Ուրբաթ, 15 մարտին Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ նախագահական նախկին թեկնածու Րաֆֆի Յովհաննէսեանի կողմնակիցներու հանրահաւաքը, զոր վարեց Ժառանգութիւն կուսակցութեան վարչութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեան:
Արմէն Մարտիրոսեան դիտել տուաւ, որ թէեւ քաղաքացիներուն անհանգստութիւնը` Յովհաննէսեանի հացադուլին գծով հասկնալի է, սակայն Յովհաննէսեան հաւաստիացուցած է, որ այդպիսով նախկին թեկնածուին կամքն ու պայքարի ձգտումը կը զօրանայ:
Մարտիրոսեան նաեւ հաղորդեց, որ ընդդիմութեան կողմնակիցներուն հաստատմամբ, 15 մարտէն պիտի սկսի ստորագրահաւաքը հետեւեալ գրութեան տակ. «Ես` Հայաստանի քաղաքացիս, ողջունում եմ նորընտիր նախագահ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի պայքարը, պատրաստ եմ ամէն կերպ աջակցել նրան, այդ թւում` մասնակցել ապրիլի 9-ի բողոքի ցոյցին»:
Րաֆֆի Յովհաննէսեան խօսք առնելով նշեց, որ պայքարը կը պատկանի ամբողջ հայ ժողովուրդին եւ «ես միայն մի մասնիկն եմ այս ամէնի»: Անոր համաձայն, ժողովուրդը ոչ մէկ քայլ պիտի առնէ առանց իրեն, եւ ինք ալ ոչ մէկ քայլ պիտի առնէ առանց ժողովուրդին:
«Սրանից յետոյ ոչ միայն գործադիրը, այլեւ` դատական համակարգը պէտք է ձեւաւորուի մեր կողմից` ժողովրդի կողմից», ըսաւ ան:
Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն գծով Ր. Յովհաննէսեան յայտնեց, որ ինչպէս մասնակցեցան նախագահական ընտրութիւններուն, այնպէս ալ պիտի մասնակցին այդ ընտրութիւններուն, «որի ժամանակ իշխանութիւնը լինելու է ժողովրդինը»:
«Ժառանգութիւնը իր ցուցակը ներկայացնելու է յաջորդ շաբաթ. Երեւանի քաղաքապետը լինելու է ժողովրդից մէկը: Երեւանը վերադարձուելու է ժողովրդին», ըսաւ ան` աւելցնելով, թէ մանրամասնութիւնները պիտի տրուին յաջորդ «յաղթահաւաքի» ժամանակ:
Սահմանադրական դատարանին տուած որոշումին անդրադառնալով` Յովհաննէսեան ըսաւ. «Մենք Սահմանադրական դատարան դիմեցինք ոչ թէ պատրանք տածելով, այլ հնարաւորութիւն տալով, որ Սահմանադրական դատարանը իր յետագիծը մաքրի եւ լինի իսկապէս Սահմանադրական դատարան», յայտնեց Րաֆֆի Յովհաննէսեան:
Ր. Յովհաննէսեանի համաձայն, Սահմանադրական դատարանը չյանձնեց իր քննութիւնը եւ հերթական անգամ դարձաւ «գործադիրի կցորդը». «Ես կարծում եմ, որ կեղծ դատավճիռի պատճառով Սահմանադրական դատարանը նոյնպէս պէտք է փոխուի»:
Խօսելով Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան նախագահ Մարթենսի արձագանգի մասին` Ր. Յովհաննէսեան նշեց, որ Մարթենս սխալած է, անոր դատողութիւնը հիմնուած է սուտի, կեղծիքի, ընտրագողութեան վրայ:
«Եթէ սա է Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութիւնը, եթէ սա է Եւրոպան, ապա Հայաստանն ընդհանրապէս պէտք է կապ չունենայ այդ կառոյցների հետ», յայտնեց Ր. Յովհաննէսեան:


