Երէկ «Երկիր Մետիա» հաղորդեց, որ Ֆրանսայի խորհրդարանի շարք մը երեսփոխաններ եւ պաշտօնեաներ ստորագրած են Արցախի խորհրդարանին հետ բարեկամութեան խմբակ մը ստեղծելու վերաբերեալ փաստաթուղթ մը:
Խմբակին մէջ պիտի ընդգրկուին Մարսէյի առաջին փոխքաղաքապետ Ռոլանտ Պլում, Վալերի Պուայէ եւ ուրիշներ:


