Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը օրէնսդրական հարցերով տնօրէն Րաֆֆի Քարաքաշեան Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յատկացումներու յանձնախումբին կոչ ուղղած է` մեծցնելու Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի, Ջաւախքի եւ Սուրիոյ յատկացուող օգնութիւնը:
Մասնաւորաբար, Քարաքաշեան յանձնախումբին ներկայացուցած է արտաքին օգնութեան եւ քաղաքականութեան վերաբերող զեկուցում մը, ուր կ՛առաջարկուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան յատկացնել առնուազն 5 միլիոն տոլարի ելեւմտական օգնութիւն:
Կոչ կ՛ուղղուի նաեւ հետամուտ ըլլալու Միացեալ Նահանգներու եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ առանց խոչընդոտներու յարաբերութիւններու հաստատման եւ աջակցելու արցախեան հիմնախնդիրին շուրջ Մինսքի խմբակի բանակցային հոլովոյթի աշխուժացման: Քարաքաշեան նաեւ յիշեցուցած է 1992-ին որդեգրուած Ազատութեան աջակցութեան օրէնքի 907-րդ կէտը, ըստ որուն, Միացեալ Նահանգներ դէմ են ազրպէյճանական շրջափակման եւ յարձակողապաշտ գործողութիւններուն` ընդդէմ Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի, եւ առաջարկած է կասեցնել Ազրպէյճանին յատկացուող զինուորական օգնութիւնը:
Զեկուցումին մէջ կ՛առաջարկուի շուրջ 50 միլիոն տոլարի ելեւմտական աջակցութիւն տրամադրել Հայաստանին` տնտեսութեան զարգացման համար, իսկ Վրաստանին յատկացուող օգնութեան 10 առ հարիւրը ուղղել Ջաւախքի զարգացման` այդ ձեւով խթանելով տարածքին մէջ աշխատատեղիներու ստեղծումը եւ աղքատութեան կրճատումը: Քարաքաշեան նաեւ կ՛առաջարկէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին յատկացումներու արդարացի բաշխում` Սուրիոյ կարիքաւոր բնակչութեան:


