հայրենիք:

Պատգամին աւարտին, Կարօ Քեպապճեան քոլեճի տնօրէնութեան նուիրեց անկախ Արցախի դրօշը: Իր կարգին, տնօրէնութիւնը պատգամախօսը պատուեց յուշանուէրով մը: Այլ յուշանուէր մըն ալ փոխանցուեցաւ նահատակ Վիգէն Զաքարեանի մօր` ի յիշատակ նահատակին ծննդեան 44-րդ տարեդարձին:

Ձեռնարկը վերջ գտաւ քոլեճին քայլերգով եւ ազգային բարձր տրամադրութեամբ:

 

 

Նախորդը

Դպրեվանեցիներ Թմրեցուցիչներու Դէմ Պայքարի Սեմինարի Կը Մասնակցին

Յաջորդը

Էն. Պի. Էյ. Հիթ Արձանագրեց Իր 24-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
Գործակցութեամբ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ»  Կոմիտէութեան Եւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի  Մասնաճիւղի Վարչութեան.  Լիբանանի Անկախութեան Տօնի Նշում
Գաղութային

Գործակցութեամբ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէութեան Եւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Մասնաճիւղի Վարչութեան. Լիբանանի Անկախութեան Տօնի Նշում

November 24, 2026
Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններ.  Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակին Առիթով  Զինուորական Ցուցադրութիւն
Գաղութային

Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններ. Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակին Առիթով Զինուորական Ցուցադրութիւն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.